Քաղելով յառաջ բերինք այն տեսութիւնները, որք կը ծառայէին Ներսէսի մեծ կերպարանը նկարագրելու, եւ որք իրաւունք տուին զայն ՄԵԾՆ Ներսէս յորջորջմամբ պատուելու։ Այս ըսուածները կը պատկանին Ներսէսի ամբողջ կեանքին, որուն մասնաւոր գործերուն մասին դեռ չխօսեցանք, եւ խօսելէն առաջ դիտել պիտի տանք, թէ ժամանակագրական մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի անոնց շարայարութիւնը, եւ Ներսէսի գործունէութեան տեւողութիւնը։ Նորէն այն 24 տարիներու յաւելուածական սխալն է (§ 81), որուն ուղղութիւնը կատարեցինք՝ մասամբ շրջանիս առաջին մասին մէջ, Գրիգորի ժամանակին վրայ, եւ միւս մասն ալ պարտաւորեալ ենք Ներսէսի ժամանակին վրայ ծանրացնել։ Խորենացի 34 տարի կու տայ Ներսէսի կաթողիկոսութեան (ԽՈՐ. 228), եւ այս թիւը կրկնուած է բոլոր հին պատմիչներէն, միայն Օրբէլեան է որ 20 տարի կու տայ (ՕՐԲ. Բ. 249), կենսագիրն ալ անգամ մը 25 տարի գործունէութիւն տալէն ետքը (ՍՈՓ. Զ. 41), վերջին 34 տարուան հայրապետութիւն կը յիշէ (ՍՈՓ. Զ. 115)։ Սակայն Ներսէսի ընտրութիւնը 353ին հաստատելէն ետքը, եւ իր մահն ալ 373էն անդին թողուլ դժուար լինելով, անհնար է այդ միջոցին մէջ սղմել կարծեցեալ 34 տարիները, ինչ որ կը ճշմարտուի նաեւ Արշակի տրուած 30 տարիներու վրայ (ԽՈՐ. 223)։ Ըստ այսմ ամէն նոր պատմագիրներ, պարտաւորուած են այդ թիւերը զեղջել, եւ քիչ ու շատ տարբերութեամբ 20 տարի տալ Ներսէսի հայրապետութեան, ինչպէս որ մեր զննութիւններն ալ կը հաստատեն։ Մեր հաշիւներու հիմն է Պապ թագաւորի մահը Վաղէսի 11-րդ տարին, որ է 374. եւ Ներսէսի մահն ալ անկէ տարի մը առաջ, այսինքն 373-ին։ Իսկ Արշակի գերութիւնը կամ Պապի թագաւորելն ալ պէտք է դնել 368-ին, հետեւելով Ամմիանոսի հաստատուն ժամանակագրութեան (ԱՄՄ. 436)։ Թագաւորներու կամ հայրապետներու պաշտօնաւարութեան տեւողութիւնները հնար չէ թուաբանական գումարով մը տարեթիւերու վերածել, վասնզի սկսուած ու չաւարտած տարիներ իբր լրացեալ կը հաշուուին պատմութեանց մէջ, եւ այս պատճառով պէտք է պատմական կշիռները հաստատելու համար, մերթընդմերթ գումարներէն տարի մը կամ երկու զեղչել, որպէսզի ժամնակագրութիւնը արդարանայ։ Արդ, ըսուած է թէ Ներսէս Արշակի երրորդ տարին եպիսկոպոսապետ եղաւ. ըստ այսմ պէտք է դնել Արշակի թագաւորութիւնը 350-ին, եւ Ներսէսի հայրապետութիւնը 353-ին. բայց յերրորդ ամի բացատրութիւնը (ԽՈՐ. 205) կ’արդարանար եւս, եթէ Արշակի թագաւորութիւնը 351-ին ալ գրուէր։ Այս ժամանակագրութեամբ Արշակ կը սկսի թագաւորել Կոստանդի 14-րդ տարին, եւ կը լրացնէ անոր մնացորդ 10, Յուլիանոնսի 2, Յովիանոսի 1 տարիները եւ կը դադրի Վաղէսի 5-րդ տարին. իսկ Ներսէս կը սկսի Կոստանդի 17-րդ տարին, եւ կը լրացնէ անոր մնացորդ 7. Յուլիանոսի 2. Յովիանոսի 1 տարիները, եւ կը դադրի Վաղէսի 10-րդ տարին, քանի որ Պապ սպաննուած է 11-րդ տարին։ Մեր պատմագիրները Պապի մահը Թէոդոսի 20-րդ տարին յետաձգելով (ԽՈՐ. 229), Վաղէսի մնացորդ 4, եւ Թէոդոսի տրուած 20 տարիներով 24 տարիներու յաւելուածական սխալ մը ըրած կ’ըլլան։ Թող որ Թէոդոս 16 տարի թագաւորած լինելով, 20-րդ տարի ալ ունեցած չէ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք