ԳՆԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (128)

Գնէլը հեռացուած ըլլալը չէր բաւեր Տիրիթին նախանձը յագեցնելու, վասնզի Գնէլի ձիրքերը եւ առաւելութիւնները չէին դադրած, եւ դէպ իրեն եղած համակրութիւնը՝ միասին փոխադրած էր Առբերանի եւ Աղիովիտ հեռաւոր գաւառներն ալ, որ իրեն սահման նշանակուած էին։ Տիրիթ եւ Վարդան առիթ կ’առնէին անտի իրենց չարամտութիւնը յառաջ վարելու, եւ ուրիշ չարախոհ մարդիկ ալ գործակից ընելով (ՍՈՓ. Զ. 43), կը յաջողէին Արշակը համոզելու, թէ Գնէլ միշտ նոյն խորհուրդը կը սնուցանէ, թագաւորը մեռցնել եւ ինքը թագաւորել, եւ թէ Գնէլը մէջտեղէն վերցնելէ զատ ուրիշ միջոց չկար վտանգը հեռացնելու։ Այս կերպով կը կազմուի Գնէլի սպանութեան որոշումը, որ ըստ Խորենացւոյ կը գործադրուի Արշակի եւ Գնէլի բարեկամաբար որսի ելած ատենը, որուն մէջ նոյնինքն Վարդան, իբր թէ սխալմամբ կամ հանդիպմամբ որսին տեղ Գնէլը կը զարնէ (ԽՈՐ. 210)։ Տարբեր է Բուզանդի եւ կենսագիրին յառաջ բերած պատմութիւնը, բայց երկուքին մէջ ալ բարեկամութիւն կեղծելու եւ նենգութեամբ սպաննելու պարագան կը հաստատուի։ Նաւասարդի տօնին առթիւ, նորէն նոյն Վարդանը կը յղուի Գնէլի, ըսելու թէ Արշակ միտքը փոխած է քո վրայ, եւ չ’ուզեր զտօնս նաւասարդաց առանց քո անցուցանել եւ հաւանեցնելու, որ հանդերձ իւրով կնաւն եւ դրամբն գայ թագաւորին մօտ, Գառնի գաւառը, Շահապիվան աւանը, ուր էր արքունի բանակը։ Այնտեղ եկած էր Ներսէս ալ, թագաւորին հետ կատարելու մեծ տօնը, իր տեղի իր գործակից եպիսկոպոսները յղելով Բագաւանի եւ Աշտիշատի աշխարհատօներուն, Խադը՝ Բագաւան, եւ Աշտիշատ՝ Մուրիկը (ԲԶՆ. 121), կամ աւելի ուղիղ Մաւրիկը՝ որ է Մաւրիտիոս։ Միւս կողմէն գաղտնի հրահանգ կը տրուէր Երազմակ դահճապետին, որ Գնէլը եկած ատեն, դեռ բանակը չմտած, բռնէ ու կապէ եւ գաղտնաբար սպաննէ։ Այդպէս ալ ըրաւ Երազմակ. իր զինեալ հետեւորդները Գնէլը ձիէն վար առին, եւ ձեռները ետին կապելով սպանման տեղը տարին։ Փառանձէմ, որ մէկտեղ էր, այլյայլմէ եղած, կը վազէ արքունի բանակը, եւ շիտակ եկեղեցին կը մտնէ, ուր Ներսէս առաւօտեան ժամերգութեան ներկայ էր, կը պատմէ եղածը, եւ թախանձելով կը խնդրէ, որ թագաւորին իմացնէ եւ իր ամուսինը ազատէ։ Ներսէս եկեղեցին եւ ժամերգութիւնը կը թողու, թագաւորին կ’երթայ, բայց սա իբր թէ քունի մէջ սամուրենիով գլուխը քօղարկած անշարժ կը մնայ։ Ներսէս ձեռքէն բռնելով կը ցնցէ Արշակը եւ ծանր կերպով կը խօսի, որ Գնէլը վտանգէն ազատէ, թէ ոչ Աստուած ալ ի քեզ ոչ խնայեսցէ (ԲԶՆ. 122)։ Արշակ կամաւ թուլանայր եւ զաչսն խնոյր, որպէսզի ատեն վաստկի, իսկ Ներսէս սիրտին եռանդէն երիվար ձայնէր, եւ կ’ուզէր երթալ իբրեւ զսուրհանդակ, զի ինքն հասցէ Գնէլայ, եւ ահա նոյն ատեն ներս կը մտնէր Երազմակ ըսելով, թէ կատարեցաք զհրամանս թագաւորին եւ սպանաք զպատանեակն Գնէլ (ՍՈՓ. Զ. 46)։ Ներսէս այս լսելով կը սկսի սաստիկ կերպով յանդիմանել Արշակը, իր կեղծուպատիր ընթացքին համար, կը հռչակէ, թէ նա ինքն է Տիրանի եւ Գնէլի սպանիչը, եւ թէ անէծքի ներքեւ ինկած է, եւ թէ Աստուած չարաչար կերպով իրմէ եւ իր մեղսակիցներէն պիտի լուծէ այդ անիրաւութեանց վրէժը։ Ասոր վրայ Ներսէս արքունիքը կը թողու եւ Արշակէ կը հեռանայ, եւ այլ ոչ դարձաւ անդրէն յայն բանակ։ Արշակ ամօթահար, իբր թէ ծածկել ուզելով ճշմարտութիւնը եւ զինքն անգիտակ ցուցնելով եղելութեան, մեծահանդէս սուգ կը կատարէ, եւ բոլոր տօնի եկողները կը ստիպէ զի դիցեն աշխար կոծոց եւ լացցեն զԳնէլ մեծ սեպուհն Արշակունի։ Փառանձէմ զհանդերձսն պատառեալ. զգէստս արձակեալ ի մէջ աշխարին կոծէր (ԲԶՆ. 124)։ Գնէլի սպանութեան թւականը ճշդելու փաստ կ’ընծայեն Բուզանդի խօսքերը, թէ վաղիւն հասելոյ առաւօտուն օրն լուսանայր կիւրակէն՝ եւ յայնմ աւուր տօն դիպեցաւ (ԲԶՆ. 121), որ է ըսել, թէ այն տարին նաւասարդի մէկին տօնական օրը կիրակի կը հանդիպէր։ Արդ, հայկական շարժական տոմարի հաշուով, նաւասարդի առաջին օրը կիրակի հանդիպած է 359-ին, համապատասխանելով հռոմէական տոմարին Օգոստոս 29-ին։ Այս թուականը ամէն կերպով կը համապատասխանէ պատմական պահանջներուն, եւ 350-ին Արշակի թագաւորելէն, եւ 353-ին Ներսէսի կաթողիկոսութենէն սկսելով պատշաճ միջոց մը կը թողու հայրապետական գործունէութեան առաջին մասին, երբ թագաւոր եւ կաթողիկոս հաշտ գործակցութեամբ կ’աշխատէին։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...