Ներսէսի ձեռնարկած բարեկարգութիւններուն առաջիններն եղան բարեգործականներ։ Բորոտներ եւ ուրուկներ, եւ ուրիշ վարակիչ ախտեր ունեցողներ, բնակութենէ կը մերժուէին եւ անխնամ կը թողուէին, Ներսէս անոնց համար ուրկանոցներ եւ հիւանդանոցներ հաստատեց։ Որբեր, ծերեր եւ չքաւորներ ալ խնամքէ զուրկ կը մնային, Ներսէս հրամայեց իւրաքանչիւր քաղաքի եւ գիւղի մէջ աղքատանոցներ բանալ եւ այդպիսիները պատսպարել։ Հիւրեր եւ օտարներ ապաստանելու տեղ չէին գտներ, ուստի պատուիրեց որ ասանկներն ալ աղքատանոցներու մէջ ընդունուին։ Եւ որպէսզի բարեգործական հաստատութիւններ կարենան պահպանուիլ, իւրաքանչիւրին համար որոշ թուով գիւղեր եւ ագարակներ յատկացուց, եւ սահմանեց, որ անոնց բերքերէն՝ յարդեանց անդաստանաց եւ ի կթից արօտականաց եւ ի գեղմանց (ԽՈՐ. 206), հոգացուին նոյն հաստատութեանց ծախքերը։ Ըսուած չէ, թէ ինչ կերպով զատեց եւ ինչ կանոնով որոշեց այդ հասութաբեր գիւղերը, բայց հարկաւ թագաւորական հրամանի ալ պէտք ունեցաւ, կամ թէ նախարարներէն առատաձեռն տուուչութիւններ կրցաւ ստանալ։ Գիտենք, թէ հին ատեններ, ոչ պետութիւններ եւ ոչ այլ հաստատութիւններ, հասոյթի դրամական գանձարան չունէին, այլ ամէն պէտքեր բնական բերքերով կը հոգացուէին, եւ հարկեր ու տուրքեր ալ մեծաւ մասամբ նոյն ձեւով կը վճարուէին։ Տրդատի համար ըսուած է, թէ՝ օրէնք դրաւ չորս չորս հողս երդւոյ յամենայն ագարակ տեղիս, իսկ յաւանսն եօթն եօթն հողս երդոյ եկեղեցականներուն յատկացնել (ԱԳԹ. 436), թերեւս անոնցմէ բաժին հանեց Ներսէս իր հիմնած բարեգործական հաստատութեանց, կամ թէ իւրաքանչիւրին վրայ յաւելուածներ օրինագրեց կամ օրինագրել տուաւ։ Այս ամէն հաստատութեանց վրայ ընդհանուր հսկող եւ վերակացու նշանակեց իր հաւատարիմ Խադ սարկաւագապետը, որ էր ի Մարգաց Կարնոյ (ԽՈՐ. 206) կամ ի Կարին գաւառէ ի գեղջէ Մարագայ (ԲԶՆ. 108), որ այժմեան Կան գիւղին տեղը կը կարծուի։ Խադին տրուած պաշտօնին ընդարձակութիւնը եւ Ներսէսի անոր վրայ դրած վստահութիւնը, Խադին կատարեալ գովեստը կը կազմեն։ Պատմութիւնը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ միւս այլ Ներսէս՝ թէ բարեգործական աշխատութեամբը եւ թէ վարչական հանճարովը, ինչպէս առաջիկային պիտի յայտնուի։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք