ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ (120)

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի ձեռնադրութեանն առնչուող հարցեր։

Նորէն Բուզանդ երթալու եւ ձեռնադրութիւն ընդունելու մանրամասնեալ պատմութիւն մը ունի (ԲԶՆ. 72). այս անգամ Ներսէսի կենսագիրն ալ իրեն հետեւող ունենալով (ՍՈՓ. Զ. 24)։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ (111)

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ – Փառէն կաթողիկոսի ձեռնադրութեանն առնչուող խնդիրներ։

Փառէնի կաթողիկոսանալը պարզապէս տեղական գործադրութեամբ լրացեալ գործ մը կը տեսնուի՝ Խորենացիի գործածած ընտրեցին եւ կացուցին քահանայապետ բացատրութենէ (ԽՈՐ. 202)։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ (103)

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – Յուսիկ կաթողիկոսի Ձեռնադրութիւնը․

Խորենացին շատ պարզ կերպով կը յիշէ Յուսիկի կաթողիկոսանալը, թէ յաջորդէ զաթոռն Յուսիկ որդի նորին (ԽՈՐ. 197), եւ ուրիշ Հայ պատմագիրներ ալ նոյն կերպով կը խօսին եւ ձեռնադրութեան հանդէսի յիշատակութիւն չունին։ Միայն Բուզանդ կը պատմէ թէ ըստ սովորութեան օրինակին, Տիրան մեծամեծ նախարարներէն 13 հատ ուղեկից ընտրեց, եւ ամէնքը մէկէն ճամբայ դրաւ, որ Կեսարիա երթան եւ Յուսիկը ձեռնադրել տան ի կաթողիկոսութիւն, եւ թէ այնպէս ընել տուին, եւ նստուցին զնա յաթոռն առաքելոյն Թադէոսի եւ յաթոռ իւրոյ հաւուն մեծին Գրիգորի (ԲԶՆ. 30)։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ (63)

Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 302 տարւոյ, առաջին ամիսներուն մէջ։ Այդ թուականը ոչ մի արգելք չի գտներ, հալածանաց հրատարակութեամբ՝ Կեսարիոյ մէջ այսպիսի հանդիսաւոր գործողութեան մը կրելիք դժուարութենէն։ Ոչ միայն հնար է դիտել թէ հալածանքներ երբեք եկեղեցական ձեռնադրութեանց...

ԳՐԻԳՈՐԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (60)

Բայց այս վիճակը չէր կրնար յարատեւել։ Եկեղեցական պաշտօնէութիւնն ու նուիրապետութիւնը անհրաժեշտ են քրիստոնէական կեանքինհամար, եւ Տրդատ ալ պէտք զգաց թէ հովուապետ մը ունենալու են, եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան մը կազմակերպելու են, որովհետեւ ինքզինքը քրիստոնեայ կարծող...