ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ (172)

Հայաստանի խաղաղութիւնը, որուն պատճառ եւ պահապան կանգնած էր Մանուէլ Մամիկոնեան, շարունակեց մինչեւ անոր մահը, զոր կրնանք յապաղել մինչեւ 384 թուականը, որով կ’արդարանայ եւս Բուզանդի յիշած եօթնամեայ խաղաղութիւնը (ԲԶՆ. 257), հաշուելով զայն Վարազդատի գահազրկութենէն, որ տեղի...

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԸ (150)

Ներսէսի կեանքին մէջ նոր շրջանը կը բացուի Ձիրաւի պատերազմէն ետքը, վասնզի յայնմհետէ խաղաղեցաւ երկիրն ընդ ձեռամբ Պապայ նուաճեալ (ԽՈՐ. 227)։ Մուշեղ սպարապետի համար կը պատմուի, թէ իբր յաղթական Հայաստանի զանազան կողմերը պտըտեցաւ, որպէս զի բերդերու եւ քաղաքներու մէջ մնացած...

ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՈՒ ՎԱՀԱՆ (149)

Խորենացի այդ պատերազմին հետ կը կապէ ուրացեալ Մեհրուժանի մահը, թատերական կերպարան մըն ալ տալով եղելութեան։ Կը պատմէ, թէ Ձիրաւի օրը Մեհրուժան՝ ձիուն վիրաւորուելը չկրցաւ փախչիլ, եւ Կոգովիտ, այժմ Պայազիտ գաւառի մէջ, շամբին մօտ ձերբակալուեցաւ Սմբատ Բագրատունիէ, որ չուզեց...

ԶՈՒԻԹԱ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊՈՒՀԻ (146)

Նահատակներու բազմութեան մէջէն, միայն երկուքին անունը պահած է մեզի պատմութիւնը։ Արտաշատցի Զուիթա քահանան, աշակերտ Ներսէսի (ԲԶՆ. 180), այր բարձր եւ անձնեայ (ԲԶՆ. 179), ուսկից պահ մը պատկառելով ազատ թողած էին, կամովին հետեւեցաւ գերութեան, ըսելով, թէ՝ ոչ է մարթ հովուի...