Արշակ ուղիղ ճամբէ շեղիլը հետեւանք եղած էր Տիրիթի քսութեանց, եւ իրօք ալ թագաւորներ երբեք չեն կրցած իրենց ուղղամտութիւնը պահել, երբոր իրենց իշխանութեան դէմ լարուած դաւաճանութեանց, սուտ թէ ստոյգ տեղեկութեանց դիմաց կը գտնուին։ Անգամ մըն ալ, որ շիտակ ճամբէն կը շեղին, այլեւս ոճիրներ կարծես շղթայեալ իրարու կը հետեւին։ Տիրանի եւ Գնէլի սպանութեանց ետեւէն եկաւ Տիրիթի սպանութիւնը։ Սա Գնէլի դէմ լարած դաւաճանութեան մէջ երկրորդական նպատակ մըն ալ ունէր, Փառանձէմը իրեն առնուլ, որուն անհամեմատ գեղեցկութիւնը եւ կիրթ բնաւորութիւնը իր նախանձն էր շարժած։ Ուստի երբ Փառանձէմ անմխիթար կ’ողբար, Տիրիթ անոր լուր ղրկեց, թէ ինքն անոր մխիթարիչը պիտի ըլլայ (ՍՈՓ. Զ. 49), եւ Արշակէ խնդրեց անոր հետ ամուսնանալ (ԲԶՆ. 126)։ Արշակ, որ Գնէլի յուղակաւորութեան ատեն լաւ դիտած էր Փառանձէմը, եւ անոր գեղեցկութենէն հմայուած, կասկածանօք լսեց Տիրիթի առաջարկը, եւ հետազննելով իմացաւ, թէ ինչու քսութեանց դիմած էր Տիրիթ, ուստի անոր դէմ ալ թշնամացաւ։ Տիրիթ փախաւ, բայց Արշակ ետեւէն զինուորներ ղրկեց, որ Բասենի եւ Տայոց սահմանները եղող, այժմեան Սողանլուի անտառներուն մէջ զինքը գտան ու սպաննեցին։ Իսկ Փառանձէմ, Արշակի հրամանով արքունիքին մէջ ընդունուեցաւ ի կնութիւն կ’ըսէ կենսագիրը (ՍՈՓ. Զ. 50). թէպէտ դժուարին է բառին օրինաւոր իմաստովը առնել այդ բացատրութիւնը, քանի որ Ողիմպիադայի հետ օրինօք ամուսնացած էր, եւ յայտնապէս Ողիմպիադայի, առաջին կնոջ Արշակայ հանգամանքը կը տրուի (ԽՈՐ. 210)։ Պատմագիրներէն ոմանք Ողիմպիադայի ամուսնութիւնը ասկէ ետքը եղած կը կարծեն, սակայն մենք արդէն այդ կէտը ճշդեցինք արտաքին պատմիչներէն ալ (§ 118), եւ հնար ալ չէ ենթադրել, թէ այսչափ ետքը Ներսէս կաթողիկոս կրցած ըլլայ Արշակի հարսնցու բերելու չափ ստորնանալ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք