Երբոր Արշակ թագաւորեց 350-ին, Ներսէս Հայաստան եկաւ յազգական իւր յԱրշակ արքայ (ՍՈՓ. Զ. 19), որուն հօրաքեռորդի կ’ըսուի (ՍՈՓ. Զ. 15), միշտ ենթադրելով թէ Բամբիշը Տիրանի քոյրն էր, մինչ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար՝ իր մօրեղբայրը ըսել, ինչպէս արդէն բացատրեցինք (§ 101)։ Արշակ ուզելով պատուել իր ազգակիցը, եւ օգտուիլ անոր կարողութենէն, կարգէր զնա սենեկապետ եւ հաւատարիմ ի վերայ կարգաց թագաւորին (ՍՈՓ. Զ. 19)։ Բայց երբ Փառէն վախճանեցաւ, Ներսէս նորէն Հայաստան չէր, այլ կը գտնուէր ի Բիւզանդիոն, նպատակ ունենալով ըստ Խորենացւոյ առնուլ կին զդուստր Ասպիոնայ ուրումն իշխանի մեծի (ԽՈՐ. 202)։ Այդ խօսքը սովորաբար այնպէս իմացուած է, թէ Ներսէս իշխանազուն յոյն օրիորդի մը հետ ամուսնացած է Բիւզանդիոնի մէջ։ Սակայն անոր կենսագիրէն գիտենք, թէ Ներսէս այրի էր Բիւզանդիոն գացած ատեն, եւ երբեք անոր երկրորդ ամուսնութիւնը յիշուած չէ, եւ Բիւզանդի՝ սա լեալ էր ամուսնաւոր ըսելն ալ (ԲԶՆ. 69), նոյն ատեն այլեւս ամուսնաւոր չլինելը կը հաստատէ։ Եթէ Ներսէս Սանդուխտի մեռնելէն ետքը երկրորդ ամուսնութեան մտած ըլլար, եկեղեցականութեան պիտի չընտրուէր եւ ձեռնադրութիւն ալ պիտի չկարենար ստանալ Կեսարիայէ։ Հետեւաբար թիւրիմացութիւն մը կը տեսնենք Խորենացիի պատմութեան մէջ. եւ պէտք է ըսենք, թէ Ներսէս Բիւզանդիոն գնաց ոչ թէ իրեն առնուլ կին, այլ ուրիշի բերել կին։ Իրոք ալ գիտենք թէ Ներսէս Բիւզանդիոնէ կին մը բերած է Արշակի, Ողիմպիադա անունով, այլ այս մեր պատմիչներէն աւելի ուշ կը նշանակուի Ներսէսի կաթողիկոսութեան ատեն (ԽՈՐ. 207, ԲԶՆ. 126), մինչեւ արտաքին պատմիչներէն աւելի մանրամասնեալ տեղեկութիւններ ունինք այդ ամուսնութեան վրայ։ Կոնստաս կայսր նշանուած էր Աբլաբիոս իշխանի մը աղջկան հետ, անունն ալ Ողիմպիադա, բայց չամուսնացած մեռաւ։ Կայսրուհի լինելու սահմանեալ աղջիկը անհնար եղաւ այլեւս հասարակ իշխանի մը հետ ամուսնացնել, եւ Կոստանդ՝ որ Արշակը թագաւորեցուցած էր, ուզեց Յունաց եւ Հայոց բարեկամական յարաբերութիւնները պնդելու համար Ողիմպիադան Հայոց թագուհի ընել, եւ Ողիմպիադա Հայաստան բերուեցաւ եւ Արշակի հետ ամուսնացաւ։ Զայս բացայայտ կերպով կը պատմէ Ամմիանոս ժամանակակից պատմագիր (ԱՄՄ. 208), եւ Աթանաս Աղեքսանդրացին ալ Կոստանդը կը մեղադրէ, որ կայսեր մը խօսեցեալը բարբարոսի մը տուաւ (ԳԱԹ. Բ. 490)։ Այդ եղելութիւնը տեղի ունեցաւ արտաքին պատմագիրներու համեմատ Արշակի թագաւորութեան առաջին տարին, 351-ին, երբ տակաւին Կոստանդ Ասիա կը գտնուէր։ Եթէ այդ միջոցին Ներսէս Բիւզանդիոն գացած է, կամ Բիւզանդիոն գտնուած է, նպատակը եղած է ոչ թէ առնուլ զդուստր Ասպիոնայ ուրումն իշխանի մեծի, այլ՝ բերել կին զդուստր Աբլաբեայ ուրումն իշխանի մեծի, զոր Բուզանդ ի կայսերական տոհմէն ազգաւ եղած կ’ըսէ (ԲԶՆ. 126), Ողիմպիադայի խօսեցեալ կայսրուհի մը լինելուն համար։ Եղելութեան ժամանակագրութիւնը ուղղելով եւ եղելութիւնը իր ճիշդ կերպարանին վերածելով, աւելի յարմար ալ կը դատենք, որ հարսնցու աղջկան ընկերանալու պաշտօնը՝ Ներսէս սենեկապետին տրուած ըլլայ, քան թէ Ներսէս կաթողիկոսին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք