Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն։ Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ։ Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան, ուրիշներ Ալանոազանի գունդերէն մեծ մասին ետ դառնալը տեսնելով քաջալերուեցան, եւ զինուորական պաշտպանութեան պատրաստուեցան։ Փառանձէմ թագուհի Տրդատ արքայորդին ալ մէկտեղ առնելով, գանձերով ու պաշարներով Արտագերսի բերդը ապաւինեցաւ։ Ներսէս հայրապետ եւ Մուշեղ Մամիկոնեան՝ Վասակի որդին՝ նոր սպարապետ, Վաղէս կայսեր դիմեցին, Պարսից դէմ օգնութիւն, քրիստոնէութեան պաշտպանութիւն, եւ նոր թագաւոր ու հովանաւորութիւն խնդրելով։ Վաղէս գոհ մնաց, որ Հայերը իրեն կը դիմեն, թագաւորութեան համար յարմար տեսաւ Պապը, Ողիմպիադա յոյն թագուհիէն եղած Արշակի որդին, Տերենտիոս կամ Տերենտիանոս սպարապետի ալ հրաման տուաւ, որ զօրաւոր բանակով Հայաստան երթայ, եւ Պապի, կամ լատին պատմիչին համեմատ՝ Պարայի թագաւորութիւնը հաստատէ, պայմանով, որ իշխանութիւնը վարէ, առանց արքունական անուն եւ զարդ գործածելու, որպէսզի Յովիանոսի յանձն առած պայմանները զանց ըրած կամ դաշնագիրը եղծած չըսուի (ԱՄՄ. 417)։ Անգամ մըն ալ հարկ կը սեպենք դիտել այն, որ հնար չէ Պապը Փառանձէմի հարազատ զաւակ ընդունիլ, քանի որ Փառանձէմ Գնէլի սպանութենէն ետքը Արշակի կին եղաւ 359-ին, իսկ Պապ 363-ին պատանդ տարուեցաւ, եւ 369-ին թագաւոր հռչակուեցաւ։ Արդ, պատանդ գացած ատեն արդէն ջրթափեաց եւ հուժկու կ’ըսուի, այսինքն է արբունքը անցուցած, որ 4 տարեկան տղուն չըսուի, եւ հռչակուած ատեն գործի գլուխ անցնելու կարող կը նկատուի, որ 10 տարեկանի չի յարմարիր, եւ անհրաժեշտ կը լինի Պապի ծնունդը մինչեւ 352 տանիլ, եւ 16 տարին լրացնելէ ետքը թագաւորած ըսել, որով Ողիմպիադայի զաւակ եղած կ’ըլլայ. սակայն Փառանձէմ մօրուէն մայրաբար սիրուած ու խնամուած։ Արշակ աւելի մեծ զաւակներ ունեցած պիտի ըլլայ ըսինք (§ 118), որով Պապին կայսեր կողմէ նախադասուիլն ալ, մօրենական յոյն արիւն ունենալուն նշանը կ’ըլլայ։ Պատմութեան վերադառնալով, Տերենտիոս Պապը Նէոկեսարիայէ առնելով Հայաստան մտաւ. Ներսէս եւ Մուշեղ, եւ անոնց համախոհ նախարարներ Պապի շուրջը բոլորեցան, եւ պատերազմի ասպարէզ մը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք