Այս անգամ ալ Ներսէսի բացակայութեան միջոցին պաշտօնական տեղակալութիւնը եւ արքունեաց յարաբերութիւնները, կատարած է հաւանաբար նոյն Շահակ Մանազկերտացին, որ Ներսէսէն առաջ (§ 115) եւ Ներսէսի ատեն (§ 132) այդ պաշտօնը վարած էր, թէպէտ բնաւ յիշատակուած չենք գտնէր։ Ընդհակառակն, կը յիշուի Խադ Կարնեցին, որ Ներսէսի հաւատարիմ գործակատարն էր, եւ որուն Ներսէս չմեկնած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն էր տուած Բագրեւանդայ եւ Արշակունեաց վիճակներուն վրայ, եւ անոր յանձնարարած էր զամենայն գործ վերակացութեան աշխարհին մինչեւ ցժամանակ իւրոյ դարձին (ԽՈՐ. 218)։ Ներսէսի քաշուած ատենը, Խադն ալ միասին գործէ քաշուած էր հարկաւ, իսկ այս անգամ Խադ գործի վրայ կը մնար, որովհետեւ Ներսէս ալ գործէ քաշուած չէր սեպուեր։ Որչափ ալ Խադի յանձնուած վերակացութեան աշխարհին գործը, բարեգործական եւ կրթական հոգերն էին, վասնզի ամէն կողմ կը պտըտէր կարգել եւ խրատել, ուսուցանել եւ դարմանել զաղքատսն, որպէս էր նմա յանձնարարեալ սրբոյն Ներսէսի (ԲԶՆ. 111), սակայն Խադ իր նախանձայուզութիւնը բարեկարգական գործերու ալ կը տարածէր, եւ համարձակ Արշակը կը յանդիմանէր տեղի ունեցած անկարգութեանց համար, հիմնուելով իբր տեղապահ ստացած իշխանութեան վրայ։ Արշակ ջանաց Խադը լռեցնել, եւ ագահութեամբ կարելւոյն մեքենայիւ խաբել զայն, բայց չօգտուեցաւ (ԲԶՆ. 110)։ Թերեւս Արշակի համարձակութիւն տուող պարագան այն էր, որ Խադ էր պճնող առ հանդերձս եւ ձիասէր, որ շատերուն ալ տարօրինակ կ’երեւար Ներսէսի ընթացքին բաղդատութեամբ։ Այստեղ ի դէպ է դիտել, թէ Լուսաւորչի ազգատոհմէն եկեղեցականներ վանական ու կրօնաւորական տարազով կ’ապրէին, ինչ որ պարտաւորիչ չէր աշխարհիկ կամ ամուսնացած եկեղեցականութեան, որք իբր ազնուականներ, նոյն դասակարգին սովորութեանց համաձայն կրնային ապրիլ։ Ահա թէ ինչու Խադ, բոլոր իր ուղղութեամբ յամենայնի նմանեալ մեծին Ներսէսի, կրնար վայելուչ ճոխութիւններ գործածել։ Արշակ կաշառելու չյաջողած ատեն, սկսաւ իրեններով անոր ընթացքը քննադատել եւ փոխանակաբանել, իսկ Խադ առիթը վերցնելու համար ձեւը փոխեց եւ խարազանազգեստ եղեալ իշով շրջէր (ԽՈՐ. 219)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք