ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ (153)

Պատմութեան կարգը կը հասցնէ մեզ Ներսէսի մահուան վրայ խօսելու, եւ որովհետեւ մեր պատմիչներուն ըսածը դիտողութեանց կարօտ կը գտնենք, նախապէս անոնց գրածները քաղենք։ Խորենացին իր սովորական ոճով երկու խօսքով կը վերջացնէ մահուան պատմութիւնը, թէ՝ Պապ դեղ մահու գաղտնի արբուցեալ սրբոյն Ներսիսի, ելոյծ ի կենցաղոյս (ԽՈՐ. 228)։ Բուզանդ ընդարձակ պարագաներով կը ճոխացնէ պատմութիւնը։ Պապ կեղծաւորելով իբրեւ այն եթէ յուղղութիւն ինչ եկեալ է, Ներսէսը հացկերոյթի կը հրաւիրէ, Եկեղեաց գաւառի Խախ արքունի աւանին մէջ, որուն աւերակները դեռ կ’երեւին Ռուսէրայի կոչուած տեղը։ Ներսէսը թագաւորական գահը կը նստեցնէ, եւ յոտն կացեալ հոլանեալ իր ձեռքով կը մատուցանէ գինիի բաժակը, որուն թոյն խառնած էր։ Ներսէս կ’իմանայ թէ բաժակը թունակից է, եղելութիւնը թագաւորին երեսին կու տայ, բայց կը խմէ։ Սեղանէն վերջը իր օթեւանը կ’երթայ, Մուշեղ սպարապետ, Հայր Մարդպետ եւ մեծամեծ նախարարներ մէկտեղ կ’երթան։ Հոն Ներսէս կուրծքը բանալով սիրտին վրայ կրկնակի չափ կապուտցած տեղը կը ցուցնէ։ Մեծամեծներ իրեն թիւրակէս եւ անդեղեայս կը մատուցանեն, բայց Ներսէս չ’ուզեր առնել, որ մեռնի, եւ ներկաներուն խրատներ կը խօսի։ Անկէ ետքը երկու ժամ գունտ գունտ արիւն կը փսխէ, վերջէն աղօթք մը կ’ընէ եւ հոգին կ’աւանդէ։ Փաւստոս եպիսկոպոս, Տրդատ եկեղեցական, Մուշեղ սպարապետ, Հայր Մարդպետ եւ ամենայն ազատագունդ բանակն արքունի՝ մարմինը Խախէ Թիլ աւանը կը տանին, Պապն ալ կը հետեւի եւ իր ձեռօք կը պատէ եւ կը թաղէ ի չքմեղս լինելով, իբրեւ թէ՝ իւր չիցէ գործեալ զայն (ԲԶՆ. 222)։ Կենսագիրը աւելի եւս կ’ընդարձակէ նոյն պատմութիւնը, Ներսէսի բերանը ընդարձակ խօսակցութիւններ դնելով։ Թունաւորուած Ներսէսի մօտ եղողներուն վրայ կ’աւելցնէ Բակուր Վրաց, Բագարատ Բագրատունեաց, Հայկակ Հայկազնի, եւ Համամ Մելիտինոյ իշխանները, եւ Մաշթոց-Մեսրոպ վարդապետը։ Շատ երկար եւ գուշակական ատենաբանութիւն մը յառաջ կը բերէ իբրեւ հոգեւարք Ներսէսի խօսուած, ուր տեսիլքի ձեւով կը պատմուին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ապագայ դիպուածներ, Խաչակիրներու ժամանակին պատկանող եղելութիւններ վերջին դարերու բառերով, Նեռին գալուստը, աշխարհի վերջը, եւ յետին դատաստանը (ՍՈՓ. Զ. 89-104)։ Ներսէս առանձինն եւ յատկապէս կ’օրհնէ Մամիկոնեանց տունը, անկէ եկեղեցի կ’իջնէ, քահանայաթաղի ողջոյնները եւ հրաժարիմները եւ հանգստեան կտորները կ’արտասանէ, քահանայապետական աթոռը կը բազմի, այնտեղ ալ երկար մաղթանք մը կը խօսի (ՍՈՓ. Զ. 108-112), եւ հոգին կ’աւանդէ հանդարտութեամբ, այնպէս որ եկեղեացիին մէջ եղող ժողովուրդը նախ չ’իմանար, եւ երբ անոր լռելէն կը սթափի, ողբեր կը բարձրացնէ եւ վերջապէս թագաւոր եւ նախարարք կը թաղեն մարմինը Թիլ աւանի մէջ, ուր քառասուն օր լուսեղէն սիւն մը կը տեսնուի տապանին վրայ (ՍՈՓ. Զ. 115)։ Միեւնոյն պատմութիւնը աւելի ամփոփ կերպով յառաջ բերուած է ուրիշ կենսագիրէ մըն ալ (ՍՈՓ. Է. 20-25)։

Հատկորոշիչներ՝ կաթողիկոս, մահը, մեծ, Ներսէս

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...