ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր պարագաներ կը տեսնուին։ Նախ, որ բռնութիւնք եւ սպանութիւնք օտար էին Պապի բնաւորութենէն, եւ արդէն ալ վատասերած եւ կնամարդի եւ խենէշ անձերու բնական չեն այսպիսի խժդժութիւնք, եւ ինչ որ ուրիշի վրայ չէր ըրած, հայրապետի վրայ ընելու համարձակութիւն չէր ունենար։ Պապ քանի տարիներէ ի վեր վարժուած էր Ներսէսէ հեռու ապրիլ, ու անոր խօսքերը անարգել. Ներսէսի ըլլալը կամ չըլլալը իրեն համար անտարբեր պէտք էր ըլլար։ Ասոնցմէ աւելի դիտելու արժանի է, որ եթէ Ներսէս բաժակին թունալից ըլլալը իմացաւ ու նորէն խմեց, եւ եթէ թոյնը թափելու համար տրուած դեղերը մերժեց ու չառաւ, ոչ թէ Պապը մարդասպան, այլ յաւէտ Ներսէսը անձնասպան պէտք կ’ըլլար ըսել։ Պապին շուրջը գտնուող աւագանին ալ եւ Ներսէսի հաւատարիմ աշակերտներն ալ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ բաժակին թունաւոր ըլլալը կը լռեն եւ խմելը չեն արգիլեր, եւ խաղաղ հոգւով թունաւորուած հայրապետը իրեն օթեւանը կը տանին եւ ժամերով անոր քարոզներն ու աղօթքները կը լսեն, եւ մահը արգիլելու փոյթ չեն ցուցներ։ Ասոնք այնպիսի դիտողութիւններ են, որ թունաւորման պատմական ստուգութիւնը կը ջնջեն։ Մեր կարծիքով շատ աւելի ուղիղ կերպով կը մեկնուին յիշուած պարագաները, եթէ ըսենք թէ Ներսէս սիրտի կամ թոքերու անբուժելի ախտով հիւանդ էր, ինչ որ իր գործերու ոճէն եւ թափէն ալ կը մակաբերուի։ Պապի հացկերոյթը իր յոգնութիւններով, եւ թերեւս յուզումներով ալ պատճառ եղաւ վերջնական թափի, կամ ինչպէս կ’ըսէն նոպայի մը, եւ յանկարծակի տագնապը թունաւորման վերագրուեցաւ, ինչպէս մեր օրերն իսկ այդ կասկածը կը ծագի ամէն անակնկալ դիպուածի մը առթիւ։ Ներսէս գիտցաւ զայն, եւ իր վերահաս մահը գուշակեց, աննպատակ եւ աննշանակ դարմանները մերժեց, վասնզի անտեղի եւ անօգուտ ըլլալնին գիտէր, կուրծքին վրայի կապոյտ բիծն ալ, արիւն փսխելուն պարագան ալ, ախտի նշաններ էին, եւ ոչ թէ թոյնի։ Կրնանք ապաքէն չարագուշակ համարիլ Պապի հացկերոյթը, այլ ոչ դաւաճան, որով ոչ Պապը մարդասպան ըսել պէտք կ’ունենանք, եւ ոչ Ներսէսը անձնասպան կարծել անխորհուրդ պատմութիւններով։

Հատկորոշիչներ՝ կաթողիկոս, մահը, մեծ, Ներսէս, Պապ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...