ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ (132)

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի իշխանազուն, եւ թէ իբր եկեղեցական իշխանութեան պետ, որ հոգեւորական, կրթական, բարեգործական եւ դատական գործերու վրայ գերագոյն ձեռնհասութիւն ունէր։ Ինչպէս հեթանոսութեան ժամանակ քրմապետներ անհրաժեշտ բաժին մը ունէր երկրին վարչութեան մէջ, նոյն իրաւունքը կը վայելէին հայրապետներն ալ։ Հետեւաբար Ներսէսի բացակայութիւնը զգալի դատարկ մը կը ձգէր արքունեաց, կամ այն ատեն գործածուած բառով, արքունական բանակին մէջ, ինչ որ դժուարին դիրքի մը կը դնէր թագաւորը, եւ պէտք էր դարման մը ճարել։ Հարկաւ միանգամ եւ երկիցս դիմումներ եղան Ներսէսի, բայց նա շուտով տեղի տուող բնաւորութիւններէն չէր, եւ չէր ալ կրնար ըլլալ, ցորչափ կացութիւնը չէր պարզուեր։ Բուզանդի պատմութեան համեմատ փոխանակ Ներսիսի զՉոնակ ոմն անուն կացուցին գլուխ քրիստոնէութեան (ԲԶՆ. 127), որուն կը ձայնակցի կենսագիրը, թէ՝ Արշակ եգիտ զոմն ի դրան քահանայից իւրոց, որում անուն էր Չոնակ, եւ կոչեաց զեպիսկոպոսունս աշխարհին զի ձեռնադրեսցեն զնա եպիսկոպոսապետ Հայոց, եւ թէ միայն երեք եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեամբ՝ Չոնակ եղաւ կաթողիկոս Հայոց։ Երեք ձեռնադրողներն եղան Գէորգ Գառնոյ, Տաճատ Աղձնեաց եւ Սիմէոն Անձեւացեաց եպիսկոպոսները, թէպէտ բոլոր մնացեալ եպիսկոպոսներ ոչ հաւանեցան նմա (ՍՈՓ. Զ. 66)։ Իսկ Խորենացին ո՛չ Չոնակը կը յիշէ, եւ ո՛չ Ներսէսի տեղ ուրիշ հայրապետ կը ճանչնայ, այլ միայն կ’ըսէ, թէ՝ Ներսէս գնացեալ նստաւ ի սուգ աւուրս բազումս (ԽՈՐ. 210), եւ թէ՝ վերջէն Արշակի աղաչանքով հաւանեալ մեծն Ներսէս եկն ի մէջ նոցա (ԽՈՐ. 216)։ Արդ, Ներսէս վախճանած չէր, հրաժարած չէր, աթոռը պարապ չէր, որ նոր կաթողիկոս մը ձեռնադրուէր։ Միւս կողմէն Բուզանդ, որ ամէն պարագայի մէջ պէտք կը տեսնէ կաթողիկոսները Կեսարիա տանիլ ձեռնադրուելու համար, պիտի չկրնար իբր կաթողիկոս ընդունիլ մէկը, որ Կեսարիա չ’երթար, որ բոլոր հայ եպիսկոպոսներէն չ’ընդունուիր, եւ միայն երեք հայ եպիսկոպոսներէ ձեռնադրութիւն կը ստանայ։ Դարձեալ, տակաւին զօրաւոր էր Հայոց մէջ ժառանգական արժանեաց նախապաշարումը, եւ յայտնի են Լուսաւորչի սերունդէն կաթողիկոս ունենալու հաստատուն կամքը, եւ անոր պակասութեան կամ Լուսաւորչի հոգեւոր զաւակներուն եւ կամ Աղբիանոսեան սերունդին դիմելու սովորութիւնը, որով բացարձակապէս անհնար է ընդունիլ, որ որեւէ սինլքոր երէց մը, ստրուկ ի ստրկաց արքունի (ԲԶՆ. 127) կաթողիկոսութեան կոչուի, եւ ազգն ալ այդ ընտրութեան հանդուրժէ։ Վերջապէս Բուզանդի պատութենէն յայտնի չէ, թէ քիչ ետքը ի՞նչ կ’ըլլայ այդ Չոնակ կաթողիկոսը, որ ասուպի մը պէս կ’երեւի եւ առանց հետք թողելու կ’անհետանայ պատմութեան մէջ։ Այդ տեսութիւնները բաւական են ապացուցանել, թէ Չոնակ անունով կաթողիկոս մը երբեք եղած չէ։ Միւս կողմէն արքունեաց կաթողիկոսական գործերը վարող եւ անոր դերը լրացնող մէկը պէտք էր, եւ այս իրաց կարգով Աղբիանոսեան տունին գլխաւոր եպիսկոպոսը պիտի ըլլար, որ սովորաբար իբր եպիսկոպոսական դասուն առաջին, կաթողիկոսին բացակայութեան անոր տեղակալութիւնը կը վարէր (§ 118)։ Ներկայ աթոռին մէջ ալ պէտք է ճանչնանք միեւնոյն Աղբիանոսեանց կամ Մանազկերտացւոց տոհմին գլուխն ու առաջին եպիսկոպոս Շահակը, որ Փառէնէ ետքը տեղակալութիւն վարած էր, եւ նոյն իրաւամբ Ներսէսի բացակայութեան ալ հայրապետական տեղակալութիւնը կը վարէր, եւ կը դադարէր՝ երբոր Ներսէս պետական գործերու վարչութիւնը կը ստանձնէր։ Անունն իսկ մեր կարծիքով միեւնոյնն է, եւ միայն տառերու շփոթ ընթերցմամբ կամ աղաւաղ գրութեամբ ՇԱՀԱԿ եղած է ՉԱՆԱԿ, ինչպէս գրչութեանց նմանութիւնն ալ կը ցուցնէ։ Մեր կարծիքին փաստ մը կը մատակարարէ Այրիվանեցին ալ, որ կաթողիկոսաց ցանկին մէջ Ներսէսէն ետքը նստող Շահակ կաթողիկոսին անունը Չոնակ կը գրէ (ԱՅՐ. 16)։ Հետեւաբար կրնանք համարձակ ըսել, թէ միեւնոյն Շահակ Մանազկերտացին է, որ Ներսէսէ առաջ եւ Ներսէսի բացակայութեան, երկու անգամ տեղակալութիւն վարեց, եւ Ներսէսէ ետքը կաթողիկոս ընտրուեցաւ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...