Նորէն Բուզանդ երթալու եւ ձեռնադրութիւն ընդունելու մանրամասնեալ պատմութիւն մը ունի (ԲԶՆ. 72). այս անգամ Ներսէսի կենսագիրն ալ իրեն հետեւող ունենալով (ՍՈՓ. Զ. 24)։ Արքունական սպիտակաձի կառքերու եւ զարդերու նկարագիրէն զատ, 26 նախարարներու եւ 13 եպիսկոպոսներու անուանական ցուցակ մըն ալ կը գտնենք, որք ի միասին Կեսարիա ուղեկցած են, 4000 հեծելոց ընկերակցութեամբ (ՍՈՓ. Զ. 24)։ Իսկ Խորենացին կը գրէ, թէ` եկաց եպիսկոպոսապետ Հայոց մեծն Ներսէս, եւ ի Բիւզանդիոյ դարձեալ ի Կեսարիա եւ եկեալ ի Հայս, զամենայն կարգս նորոգեաց (ԽՈՐ. 205) եւ Յովհաննէս պատմաբան, որ միշտ անոր հետեւողն է, թերեւս Կեսարիոյ անունին յիշատակութենէն շփոթած, կը գրէ, թէ` Արշակ առաքէ զՆերսէս ըստ առաջնոյ կարգին ի Կեսարիա, ձեռնադրիլ ի հայրապետութիւն (ՅՈՎ. 60)։ Բայց մենք չենք ուզեր այլեւս անդրադառնալ այդ ձեռնադրութեան խնդրոյն վրայ, արդէն այդ մասին մեր կարծիքը յայտնած ենք, թէ չի կրնար երբեք ծառայել այդ գաղափարին, որով Հայաստանը Կեսարիոյ ենթարկեալ աթոռի մը վերածել կ’ուզուի։ Բայց աւելորդ չլինի այդ ձեռնադրութեան մասին դիտել տալ, թէ յայտնի անհամաձայնութիւններ կը պարունակէ ուղիղ ժամանակագրութեան հետ։ Վասնզի կը պատմուի թէ ձեռնադրողն էր Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս, եւ թէ ներկայ էր Բարսեղ Կեսարացին, իբր երիցապետ եկեղեցւոյն, եւ թէ աղաւնի մը սքանչելեօք սեղանէն թռչելով առաջ Բարսեղին վրայ, եւ անկէ ելնելով Ներսէսի վրայ հանգչեցաւ. եւ թէ այս պարագան Ներսէսի արժանաւորութեան փաստ մը եղաւ, եւ ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ (ԲԶՆ. 73)։ Սակայն Ներսէսի կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարուեցաւ 353-ին, մինչ Եւսեբիոս 362-ին յաջորդեց Դիանիոսի, որ ընտրուած էր 340-ին։ Իսկ Բարսեղ Եւսեբիոսի ընտրութենէն ետքը քահանայական կամ երիցութեան ձեռնադրութիւնը ստացաւ անոր ձեռքով, եւ հետեւաբար 353-ին ոչ Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս եւ ոչ Բարսեղ երէց կամ երիցապետ, եւ ոչ աղաւնիի թռիչքին պէտք կար Ներսէսի արժանաւորութիւնը հաստատելու։ Աղաւնիին նախ Բարսեղի եւ ետքը Ներսէսի վրայ հանգչելուն պարագան ալ նշան է, յունական մեծամտութեան հիւսուածք լինելուն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք