Երկրորդ կէտը, որուն մտադրութիւն դարձուց Ներսէս, եկեղեցականները եղան, եւ յայտկապէս վանական կոչում ունեցողներ, եւ վիճակներու եպիսկոպոսներ, որք քաղաքներու մէջ եւ ընտանիքներու մօտ սկսած էին ապրիլ ազատ կեանքով։ Ներսէս որոշեց որ այդպիսիներ իրենց միանձնութեան կոչումը պահեն, եւ աշխարհիկ բնակչութեան կեդրոններէն հեռու մնան։ Վանականներ ունենան յատուկ եղբայրանոցներ, մենակեացներ հիւղերու խումբեր, եւ եպիսկոպոսներ ալ եպիսկոպոսանիստ բնակարաններ։ Եւ որպէսզի վանքեր կարենան իրենց ապրուստն ունենալ, որոշեց, որ թագաւորներուն եւ նախարարներուն, իշխաններուն եւ զօրաւարներուն եւ անոնց գերդաստաններուն գերեզմանները վանքերու մէջ ըլլան, եւ փոխարէն անոնց գիւղերէն եւ ագարակներէն մէկ քանին նոյն վանքերուն յատկացուին (ՍՈՓ. Ե. 39)։ Եպիսկոպոսներ արդէն իրենց կալուածներն ունէին, իսկ միայնակեացներ սակաւապէտ եւ ընչատեաց կեանք պիտի ունենային, եւ իրենց կը բաւէին բարեպաշտներուն նուէրները։ Գլխաւորապէս վանականաց եւ երկրորդաբար միայնակեցաց բարեկարգութեան հսկելու համար տեսուչներ նշանակեց, Դանիէլ Ասորիի աշակերտութենէն Շաղիտա Ասորին եւ Եպիփան Յոյնը, Գինդ Սլկունին եւ Եփրեմ մը, հաւանաբար ան ալ Ասորի մը (ԽՈՐ. 206)։ Ներսէսի հոգածութենէն չէին կրնար վրիպիլ ընդհանուր դաստիարակութեան եւ ուսման պէտքերը, եւ այդ նպատակով կարգէր դպրոցս յունարէն եւ ասորերէն, յամենայն գաւառս Հայոց (ԲԶՆ. 78)։ Երկու լեզուներուն միանգամայն պէտքը բացատրած ենք արդէն (§ 68), թէ հետեւանք էր մայրենի լեզուով դպրութիւն չգտնուելուն, որով Հայաստանի նահանգները իրենց դիրքին եւ յարաբերութեանց համեմատ, ոմանք Կեսարիոյ յունական դպրոցէն եւ ոմանք ալ Եդեսիոյ ասորական դպրոցէն օգտուելու պարտաւորուած էին։ Այդ դպրոցներուն աշակերտները յիշեալ լեզուներուն մէջ յառաջանալով՝ հոգեւորական տեսակէտէն ալ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէին, որովհետեւ անոնք էին, որ եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Գրոց ընթերցուածները կը վերծանէին եւ կը թարգմանէին, կրօնական եւ բարոյական քարոզներ կը խօսէին, եւ ժողովրդական լեզուով աղօթքներ եւ մաղթանքներ կը թելադրէին։ Անոնք եղան Վերծանող եւ Թարգմանիչ պաշտօնեաներու զարգացման ռահվիրաները, որոնք ճամբայ բացին հայերէն դպրութեանց սկզբնաւորութեան։ Այս խումբէն եղան նոյնինքն Ներսէսի զաւակը Սահակ, եւ ձեռնասունը Մեսրոպ, Հայ գիրին գտիչները եւ Հայ դպրութեան նախահայրերը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք