ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ (185)

Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ...

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ (114)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ – Տիրան և Արշակ թագաւորները։

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։