ՏԻՐԻԹԻ ՔՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (127)

Գնէլի առաւելութիւնները եւ ստացած համակրանքը ծանր եկան Տիրիթի, որ ցած բնաւորութեան վիճակեալ անձ մը կը նկարագրուի։ Գուցէ գաղտնի ցաւ մըն ալ ունէր իր սրտին մէջ, վասնզի Տիրանի անդրանիկին՝ Արտաշէսի զաւակն ըլլալով, թագաւորութեան հասնելու գաղափարն ալ կը փայփայէր։ Սակայն իր այս ներքին զգացումը՝ իր հօրեղբօրորդւոյն վրայ բեւեռցնելով. սկսաւ Արշակի միտքը պղտորել եւ հաւատացնել, թէ Գնէլ կը խորհի զինքն սպաննել, եւ թագաւորութիւնը գրաւել։ Ինչ որ Գնէլի առաւելութիւններն էին, Տիրանի գուրգուրանքը, նախարարներուն համակրանքը, ժողովրդական յարգանքը, Բիւզանդիոնէ ստացած աստիճանը, փառաւոր հարսանիքը, ընծաներու եւ կալուածներու առաւելութիւնը, ամէնն ալ Տիրիթի բերանը մէկմէկ փաստեր էին իր քսութիւնը հաստատելու։ Վարդան Մամիկոնեան, թագաւորին զինակիրը, որ պէտք է երիտասարդ մը եղած ըլլայ, եւ ոչ նոյնինքն Ներսէսի աները, գործիք եղաւ քսութեան, եւ ոյժ տուաւ մտերմաբար Տիրիթի խօսքերուն, մինչեւ իսկ երդմամբ հաստատելով, թէ ինք Գնէլի բերնէն լսած է, թէ իր հօր Տրդատին մահուան վրէժը Արշակէն պիտի լուծէ (ԽՈՐ. 208)։ Այնչափ ըրին ու խօսեցան, որ վերջապէս Արշակը համոզեցին, եւ սա նոյնինքն իր զինակիրին ձեռօք հրաման յղեց Գնէլի, որ Արարատ գաւառէն ելլէ, նախարարաց զաւակները իրմէ հեռացնէ, եւ երթայ բնակիլ Առբերանի գաւառը, այժմ Բերկրի, Վասպուրականի մէջ, վասնզի, կ’ըսէ, օրէնք է, որ թագաւորէն եւ փոխանորդ թագաւորազնէն զատ, ուրիշ իշխաններ Արարատի կեդրոնին մէջ չբնակին։ Այս վերջին պարագան Տիրիթի նպաստաւոր պիտի ըլլար, եւ ինքն իբր երիցագոյն՝ Արշակի մօտ պիտի մնար։ Գնէլ կը պարտաւորուի համակերպիլ, որովհետեւ մահու սպառնալիք կար, եթէ չհնազանդէր։ Բայց Տիրան մեծապէս զայրացաւ, իրեն դէմ անարգանք մը համարելով Արշակի այդ հրամանը. ուստի պատգամս խիստ յղեաց անոր. իսկ Արշակ կուրացեալ եւ ծերացեալ հօրը յանդիմանութիւններէն ազատելու համար, հրաման ըրաւ անոր սենեկապետներուն գաղտնի կերպով զայն հեղձամահ ընել, եւ իբրեւ յանկարծամահ եղած, նոյնիսկ Կուաշի մէջ թաղել, որով Տիրան թագաւորական գերեզմանի պատիւէն ալ զրկուեցաւ։ Հայրասպանութիւնը Արշակի անիրաւ գործերուն դուռը բացաւ։ Տիրանի մահը կրնանք դնել շուրջ 358-ին։

Հատկորոշիչներ՝ Արշակ, Գնէլ, Տիրան, Տիրիթ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...