Բուզանդ անուն չի տար, թէ այդ որոշումները տուող Կեսարիոյ եպիսկոպոսը ով էր, սակայն ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է Բարսեղ Կեսարացին ըլլայ, որ 370էն մինչեւ 379 Կեսարիոյ աթոռին վրայ էր, եւ ան միայն կրնար 373ին որոշումներ տալ։ Եթէ որեւէ աննշան եւ անծանօթ անձ մը ըլլար, գոնէ յիշատակին կորած լինելը ենթադրուէր, բայց Բարսեղի բոլոր գործերը, գրուածները եւ նամակները ամենայն մանրամասնութեամբ եւ կատարեալ ամբողջութեամբ մեզի հասած են, եւ անոնց մէջ Բուզանդի պատմած բաները բնաւ չեն գտնուիր։ Եւ այս բաւական է՝ Բուզանդի տեղեկութիւնը ստելու եւ հերքելու։ Բարսեղի թուղթերէն ՂԹ.երորդը կը խօսի ապաքէն Հայերու վրայ, եւ կ’ըսէ, թէ` հաստատեցի խաղաղութիւն ի մէջ եպիսկոպոսաց, եւ թէ` ետու կանոնս վասն իրաց յորս անտարբերութեամբ մեղանչէին Հայք, որ կրնայ կասկածի առիթ տալ ոմանց կամ թերեւս առիթ ալ տուած է Բուզանդի գրածներուն, սակայն այդ թուղթին մէջ յիշուած են Թէոդորոս Նիկոպոլսոյ, Եւստաթէոս Սեբաստիոյ, Մելիտոս Գերասիոյ եւ Կիւրեղ Սատաղիոյ եպիսկոպոսները, այսինքն` այժմեան Շապինգարահիսար, Սվազ, Կիրասոն եւ Սատաղ քաղաքները, որք հին Առաջին Հայոց եկեղեցական նահանգը կամ մետրապոլտութիւնը կը կազմեն, եւ Կեսարիոյ կամ Պոնտոսի եքսարքութեան ներքեւ են, եւ Հայաստանի կամ Հայոց հայրապետութեան շրջանակէն դուրս կը մնան։ Բարսեղի թուղթերէն ՃՂԵ.երորդն ալ, Կողոնիոյ եպիսկոպոսին ուղղուած է, եւ Կողոնիա ալ Առաջին Հայոց քաղաքն է, այժմ Քէօյլիւհիսար, որոնց մէջ Բարսեղ յայտնապէս կ’ըսէ, թէ ստէպ կը գրէ նաեւ այլոց եղբարց Փոքուն Հայոց, որով թէ Բարսեղի եւ թէ ուրիշ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսներուն բերնին մէջ եւ գրիչին ներքեւ Հայոց վրայ խօսուած ատեն, միշտ Առաջին Հայք եւ Երկրորդ Հայք կ’իմացուին, իբր Պոնտոսի եքսարքութեան ենթարկեալ գաւառներ. եւ ոչ երբեք Մեծ Հայք։ Բոլոր պատմութեանց մէջէն անհնար է գործ մը կամ պարագայ մը ցուցնել, որով Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսներ Մեծ կամ բուն Հայաստանի վրայ իրաւասութիւն կամ հսկողութիւն կատարած ըլլան։ Ստացեալ ձեռնադրութիւններն ալ պատուադիր նպատակէ անդին չեն անցնիր, եւ երբեք իրաւասական նշանակութիւն չեն կրնար ունենալ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք