Անցողակի յառաջ բերենք այստեղ արտաքիններէն պահուած յիշատակ մը։ Բարսեղ Կեսարացւոյն գործերուն մէջ կայ, 92 թուով նշանակուած թուղթ մը, Իտալիոյ եւ Գաղղիոյ եպիսկոպոսներուն, որպէսզի Արիանոսաց զօրանալուն դէմ աշխատին եւ Արեւելքի եպիսկոպոսներուն օգնեն։ Այդ թուղթին գրողներն են 32 եպիսկոպոսներ, որոնց անունները միայն կան առանց իրենց վիճակներուն յիշատակութեան, բայց կ’ենթադրուի, թէ ժամանակին նշանաւորագոյն եպիսկոպոսներն են։ Այսպէս առաջին յիշուած Մելիտոս եւ Եւսեբիոս եւ Բասիլիոս անունները կը նոյնացուին Անտիոքայ եւ Սամոսատայ եւ Կեսարիոյ հայրապետներուն հետ, անոնցմէ ետքը յիշուած են Գրիգոր եւ Անթիմոս եւ Եւստաթէոս, որք կը նոյնացուին Նազիանզու եւ Թիանիոյ եւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսաց հետ, նոյնպէս ալ 29-րդ յիշուած Ներսէս անունը շատեր կը նոյնացնեն Ներսէս հայրապետին հետ (ԿԷՐ. Բ. 1168)։ Նամակին մէջ ըսուած չէ թէ ժողովական գործ է, բայց 372-ին Կեսարիոյ մէջ գաւառական ժողով մը եղած է Յունիս ամսոյն (ՊԷԼ. Ա. 459), եւ Բարսեղ ալ 370-ին յաջորդած է Եւսեբիոսի, եւ 372 թուականը կը վերագրուի սովորաբար վերոհիշեալ նամակին։ Հայաստան այս միջոցին պատերազմներէ զերծ էր, եւ Ներսէսի անհնար չէր հաւատոյ խնդիրի համար Կեսարիա երթալ։ Միայն թէ այսպիսի ուղեւորութեան մը յիշատակը բնաւ չկայ մեր պատմագիրներուն մէջ, եւ այս լռութիւնը եւ Ներսէսի անունին շատ վերջ թողուած լինելը, կը թելադրեն կարծել, թէ յիշուած Ներսէսը՝ Հայոց հայրապետը չէ, այլ ուրիշ համանուն մը Փոքր Հայոց վիճակներէն։ Իսկ եթէ Ներսէս անունը անսովոր երեւի Փոքր Հայոց եպիսկոպոսներուն մէջ, մարթ է ըսել, թէ յիշեալ նամակը ժողովով գրուած չէ, այլ հետզհետէ ստորագրուած է ձայնակցող եպիսկոպոսներէ։ Մանաւանդ որ անուններուն մէջ կը գտնուին նաեւ Խոսրով եւ Մարիս անուններն ալ, որ բուն արեւելեան են, ինչպէս նաեւ Աբրահամ եւ Իսահակ անուններ, որք աւելի Արեւելքի մէջ գործածական են։ Անուններուն կարգը զննելով ալ կը տեսնենք, որ երիցութեան կամ նուիրապետութեան կարգ պահուած չէ, որ Ներսէսի անունին վերջերը մնալը խնդրոյ նիւթ ըլլայ։ Ամէն առթի մէջ քանի որ ստորագրողներուն վիճակները յիշուած չեն, դժուար կը լինի այդ մասին ստոյգ եւ ապահով տեսութիւն մը կազմել։ Բայց նախադասելի կ’երեւի կարծել, թէ առանց ժողովական գումարման նպատակին ձայնակցող գլխաւոր աթոռներու անունին խմբագրուած թուղթ մըն է։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք