Այդ պատմութիւնները թէպէտ ընդհանուր գիծերու մէջ իրար կը շօշափեն, բայց արտաքին պատմութեան եւ ժամանակագրութեան հետ բնաւ չեն հաշտուիր, եւ իրենց մէջ ալ անկապակից եւ իրար հակասող տարրեր կը պարունակեն։ Պատգամաւորութեան յղուիլը, թէպէտ արտաքիններ չեն յիշեր, բայց մերայիններուն համաձայնութեան եւ եղելութեանց պահանջին վրայ պէտք է ընդունիլ։ Ներսէսի գլխաւորութեամբ եկող պատգամաւորութեան պարտուպատշաճ մեծարանքը բնական էր, այլ ոչ զայն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքէն բարձրացնելը։ Վաղէսի որդւոյն բժշկութեան հրաւիրուիլը, եւ բժշկելուն համար բանտարկուիլը եւ մահուան դատապարտուիլը, եւ իբր շնորհք անբնակ կղզի աքսորուիլը ընդունելու համար, պէտք էր Վաղէսը խելակորոյս յիմար մը ենթադրել։ Դժուար թէ Վաղէս այդչափ վստահութիւն ունենար Ներսէսի աղօթքին, իսկ օտար հայրապետ մը դատապարտելը, եւ իբր չքմեղանք ամբաստանագիր ղրկելը, քաղաքական յարաբերութեանց տեսակէտէն անհնար եւ անհաւատալի պարագաներ են։ Վաղէսի Տրայիանոս որդի մը ունենալը ուրիշ տեղէ ծանօթ չէ։ Միայն Գրիգոր Աստուածաբան պատմած է, թէ Վաղէս անձամբ Կեսարիա գնաց Բարսեղ Կեսարացին շահելու, եւ չկրնալով զայն իր կողմը ձգել, հրամայեց զայն աքսորել, բայց նոյն գիշեր իր վեց տարեկան Վաղենտիանոս Գաղատոս որդին ծանրապէս հիւանդացաւ։ Դոմինիկէ կայսրուհին այդ պարագան աստուածային պատիժ նկատելով Բարսեղին աքսորը արգիլել տուաւ։ Անմիջապէս տղան սկսաւ ապաքինիլ, եւ սուրբը վստահեցուց որ կ’ապրի, եթէ ուղղափառութեան մէջ դաստիարակուի։ Վաղէս խոստացաւ, տղան առողջացաւ, սակայն Արիանոսներուն մկրտել տուաւ, տղան նորէն հիւանդացաւ ու մեռաւ, եւ Վաղէս զայրանալով երկրորդ անգամ Բարսեղը աքսորելու հրաման ուզեց տալ, բայց անհնար եղաւ հրովարտակը ստորագրել (ՓԵԹ. Ա. 369)։ Հաւանաբար այդ պատմութիւնն է որ Ներսէսի պատշաճեցուցած են։ Ներսէսի 9 տարի ամբողջ Հայաստանէ դուրս գտնուիլը՝ կղզի մը կամ քաղաքի մը մէջ աքսորմամբ, ոչ մէկ կերպով կրնայ հաշտուիլ պատմութեան ընթացքին հետ, եւ երկրին այսչափ երկար ատեն առանց հայրապետի մնալը չ’արդարանար, մանաւանդ որ նոր Չոնակ մըն ալ այս պարագային համար ստեղծուած չէ։ Վասակ Մամիկոնեանի 6 տարի կայսրութեան գաւառները արշաւանքներ ընելը եւ մինչեւ Վոսփոր հասնիլը, եթէ իրօք եղած ըլլար, հնար չէր որ արտաքին պատմիչներ չյիշէին։ Արշակի ալ անհնար էր Յունաց դէմ պատերազմներ մղել, երբ միւս կողմէ Պարսիկներէն սաստիկ կը նեղուէր։ Թող որ Արշակ 364-էն ետքը 6 տարի եւս թագաւորուծիւն չունեցաւ։ Մակեդոն պատրիարքն ալ 360-ին աթոռէն զրկուեցաւ եւ 361-ին մեռաւ, որով Ներսէսի համար միջնորդութիւն չէր կրնար ընել։ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին գալով, անիկա գումարուեցաւ 381-ին, իսկ Ներսէս արդէն 373-ին մեռած էր։ Թէոդոս ալ, որ 378-ին կայսր հռչակուեցաւ, չի կրնար երբեք Ներսէսի հետ գործ ունեցած ըլլալ։ Այդ դիտողութիւններէն ետքը հետեւեալ կերպով հնար է ամփոփել եղելութիւնը։ Պատգամաւորութիւնը Կոստանդնուպոլիս եկաւ 364-ին, պատանդ բերելով Պապ արքայորդին եւ նախարարներու զաւակները (ԽՈՐ. 216)։ Վաղէս պատուաւոր ընդունելութիւն ըրաւ, բայց գործը երկարեց կրօնական խնդիրներ ալ խառնելով, եւ վերջապէս յարաբերութիւնները ի սպառ չխզելու համար, խոստումներով Ներսէսն ու պատգամաւորութիւնը ետ դարձուց, Պապի եւ ուրիշ պատանդներուն համար ալ բնակավայր սահմանելով Նէոկեսարիա, այժմ Նիքիսար քաղաքը (ԱՄՄ. 427)։ Ներսէս 364-ին Հայաստանէ մեկնելով, 365-ին վերադարձաւ, 9 ամիս բացակայութենէ ետքը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք