Խորենացի այդ պատերազմին հետ կը կապէ ուրացեալ Մեհրուժանի մահը, թատերական կերպարան մըն ալ տալով եղելութեան։ Կը պատմէ, թէ Ձիրաւի օրը Մեհրուժան՝ ձիուն վիրաւորուելը չկրցաւ փախչիլ, եւ Կոգովիտ, այժմ Պայազիտ գաւառի մէջ, շամբին մօտ ձերբակալուեցաւ Սմբատ Բագրատունիէ, որ չուզեց զայն բանակ բերել, կասկածելով Ներսէսի գթութենէն։ Այն նոյն տեղը միս խորովողներուն ձեռքէն շամփուր մը խլեց, ատրաշէկ դարձուց, եւ բոլորելով Մեհրուժանի գլուխը անցուց, ըսելով, թէ՝ իբրեւ թագակիր ասպետ, զինքը Հայոց թագաւոր կը պսակէ, եւ այնպէս սատակեցաւ չարն (ԽՈՐ. 227)։ Իսկ Վահանի մահուան մասին յիշատակութիւն չունի։ Բուզանդ Վահանի համար կ’ըսէ, թէ՝ իր իսկ Սամուէլ որդին սպաննեց Վահանը ու անոր Որմիզդուխտ կինը, եւ ինքն ալ Խաղտեաց լեռները փախաւ (ԲԶՆ. 184)։ Իսկ Մեհրուժանի կեանքը կ’երկարէ իբր 10 տարի եւս, եւ Մանուէլ Մամիկոնեանի եւ Բաբիկ Սիւնիի ձեռօք սպաննուած կ’ըսէ ուրիշ պատերազմի մէջ (ԲԶՆ. 261)։ Ամմիանոս ընդհակառկն շատ կանուխ սպաննուած գիտէ Կիւլակէսն ու Արտաւանը, զորս արդէն Մեհրուժանի ու Վահանի հետ նոյնացուցինք (§ 140)։ Նորա պատմութեան համեմատ, այս երկուքը Արտագերից պաշարման ատեն բանակցութեան համար բերդը մտան, Փառանձէմը խաբէութեամբ ձեռք ձգելու համար, բայց լսելով թագուհւոյն ողբն ու վիշտը եւ ազգային վտանգին մասին խօսածները, իրենք վաստկուեցան Պարսից կողմը թողուլ եւ Հայոց դատը պաշտպանել։ Ուստի բերդէն ելլելէն ետքը հնարքով մը պաշարող Պարսիկները ջարդել տուին, եւ իրենք գացին Պապին հետ միացան, եւ հինգ ամիս ալ անոր հետ յաջողութեամբ պատերազմեցան Խաղտեաց լեռներուն մէջ։ Շապուհ նեղի մտած նենգութեան դիմեց, եւ քսուներու ձեռօք այնչափ պղտորեց Պապի միտքը, որ վերջապէս երկուքն ալ սպաննել տալով, գլուխները Շապուհի ղրկեց (ԱՄՄ. 426-428)։ Այսուհանդերձ իդէպ է մտածել, թէ Պապ Շապուհի շատ վրայ իյնալէն կասկածելով, եւ անոնք իրեն մօտ անոր լրտեսները կարծելով, ուզեց սպաննել, եւ գլուխներն ալ Շապուհի ղրկեց՝ իբր լռելեայն յանդիմանութիւն։ Որն եւ ըլլայ այդ սպանութեան նպատակը, դժուար է բոլորովին ներքին մի պարագայի վրայ արտաքին վկայութիւնը նախադասել, որովհետեւ մեր պատմագիրներուն մէջ Մեհրուժանի եւ Վահանի դարձի եկած ըլլալուն բնաւ նշանը չկայ։ Ամմիանոս ալ Կիւլակէսի եւ Արտաւանի սպանութիւնը կրկին անգամ յիշած ատենը, որպէս լուաք վերապահութիւնը կ’աւելցնէ (ԱՄՄ. 497)։ Նմանօրինակ պարագայ մը ունինք Բուզանդէ պատմուած Հայր Մարդպետի վրայ, որ Փառանձէմի Արտագերից մէջ գտնուած ատեն, եմուտ գաղտ ի ներս ի բերդն եւ թշնամանեաց զտիկինն մեծապէս (ԲԶՆ. 176). եւ այս պատճառով Պապ թագաւոր երկրին խաղաղելէն ետքը Մուշեղ Մամիկոնեանի յանձնեց զայն չարամահ սպաննել։ Մուշեղ ալ զայն ձերբակալեց Մշոյ Ոզական բերդը, եւ մերկացնելով ու ոտք եւ ձեռք կապելով, Եփրատի սառոյցին վրայ թողուց մինչեւ որ մեռնի (ԲԶՆ. 195)։ Դզակ Մարդպետ ալ, որ Հայր Մարդպետի տեղն անցած, եւ Պարսիկ սահմանագլուխին կողմնակալ նշանակուած էր, գաղտնի Շապուհին կողմը շահուած, եւ Պապի դէմ դաւաճանութիւն պատրաստելու սկսած էր, ուստի պատուաւոր կերպով թագաւորին մօտ հրաւիրուեցաւ, եւ այնտեղ պալատին նրբանցքներուն մէջ սպաննուեցաւ (ԲԶՆ. 209)։ Հայրի եւ Դզակի դէպքերը յիշեցինք, որովհետեւ ոմանք ուզեցին այդ երկուքը նոյնացնել Կիւլակէսի եւ Արտաւանի հետ (ԳԱԹ. Բ. 504), բայց մենք այդ նմանութիւնը նախադասելի չենք տեսներ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք