Հայաստանի մէջ կատարուած եղելութեանց չդարձած, Փառանձէմի մահուան պատմութիւնն ալ կ’ուզենք լրացնել։ Չենք գիտեր, թէ ինչու մեր պատմիչները անողոք են տարաբախտ թագուհւոյն յիշատակին, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով օժտուած եւ բոլոր հայ կիներուն վրայ գերազանց նկատուելովն հանդերձ, ոչ Գնէլի հետ ամուսնութեան մէջ իբրեւ իշխանուհի, եւ ոչ Արշակի հետ ամուսնութեան ատեն իբրեւ թագուհի, երջանիկ օր մը չկրցաւ վայելել, թէպէտ երբեք ալ ստորին եւ ցած հոգւոյ նշաններ չցուցուց։ Խորենացին կ’ըսէ, թէ՝ ընդ սայլացից հանեալ սատակեցին (ԽՈՐ. 223)։ Բուզանդ աւելի մանրամասնօրէն կ’ըսէ, թէ՝ աշխարհաժողով բազմութեան առջեւ եւ հրապարակի մէջտեղ հրապոյրս մեքենայից, այսինքն՝ թակարդ պատրաստելով զայն գետին ձգեցին, եւ ամբոխը վրան արձակեցին ի խառնակութիւն պոռնկութեան անասնական պղծութեանն, եւ կը կնքէ ըսելով, թէ՝ այսպէս սատակեցին զտիկինն զՓառանձէմ (ԲԶՆ. 178)։ Դժբախտաբար լատին պատմիչը Փառանձէմի գերի իյնալը յիշելէն ետքը (ԱՄՄ. 428), մահուան վրայ բան մէ չ’ըսեր, որ աւելի լոյս մը ունենայինք, ինչու որ ոչ մի կերպով պիտի չհանդուրժէինք «սատակեցին» բառով որակել Հայ թագուհւոյ մը սպանութիւնը։ Բուզանդ կը կարծէ իբր թէ Շապուհ ուզած ըլլայ թշնամանս առնել ազգին աշխարհին Հայոց (ԲԶՆ. 187), բայց բոլոր երկիրը աւերող եւ աւարող, եւ բոլոր ազգը գերող ու ջարդող Շապուհի պէս մէկու մը աչքին մեծ կշիռ չէր կրնար ունենալ կնոջ մը անպատուութիւնը։ Միւս կողմէ նախարարազուն կիներուն վրայ գործածուած բռնութիւնները անձնական հեշտութեանց ծառայեցնելու ստիպումները անհնար էր որ չգործածուէին գեղեցկութեամբը եւ վայելչութեամբը ամենուն գերազանցող թագուհիի մը վրայ, որուն դժուարին պիտի չսեպուէր կամակատար լինել մեծազօր եւ յաղթական թագաւորի մը հաճոյից, ու այս կերպով իրեն փառաւոր դիրք մը կազմել, եթէ իրօք այն վատչուէր եւ դիւրանուէր, փառամոլ եւ սպանիչ, պոռնիկ ու բոզակեաց կինն էր, ինչպէս կ’ուզէն ենթադրել։ Ընդհակառակն նոյնիսկ այն տարօրինակ տանջանքը, որ ըստ Բուզանդայ գործածուած է Փառանձէմի վրայ, ո՞չ ապաքէն հրապուրանաց անսացած եւ Շապուհի հաճոյից խոնարհած չլինելուն՝ վրիժառու հեգնութիւնը կը հաստատէ։ Հարկաւ հաւատոյ ուրացութեան կէտն ալ խառնուած էր պատուոյ ուրացութեան առաջարկին, ինչպէս եղած էր ուրիշներուն, եւ մեր կարծեօք Փառանձէմն ալ պէտք է շարադասել այն նախարարներուն կիներուն հետ, որոնց վրայ արդ եւս խօսեցանք. եւ հետեւապէս՝ նահատակեցին, ըսել, Հայոց տիկին Հայազգի Փառանձէմը, եւ ոչ թէ՝ սատակեցին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք