Ինչպէս ըսինք ոճիրներ շղթայեալ կը շատնան, եւ Արշակ վրէժխնդրութեանց կիրքէն ետքը, տռփական կիրքէ մղեալ, նոր ոճիրներու կը ձեռնարկէր։ Այստեղ պէտք է որ անցողակի դիտողութիւն մը ընենք Փառանձէմի նկարագիրին վրայ։ Խորենացի կը գրէ, թէ նա կին մըն էր՝ որ գործեաց զանլուր եւ զանկարծելի չարիս եւ զսարսափման լսողաց արժանի (ԽՈՐ. 210)։ Սակայն եթէ պատմական դէպքեր խղճամիտ քննուին, եւ եթէ արտաքնոց վկայութիւններն ալ նկատի առնուին, հարկ կ’ըլլայ տարբեր գաղափար մը կազմել այդ դժբախտ կնոջ վրայ։ Փառանձէմ նախընթացին համար վկայուած է, թէ՝ անուանեալ էր գեղեցկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ (ԽՈՐ. 119), եւ թէ՝ ոչ գոյր նման նմա կանայս եւ համեստ եւ այրասէր (ՍՈՓ. Զ. 43)։ Գնէլի հետ ամուսնանալէն ետքը, ապօրինի գործ մը դրուած չկայ իր վրայ, իր ամուսնոյն տարագրութեան եւ սպանութեան ատեն բռնած դիրքը այրասէր լինելը կը ցուցնէ, եւ Տիրիթի հանդէպ ունեցած ընթացքը համեստ լինելը կը հաստատէ. իր մահուան պարագաներն ալ, զորս պիտի պատմենք, արիասիրտ կնոջ մը նկարագիրը կը ցուցնեն, որով կանխակալ կարծիքի մը հետքերը կը տեսնենք իրեն դէմ գրուած խիստ բացատրութեանց մէջ։ Միւս կողմէն Ողիմպիադայի ամուսնութեան կանխած լինելը՝ նոյն պատմիչներուն յառաջ բերած դէպքերուն շարքն ու նշանակութիւնը կը փոփոխեն։ Ըստ այսմ Փառանձէմի արքունիք ընդունուիլը, բռնութեան հետեւանք եղած է պարզապէս, իսկ իր դժկամութիւնը յայտնապէս վկայուած է, թէ՝ Փառանձէմ ատեայր զԱրշակ (ՍՈՓ. Զ. 50), թէ կինն ի նա ոչ յանգոյց զմիտս իւր, այսինքն, թէ Փառանձէմ ինքզինքը Արշակի չյանձնեց, ոչ թէ հարկաւ անոր համար, որ Արշակ թաւ է մարմնով եւ թուխ է գունով (ԲԶՆ. 126), այլ, զի Ողիմպիադայի օրինաւոր թագուհիին քով տարփածուի կամ հարճի ստորին դերը կը մնար Փառանձէմի, զոր չէր կրնար նա յանձն առնուլ։ Ասկէ յառաջ կու գայ Ողիմպիադան սպաննելու նոր ոճիրը, որպէսզի հնար լինի Փառանձէմը օրինաւոր կին եւ թագուհի հռչակելով, անոր սիրտը գրաւել։ Արքունեաց դրան երէցներէն մէկը, անունը Մրջիւնիկ կամ Մրջմնիկ, Արշամունեաց Գոմկունք, այժմեան Վարդովկի Գոյնուկ գիւղէն, անարժան սուտանուն քահանայ, ոճիրին գործիք կը դառնայ, եւ եկեղեցւոյ մէջ, ի կենաց դեղն զմահացուն խառնեալ, կը սպաննէ Ողիմպիադան (ԽՈՐ. 210)։ Պատմիչներ այդ անլուր ոճիրին հեղինակ կը կարծեն Փառանձէմը, բայց յարմարագոյն է զայն Արշակի վերագրել, որովհետեւ, եթէ Արշակ Ողիմպիադան կը նախադասէր եւ առաւել սիրէր զնա քան զՓառանձէմ (ՍՈՓ. Զ. 5), ինչպէս կ’ըսեն, Փառանձէմ կասկածելի դարձած կ’ըլլար եւ նպատակին չէր հասներ, մինչ Արշակ կերպով մը յաջողէր Փառանձէմի դժկամութեան յաղթել, եւ դիւրաւ զայն հնազանդեցնել օրինաւոր թագուհիութեան պայմանին ներքեւ։ Այսպէս ալ եղաւ Փառանձէմ Հայոց թագուհի հռչակուեցաւ 360-ի ատենները։ Բայց նա Պապին մայրը չէր, այլ լոկ մայրադիր մը եղաւ։ Պապ այն ատեն հազիւ 7 տարեկան տղայ մը եղած կ’ըլլար, եւ հարազատ մօրը՝ Ողիմպիադայի տեղ դիւրաւ կրնար մօրուն փոխանակել, մանաւանդ եթէ սա ալ մայրաբար խնամէր զայն, ինչ որ դիւրաւ կրնայ սպասուիլ Փառանձէմէն։ Պապին եղբայր մըն ալ կը դրուի Տրդատ անունով (ՍՈՓ. Զ. 50), որ պատմական դեր մը վարած չէ. եւ պէտք չենք զգար ճշդել թէ Ողիմպիադայէ՞ մնացած էր, թէ ոչ Փառանձէմէն եղաւ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք