Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ համարձակեցաւ անհրաման կարգել յեպիսկոպոսութիւն զմեծն Սահակ (ԽՈՐ. 241)։ Երբոր Խոսրով Տիզբոն տարուեցաւ, Պարսից արքունիքը, որ զմեծն Սահակ եւ ոչ զոք ի նախարարացն կարգելոցն Խոսրովայ եթող, այլ վրդովեաց ի պատուոյ իւրաքանչիւր (ԽՈՐ. 241), որ է ըսել, թէ Խոսրովի ուրիշ կարգադրութեանց հետ, Սահակի կաթողիկոսութիւնն ալ Պարսից տէրութեան աչքին իբրեւ չեղեալ նկատուեցաւ, այլ նոր կարգադրութիւն մը չեղաւ, եւ Սահակ ազգին կողմէն միշտ օրինաւոր հայրապետ ճանչցուեցաւ, մինչեւ որ գործերը կանոնաւոր ընթացք մը ստացան։ Այդ արդիւնքն ալ Սահակ իր ձեռքով պատրաստեց, անձամբ Տիզբոն երթալով եւ երեսառերես Վռամ-Կրմանի հետ բանակցելով, Վռամշապուհէ ալ յանձնարարական տանելով։ Շատ լաւ եւ շատ յաջող ընդունելութիւն գտաւ Սահակ Վռամի կողմէն, նախ որ կը պատկանէր քաջատոհմիկ ազգին Պահլաւկաց, եւ վերջին Սասանեան թագաւորներ պատուով նայած էին հին Արշակունի հարստութեան սերունդներուն, այլ մանաւանդ կ’ըսէ պատմիչը, զի առաջի անկհաւատից արգոյ եւ պատուական ցուցանէ իւր (ԽՈՐ. 242), որ է ըսել, թէ՝ մեծ ազդեցութիւն գործեցին Վռամի վրայ Սահակի խոհական եւ քաղաքագէտ խորհուրդները։ Վռամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց զբնաւն կատարեալ խնդիրս Սահակի։ Նախ եւ առաջ պետական վաւերացմամբ ճանչուեցաւ նորա կաթողիկոսական պաշտօնը, յետոյ նորա փեսային՝ Համազասպ Մամիկոնեանի տրուեցաւ սպարապետութեան պաշտօնը, որ թափուր մնացած էր Սահակ Բագրատունիի մահունէ ետքը, եւ Վռամշապուհ չէր համարձակած իւրովի անուանում ընել, յիշելով թէ՝ սակս այսպիսի իրաց կրեաց վիշտս իր Խոսրով եղբայրը (ԽՈՐ. 242)։ Միանգամայն Մամիկոնեանց տոհմը բարձրացաւ ի հինգերորդ գահ նախարարացն Հայոց։ Կամսարականներուն եւ Ամատունիներուն համար ներում ու գթութիւն ստացաւ, որոնք ազգատոհմով աքսորուած ու կողոպտուած էին Շաւարշի եւ Պարգեւի ընդդիմութեան համար։ Խոսրովի բանտարկութեան դիւրութիւններ ու թուլութիւններ ձեռք ձգեց, տանելի վիճակի վերածելով Անյուշի բերդարգելութիւնը, բայց ամենէն աւելի Պարսից սիրտին մէջ վստահութիւն ներշնչեց Հայոց նկատմամբ, եւ Յունաց բաժնին հետ յարաբերութիւն պահելուն մէջ, առաւելապէս Պարսիկ արքունիքին օգուտ քաղելիք ըլլալուն համոզեց։ Երկրին բարօրութեան համար ալ բարեգուշակ դիրք մը կազմելով, եւ փառաւոր յաղթանակով դարձաւ Հայաստան, Վռամի կողմէն պաշտօնական հրովարտակ մըն ալ բերելով Վռամշապուհի։ Այս կերպով եւս քանզեւս աճեցաւ բոլոր ազգին մէջ՝ իր հանդէպ ցուցուած յարգանքն ու համակրանքը։ Սահակի միջնորդութեամբ քաղցրացան յունաց եւ պարսից յարաբերութիւններն ալ, որով երկու արքունիքներուն մէջ տիրած էր խաղաղութիւն, եւ ինչ որ Խոսրովի համար յանցանք նկատուեցաւ, Վռամշապուհի ներուեցաւ ընել, երկոցունց թագաւորաց միանգամայն ծառայել, իւրաքանչիւր բաժնին հարկերը իրեն հովանաւորին տալով․ Պարսիցը՝ արքայից արքային, եւ Յունացը՝ Բիւզանդիոյ կայսեր (ԽՈՐ. 244)։ Այդ ամէն յաջողութեանց լրումը պէտք է դնել Վռամշապուհի երկրորդ տարին՝ 390-ին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք