Շահակին վրայ զանազան անգամներ խօսելու առիթ ունեցանք, որով նորա նախընթացը բացատրուած եղաւ։ Լուսաւորչի ժամանակէն նախապատիւ ճանչցուած՝ Աղբիանոս եպիսկոպոսի հաւանաբար թոռը, Մանազկերտացեաց ազգատոհմին պետը, Մանազկերտի եւ Հարք գաւառի, այժմեան Մանազկերտի եւ վերին Պուլանըքի՝ թեմակալ եպիսկոպոսը, Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասակարգին նախաթոռը, եւ Աղբիանոսի տրուած արքունական դրան վերակացութեան (ԱԳԹ. 442) ժառանգ էր Շահակ, աչքի զարնող դիրք մը ունէր, եւ ամէն անգամ որ թագաւորական եւ պետական գործերու համար կաթողիկոս չէր գտնուէր, Շահակ էր որ իբրեւ կաթողիկոսի երկրորդ անոր տեղը կ’անցնէր։ Այսպէս եղաւ երբոր Փառէնի մահուընէ ետքը պատրաստ ընտրելի չգտնուեցաւ, Շահակ առջեւ կոչուեցաւ, բայց այս անգամ իսկապէս եւ պաշտօնապէս կաթողիկոսական գահը բարձրանալով։ Ոմանք կարծեցին Շահակը նույնացնել Բարսեղ Կեսարացւոյ նամակին մէջ յիշուած Սահակի կամ Յուսիկի հետ, սակայն բնաւ նշան մը չենք գտներ այս մասին։ Շահակը առ նուազն 70-ը անցած ծերունի մը պէտք է ենթադրել, նկատի առնելով իր նախընթաց գործունէութիւնը, եւ իր մօտալուտ վախճանը։ Թերեւս թագաւորն ու նախարարներն ալ Ներսէսի երիտասարդական աշխոյժէն ձանձրացած, երիտասարդ Սահակը չուզեցին կաթողիկոս ունենալ, եւ ծերունի հանդարտաբարոյ Շահակը աթոռ բարձրացուցին։ Խորենացին զայն կը նկարագրէ, իբր՝ ոչ հեռի ի գովութենէ (ԽՈՐ. 228), կենսագիրը կ’ընդունի, թէ՝ էր այր գովելի եւ լի առաքինութեամբ եւ բարեկարգութեամբ կրօնի (ՍՈՓ. Է. 27), մինչ Բուզանդ նորէն հետամուտ է զայն պախարակել, թէ՝ երկնչոտ էր եւ հաւան, եւ ըստ կամաց թագաւորին միայն ունէր զպատիւն, համարձակութեամբ ինչ ընդ ումեք զիշխէր բարբառեալ, եւ կայր ի լռութեան (ԲԶՆ. 233)։ Երկու կողմերէն ըսուածները ամփոփելով կը գտնենք ծերունի եւ հանդարտաբարոյ անձ մը, զգացումներով ուղիղ, բայց խոհեմութիւնը մինչեւ վերջին ծայրը պահպանող, եւ քաղաքական ու պետական գործերը կարգադրելէ եւ իշխողներու ուղղութիւն տալէ հեռու։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք