Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին, որովհետեւ 374-ին տեղի ունեցաւ Պապին սպանութիւնը, շատ մը եղելութիւններէ ետքը, իսկ իբր ամսաթիւ նշանակուած է հրոտից ամիսը եւ Հինգշաբթի օր (ՍՈՓ. Զ. 112), եւ շարժական տոմարի Հինգշաբթի կը հանդիպին հրոտից 5, 12, 19, 26 օրերը։ Աւգերեան ճառընտիրէ մը առնելով հրոտից 5-ին կը դնէ Ներսէսի մահը (ՎՐՔ. Գ. 393), եւ այս յարմարութիւնը իբր ստուգութիւն կ’ընդունինք նշանակեալ թուականին, որ 373-ին կը համապատասխանէ Յուլիս 25-ին։ Հետեւաբար պէտք չենք զգար փնտռել, թէ ինչո՞ւ ուրիշ մը նաւասարդի 30 է յիշած, եւ ինչո՞ւ հին ճաշոցը տրէի 11-ին է նշանակած տօնը։ Ներսէսի մարմինը արքունական շքեղութեամբ, եւ թագաւորին եւ նախարարաց բազմութեան եւ եկեղեցական դասակարգութեանց ընկերակցութեամբ թաղուեցաւ Թիլ աւանը, Արիստակէսի գերեզմանին մօտ, ուր կանուխէն թաղուած էր Սանդուխտը, Ներսէսի վաղամեռիկ ամուսինը (§ 116), եւ այս էր հարկաւ Թորդանի մեծ դամբարանը չտարուելուն պատճառը։ Արիստակէսն ու Ներսէսը անուննին տուած են Երզնկայի Ջուխտակ-Հայրապետ վանքին (§ 86)։ Թիլայ կաթողիկէն կործանեցաւ Է. դարու աւերածներուն ժամանակ, եւ Ներսէսի գերեզմանը անյայտացաւ, մինչեւ որ 1275-ին ատենները (ՍՈՓ. Է. 44) յայտնուեցաւ Պատուական սարկաւագի (ՍՈՓ. Է. 56), եւ ոսկորները Սարգիս արքեպիսկոպոսի ձեռօք քաղաք փոխադրուեցան, մէկ մասը դրուեցաւ Երզնկայի եկեղեցին, եւ մէկ մասը Տիրաշէնի վանքը (ՍՈՓ. Է. 64), որ Ս. Ներսէսի անունը կը կրէ, եւ կը գտնուի Երզնկայի Քի գիւղին մօտ։ Յովհաննէս վարդապետ Երզնկացի փառաւորած է Ներսէսի յիշատակը յատուկ շարականերով (ՇԱՐ. 3) եւ նոյնը կ’երեւի նորա նշխարաց գիւտին պատմիչն ալ։ Ներսէսի յիշատակը տօնելի է Լուսաւորչի որդիներէն եւ թոռներէն զատաբար։ Ներսէսի գործունէութիւնը եւ արդիւնքները արժանացուած են զայն Մեծ անուանակոչման, որով կը ճանչցուի պատմութեան մէջ։ Իր գլխաւոր արժանիքը կը կազմեն, եկեղեցական եւ բարոյական եւ քաղաքական կեանքի բարեկարգիչ ըլլալը, եւ Լոսաւորչէն ետքը կրկին կենցաղական կերպարանքը փոխելը, որով ինչպէս ըսինք (§121), Լուսաւորիչ սրտից կոչուելու արժանացաւ։ Մահուան ատեն նա 45 տարեկանէ մեծ եղած չէ, եւ եթէ այդ տարիքին մէջ ընդարձակ գործունէութիւն կրցաւ ունենալ, զարմանալի չէ, որովհետեւ շատ կանուխէն, 25 տարեկան աթոռ բարձրացաւ, եւ 20 տարի հայրապետութեանց միջոց ունեցաւ։ Մեր օրերն ալ անոր նմանութիւնը ունեցանք Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի վրայ, որ 47 տարեկան վախճանեցաւ հիւծիչ ախտով մը, երկարատեւ գործունէութեան համբաւ ձգելով, վասնզի 25 տարեկան եպիսկոպոս ձեռնադրուած ու անկէ ալ առաջ գործի գլուխ անցած էր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք