ՊԱՊԻ ԿԵՆՑԱՂԸ (163)

Շահակի հայրապետութեան առաջին տարին Պապի թագաւորութեան վերջին տարին եղաւ։ Պապ մէկ կողմէն իր զեղխ եւ անառակ կեանքին հետեւող, եւ երիտասարդական անխորհուրդ թափէ վարուած, երկրին բարօրութեան հոգ տանող չէր. միւս կողմէ անձնասէր եւ շահասէր խորհրդականներէ շրջապատեալ լուրջ ուղղութիւն մը կազմելու անկարող էր, բարոյական եւ կրօնական սկզբունքներու ալ յարգ չէր զգար, որով, ոչ յանիրաւի, իր դիրքին անբաւական կը նկատուէր եւ ուղղութեան ալ գալու յոյս չէր տար։ Տերենտիոս, որ Պոնտոսի գաւառին կայսերական կողմնակալն էր, եւ դրացութեան բերմամբ Հայաստանի վրայ հսկողութեան եւ բիւզանդական շահերու պաշտպանութեան յանձնարարութիւն ունէր, բացէն թշնամացաւ Պապի հետ, զայն փոփոխելու գաղափարն ալ յղացաւ, որովհետեւ ծառայաբար նորա հրահանգները կատարելու փոյթ չունէր։ Տերենտիոս սկսաւ ամբաստանութիւններ գրել Վաղէսի՝ Պապին ընթացքին դէմ, թէ Հայերը դժգոհ են իրենց թագաւորէն, եւ միտում ունին Պարսից կողմը անցնելու. ուստի պէտք է Պապը հանել, եւ Հայերուն ուրիշ թագաւոր մը տալ, որպէսզի Յոյներէն չպաղին, եւ Պարսիկներուն չյարին։ Լատին պատմիչը որ իրաց կացութիւնը կը պարզէ, աւելի Պապի նպաստաւոր է, քան Տերենտիոսի, զոր իբր քսու կ’ամբաստանէ, իսկ Պապը ժիր եւ յուսալից երիտասարդ մը կը նկարագրէ, եւ լաւ դիտումներու յարմար կը կարծէ, եթէ ուղղամիտ անձէ մը առաջնորդուած ըլլար (ԱՄՄ. 497)։ Այդ տեղեկութիւններով կրնանք բացատրել, թէ ինչպէս Յոյներ, որ Պապը նախադասած ու պաշտպանած էին մօրենական յոյն արիւն ունենալուն համար, կրցան յայտնապէս Պապին դէմ դառնալու եւ մինչեւ իսկ զայն դաւաճանել։ Բուզանդ, որ իր տեղեկութեանց մէջ չափ չունի, Տերենտիոսի բերան դարձած, չարիք չկայ, որ Ներսէսի մահուընէն ետքը Պապի անցուցած վերջին տարուան վրայ չբարդէ։ Այսպէս են, որբանոցներ եւ հիւրանոցներ կործանել, կուսաստաններ ցրուել, կոյսերը պղծել, աղքատաց վերակացուները հալածել, աղքատաց օգնողները պատժել, եկեղեցեաց տասանորդները եւ պտղիները խափանել, ամուսնութեան հաստատութիւնը ջնջել, ազատ կնաթողութիւն ներել, վայրագ սուգերը նորոգել, եկեղեցականները ստրկութեան ստորնացնել, եկեղեցիներու կալուածներուն եօթնէն հինգը գրաւել, համարձակ դիւապաշտութիւնը ընել, եւ մինչեւ իսկ ներել, որ նորէն կուռքեր կանգնուին եւ դրօշեալներու պաշտամունք ընծայուին (ԲԶՆ. 237)։ Բուզանդ աւելի հաւատալի կ’ըլլար, եթէ աւելի չափաւոր ըլլար իր ամբաստանութեանց մէջ, որովհետեւ ոչ Պապի տարիքը, ոչ բնաւորութիւնը, ոչ Ներսէսի մահէն ետքը անցած սուղ ժամանակը, եւ ոչ իսկ Յոյն կուսակալին երեսէն կրած հալածանքը, չէին կրնար իրեն ներել, այդ աստիճան մեծեղեռն ամբարշտութիւններ գլուխ հանել։ Պապ պարտաւորեալ էր Տերենտիոսի քսութիւններէն եւ յունական ստիպումներէն զինքը պաշտպանել, այնպէս որ թերեւս իր սովորական խենէշ եւ անառակ կեանքն իսկ վարելու համարձակութիւնը կը պակսէր։

Հատկորոշիչներ՝ թագաւոր, կենցաղ, Պապ, Տերենտիոս

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ (165)

Պապի դաւաճանութեամբ սպանուելէն ետքը, պահ մը...

ՊԱՊԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (164)

Խորենացի Պապի անօրէնութիւններէն տեղեկութիւն...

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԸ (162)

Շահակին վրայ զանազան անգամներ խօսելու առիթ...