Արշակի անունին արատ բերող գործերէն մէկն ալ Արշակաւանի եղելութիւնն է։ Արշակ մեծամտութիւն ունեցաւ իր անունով քաղաք մը շինել, եւ գեղեցիկ դիրք մը զատեց Կոգովիտ գաւառին մէջ, այսինքն է Մասիսի հարաւ-արեւմտեան ստորոտը որ դէպի Պայազիտ կը նայի։ Որչափ ալ ժամանակը ճշդուած չէ, այլ Արշակաւանի հիմնարկութիւնը տեղի ունեցած պիտի ըլլայ մերձաւորաբար այն միջոցին, որ Ներսէս արքունիքէն հեռացած կը մնար, որով գործին մասնակցութիւն չունեցաւ։ Բայց կ’երեւի թէ Արշակի դաստակերտը մէկէն յաջողութիւն չգտաւ, որ Արշակ զայն շէնցնելու համար ապաստանի քաղաք հռչակելու ձախող գաղափարը ունեցաւ, որ ոք անկեալ անդր բնակեսցէ, մի լիցի ի վերայ նորա իրաւունք դատաստանի։ Այս բաւական եղաւ, որ Արշակաւան յանկարծ բազմամարդանայ, եւ լինի Ժողով մարդկան մեղաւորաց։ Ինչչափ եղեռնագործներ կային, աւանդառուք եւ պարտականք եւ ծառայք եւ վնասակարք եւ գողք եւ սպանողք եւ կնահանք, ամէնքն ալ Արշակաւան խուժեցին, եւ նորէն ալ ազատաբար ոճիրներ գործելու դուռ բացուեցաւ։ Այդ հրամանը պէտք է դնել յունապարսիկ դաշնագիրէն անմիջապէս ետքը, երբոր Ներսէս պատգամաւորութեան գնաց։ Բոլոր աշխարհին հանդարտութիւնը վրդովուեցաւ, ընտանեկան խաղաղութիւն, կենաց ապահովութիւն, եւ ստացութեանց կանոնաւորութիւն չմնաց։ Նախարարներ թագաւորին բողոքեցին եւ առաջարկեցին հրամանը ետ առնել, բայց Արշակ իր դաստակերտին բազմամարդանալէն շլացեալ ոչինչ լուաւ նոցա (ԽՈՐ. 213)։ Խադ ալ սկսաւ ձայն բարձրացնել, յանդիմանել եւ բողոքել, մինչեւ իսկ չհաւանեցաւ այնտեղ սեղան ուղղել, այն է Արշակաւանի նոր եկեղեցւոյն մէջ հոգեւոր պաշտօն կատարել (ԲԶՆ. 110)։ Երբոր Ներսէս Բիւզանդիոնէ դարձաւ այն ալ միջամտեց, որ ապաստանի դրութիւնը վերցնէ, ժողվուած մարդիկը ցրուէ, եւ իրաւունքներու եւ պարտքերու հատուցման հրաման ընէ, եւ կը խոստանար իսկ որ արդարութեամբ շէնցնեն Արշակաւանը։ Բայց Արշակ բնաւ ականջ չէր կախեր եւ ծաղր առնէր զբան կաթողիկոսին (ԲԶՆ. 114)։ Նախարարներ Արշակի անտարբերութեան վրայ զայրացան, եւ իրենցմէ մերձաւորները զինուեցան, դիմեցին ի վերայ արքունական ձեռակերտին Արշակաւանայ եւ հարին զնա սրով սուսերի (ԽՈՐ. 213)։ Ներսէս լսելով վրայ հասաւ կոտորածը արգելել, եւ կոտորուածներուն տղաներն հաւաքել եւ խնամել (ԽՈՐ. 214)։ Կոտորելոց դիակները հիւանդութեանց ալ պատճառ եղան, եւ ախտ մը զոր չարակեղն իմն կոչեն. իսկ կէսքն ժանգ անուանեն, երեք օրուան մէջ քաղաքը անմարդացուց, եւ իբր 20,000 (ԲԶՆ. 115) կամ 18,000 երդ. որ է տուն (ՍՈՓ. Զ. 65), կորան կոտորածով եւ ժանտախտով, եւ քաղաքը անբնակ դարձաւ։ Աւելի ուշ երկրաշարժ մըն ալ վրայ հասաւ (ՍՈՓ. Զ. 65) եւ շինութեանց մնացորդները կործանեց եւ այժմ հազիւ թէ աննշան հետքեր կ’երեւին Խարապապազար կոչուած տեղը։ Արշակաւանի կործանումը իդէպ է հաշուել 366-ին, բայց անկէ ի վեր անոր չարագուշակ անունը մոռցուած չէ, եւ Հայոց մէջ Սոդոմ-Գոմորի համանշանակ իմաստ ստացած է։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք