ԱՆՁՆ ՈՒ ԱՆՈՒՆԸ (157)

Ներսէսի մահը մեծ տպաւորութիւն գործեց Հայաստանի ամէն կողմերը։ Թէ տարիքին կողմէ անակընկալ էր անոր վախճանը, եւ թէ կացութեան կողմէ անհրաժեշտ էր անոր կեանքը ձախող կասկածներ ալ պակաս չէին մահուան պատճառին վրայ։ Ուստի Պապ թագաւոր տեսեալ սգացեալ զամենայն Հայս, պէտք զգաց հայրապետական աթոռը թափուր չթողուլ։ Բնական կերպով ընտրելի կը ներկայանար Ներսէսի Սահակ որդին, որ իբր 25 տարեկան երիտասարդ մըն էր, սակայն ներկայ չէր, եւ տակաւին զարգացման փափաքով Բիւզանդիոն կը գտնուէր, եւ զայն հաճեցնել ու բերել եւ աթոռ բարձրացնել ժամանակի կը կարօտէր, մինչ պարագաները կ’պահանջէին անմիջապէս ունենալ։ Ուստի հարկաւորեալ յուզեաց, բռնադատուեցաւ կերպ մը գտնել եւ եգիտ զոմն յազգէ եւ ի ժառանգութենէ Աղբիանոսի, որում Շահակ կոչիւր (ԽՈՐ. 228)։ Այդ բացատրութեանց մէջ ալ կը գտնենք ժառանգական արժանեաց սկզբունքը, եւ երբ Լուսաւորչի տունէն հայրապետացու կը պակսի, անմիջապէս Աղբիանոսի տունէն հայրապետ դնելնին Բուզանդ ալ կ’ընդունի, բայց անունը կը փոխէ, որովհետեւ կը գրէ, թէ՝ կացոյց թագաւորն Պապ զՅուսիկ եպիսկոպոս, որ էր ի զաւակէ Աղբիանոս եպիսկոպոսին Մանազկերտոյ (ԲԶՆ. 232)։ Բուզանդի հետեւողութեամբ Միխայիլ Ասորի ալ Յուսիկ իր ցուցակին անցուցած է (ՔԱՀ. 34)։ Այս կտորը բաւական եղած է նորերէն ոմանց նոր կաթողիկոս մը աւելցնել հայրապետական գաւազանագիրքին Յուսիկ Բ. անունով, բայց մեր կարծիքով առանց բաւական փաստի։ Որովհետեւ տասնըհինգի չափ կաթողիկոսական ցուցակներէն ամէնքն ալ Ներսէսին կը նշանակէն Շահակը, եւ բնաւ մէկը Յուսիկի անունը չունի։ Նոյնինքն Բուզանդ ալ Ներսէսի եւ Զաւէնի մէջտեղ միայն մէկ անուն կը դնէ, որով ինքն իսկ միտք բացած կ’ըլլայ Շահակ եւ Յուսիկ անունները նոյնացնելու։ Իրօք ալ այդ նոյնացումը ընելու համոզիչ փաստ մը ունինք Բարսեղ Կեսարացիի թուղթերուն մէջ գտնուող 32 եպիսկոպոսներու նամակէն, զոր արդէն յիշեցինք (§ 151)։ Եպիսկոպոսներու կարգին 28-րդ անունը, որ լատիներեն Isacis գրուած է, յունական բնագիրին մէջ Iosacis կը գրուի, կամ մեր տառերով Իսաակ կամ Իսսակ, որոնք տառադարձութեան օրէնքով կը լինին, առաջինը Սահակ կամ Շահակ ասորական հնչմամբ, եւ երկրորդը Յուսակ՝ որ եւ Յուսիկ, համազօր ակ եւ իկ մասնիկներու փոխանակութեամբ։ Ինչ ալ ըլլայ Բարսեղի նամակին յունարէն եւ լատիներէն օրինակներու միջեւ տեսնուած տարբերութեան պատճառը, Շահեկը Յուսիկի փոխուած ըլլալը իրողութիւն մըն է, եւ փաստ կը դառնայ մեր պարագային մէջ ալ նոյն բանը հաստատելու։ Ըլլայ ուրեմն տառադարձութեան շփոթ, կամ գրչադիրի սխալ, կամ նմանաձայնութեան հետեւանք, մենք իրաւունք կ’ունենանք պնդելու, թէ Ներսէսին ետքը Շահակ եւ Յուսիկ զատ զատ կաթողիկոսներ չեղան, այլ Բուզանդի Յուսիկը միեւնոյն անձն է Խորենացւոյն եւ բոլոր գաւազանագիրքերուն Շահակին հետ։ Այրիվանեցիին ցուցակին մէջ Ներսէսի յաջորդին անունը գրուած է Չոնակ, որ է Ներսէս բացակայութեան՝ անոր տեղը գործողին Բուզանդէ տրուած անունը (§ 132)։ Այդ պարագային քաղեցինք արդէն Ներսէսի տեղակալին եւ Ներսէսի յաջորդին նոյն անձը ըլլալը, եւ զայն այս անգամ ալ կը կրկնենք, թէ Ներսէսէ առաջ, եւ Ներսէսի բացակայութեան տեղակալութիւն վարող Շահակն էր, որ վերջապէս կաթողիկոսական աթոռ ալ կը բարձրանար, իբր Աղբիանոսեանց տան գլխաւորը, որք Մանազկերտացիք ալ կոչուեցան (ՓԱՐ. 110), իրենց տանուտէրական եւ եպիսկոպոսական գաւառին անունով։ Գաւազանագիրք մը սոյն Շահակը Աղբիանոսի եղբայր կը նշանակէ (ՍԱՄ. 273), սակայն անհնար է ընդունիլ, որ 303ին եպս. ձեռնադրուող Աղբիանոսի եղբայր կարենայ ըլլալ 373-ին կաթողիկոս եղող Շահակը, որ գոնէ 70 տարեկան ենթադրուած ատեն ալ, պէտք էր նորածին ըլլար Աղբիանոսի ձեռնադրուած տարին։ Եւ ոչ իսկ Աղբիանոսի որդի ըսելու հարկ կը տեսնենք, քանի որ սովորաբար յազգէ եւ ի ժառանգութենէ (ԽՈՐ. 228), կամ՝ ի զաւակէ (ԲԶՆ. 232) Աղբիանոսի կ’ըսուի, մինչ որդի Աղբիանոսի ըսուած կ’ըլլար եթէ ուղղակի զաւակը ըլլար։ Տարիքին կողմէ 70-է վեր պէտք է դնել Շահակը, որ 352-ին արդէն տեղակալութիւն վարած էր, եւ որ կարճ միջոց մը միայն կրցաւ հայրապետական պաշտօն վարել։

Հատկորոշիչներ՝ Աղբիանոս, Յուսիկ, Ներսէս, Շահակ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ (165)

Պապի դաւաճանութեամբ սպանուելէն ետքը, պահ մը...

ՊԱՊԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (164)

Խորենացի Պապի անօրէնութիւններէն տեղեկութիւն...

ՊԱՊԻ ԿԵՆՑԱՂԸ (163)

Շահակի հայրապետութեան առաջին տարին Պապի...