Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինք կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերես կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու միտք չէր ցուցներ։ Այս միտքով, նախ զանազան նենգաւոր միջոցներով, ապա մասնաւոր թշնամութիւններով Հայոց քաղաքական կացութիւնը կը ջանար պառակտել, նախարարներէն քանիները հրապոյրներով, եւ ուրիշները սպառնալիքով ու բռնութեամբ իրեն կողմը կը ձգէր, եւ Հայաստանի վրայ արշաւանքներ կը սկսէր (ԱՄՄ. 426)։ Այդ ջանքերուն մէջ իրեն օգնական եւ խորհրդական ունէր, երկու ուրացեալ Հայ նախարարները՝ Մեհրուժան Արծրունին եւ Վահան Մամիկոնեանը (§ 134), որոնք լատին պատմագիրէն Կիւլակէս եւ Արտաւան են կոչուած (ԱՄՄ. 426), հարկաւ ուրացութենէ ետքը անուննին ալ փոխած ըլլալնուն համար, քանի որ յայտնապէս կը յիշէ թէ Արտաւան առաջ Հայոց բանակին հրամանատարն էր (ԱՄՄ. 426), եւ այս կերպով Վահան Մամիկոնեանը կը մատնանշէ։ Նոր կացութիւնը յանկարծ կը յեղափոխէր Հայոց քաղաքականութեան ընթացքը։ Արշակ Շապուհի յարձակումներէն զզուած, եւ քիչ մըն ալ Վաղէսի խոստումներէն ոգեւորուած, կը միանար Ներսէսի եւ նախարարներուն հետ, որպէսզի համաձայն եւ համերաշխ կերպով դէմ դնեն Պարսիկներուն, եւ անոնց համամիտ սակաւաթիւ Հայ նախարարներուն։ Ներսէս ոգեւորիչ էր այդ համաձայնութեան, Վասակ Մամիկոնեան էր հայագունդ բանակին, եւ իրեն օգնական ունէր Անդովկ Սիւնին՝ Փառանձէմ թագուհիին հայրը (ԲԶՆ. 165). իսկ Արշակ անձամբ եւ իշխանութեամբ կը հովանաւորէր զինուորական ձեռնարկները։ Շարք մը պատերազմներ տեղի ունեցան այնուհետեւ Պարսից եւ Հայոց մէջ, սակայն անհնար է հետեւիլ Բուզանդի պատմածներուն, որ 24 յարձակումներ կը թուէ, զատ զատ Պարսիկ զօրավարներու անունով, եւ իւրաքանչիւրին ձեռքին տակ 40-է մինչեւ 400 բիւր զօրաց բանակներ, եւ ամէնն ալ Հայերէ չարաչար յաղթուած եւ ի սպառ կոտորուած, այնպէս որ եւ ոչ մի ոք ապրեցուցանէին (ԲԶՆ. 149-162)։ Այս տեսակ առաւելաբանութիւններն են, որ Բուզանդի պատմութիւնը կեղակարծ կը դարձնեն, եւ նոյն մեղադրանքը դիւրաւ ուրիշ պատմածներուն վրայ կը տարածուի։ Եթէ իրօք այդ ըլլար հայապարսիկ պատերազմներուն ելքը, ոչ Պարսկաստան զինուոր մնացած պիտի ըլլար, եւ ոչ ալ Հայ նախարարներ պատերազմներէ պիտի ձանձրանային, Արշակի դէմ ելած պիտի չըլլային, եւ պատերազմելու պիտի չդժկամակէին։ Նախարարներուն բերանէն ըսուած է, թէ այս երեսուն ամ է թագաւորին մերոյ Արշակայ, զի ոչ մի ամ մեզ հանգիստ ոչ եղեւ ի պատերազմէ (ԲԶՆ. 165), որ միայն Արշակի վրայ չի կրնար իմացուիլ, վասնզի Արշակ ոչ իսկ 30 տարի թագաւորութիւն ունեցաւ, եւ ոչ ամէն տարի պատերազմի մէջ եղաւ։ Այլ յաւէտ պէտք է ըսել, թէ 337-էն, այսինքն՝ քառասնամեայ խաղաղութեան լրանալէն մինչեւ 367, Հայաստան ապահով խաղաղութեան ատեն չունեցաւ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք