ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԻ ԴԱՌՆԱԼԸ (134)

Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ’ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի եղելութեանց ներքին նշանակութիւնը յայտնուի։ Այս պատճառով պէտք կը զգանք Ներսէսի իբր չորեքամեայ բացակայութեան միջոցին դէպքերը քաղել։ Որովհետեւ Արշակ շարունակեց Շապուհի խոստումներով ու նենգութիւններով ու սպառնալիքներով անոր կողմը անցնելու ստիպումներ կը կրէր, Կոստանդ կայսր Կեսարիա եկած ատեն, զայն իրեն մօտ կանչեց, եւ հաստատուն բարեկամութեան խոստումներ ստացաւ (ԱՄՄ. 207), իսկ Արշակ նորէն իր երկդիմի ընթացքը շարունակեց, այնպէս որ հռոմայեցի պատմիչը չի վարանիր զայն մշտական եւ հաւատարիմ բարեկամ անուանել (ԱՄՄ. 362)։ Ըստ այսմ Յուլիանոս ալ երբոր Պարսից դէմ պատերազմի կը պատրաստուէր, կրցաւ Արշակի ազդարարութիւն ղրկել, որպէսզի քաջամարտիկ գունդերով իրեն օգնելու պատրաստուի (ԱՄՄ. 288)։ Բայց Արշակ յաջողեցաւ կերպ կերպ դարձուածքներով այդ օգնութիւնը չղրկել, եւ զանազան պատճառներով արգիլուած ըլլալը հաւատացնել (ԱՄՄ. 340)։ Պատերազմը ձախող եղաւ կայսերական բանակին, եւ Յուլիանոս ինքն ալ պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ, 363 Յունիս 26-ին, եւ անոր տեղ կայսր հռչակուեցաւ Յովիանոս, ուղղափառ քրիստոնեայ մը։ Յոյժ ձախող վիճակի մէջ նոր կայսրը ստիպուեցաւ ծանր պայմաններով հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրել, որով Հայկական հինգ նահանգներ, Արզն, Մոկք, Զարեւանդ, Հեր եւ Կորդուք, որք Յայնկոյս-Տիգրիսեան յունական կողմնակալութեան կը պատկանէին, բացարձակապէս Պարսից թողուեցան, ինչպէս նաեւ բոլոր Միջագետքը մինչեւ Մծբին եւ Սինգար (ԱՄՄ. 361), եւ որ աւելին է, կայսրը յանձնառու եղաւ, որ ինքն երբեք Արշակի եւ Հայերուն պիտի չօգնէ Պարսիկներուն դէմ (ԱՄՄ. 362)։ Արշակ յուսախաբ մնաց իր քաղաքականութեան մէջ, երբոր Յոյները ձեռնթափ ըլլալով, զինքը Պարսից ձեռքը թողուցին, եւ այս անգամ պէտք զգաց նորէն Յունաց կողմը մշակել, եւ զանոնք յորդորել, որ կերպով մը հովանաւորութիւննին շարունակէն, եւ Պարսիկները ազատ չթողուն ուզածնին ընելու։ Քաղաքականութեան փոփոխուելովը, տեսութիւններ եւ անձնաւորութիւններով, եւ Ներսէսի անձը նորէն իր կարեւորութիւնը ստացաւ։ Ինքնին թագաւորն ելանէր ի խնդիր հայրապետին Ներսէսի (ԲԶՆ. 115), կը գտնէր զայն յԱշտիշատ Տարոնոյ (ՍՈՓ. Զ. 51), խոստանայր լինել ըստ կամաց նորա (ԽՈՐ. 216), նախարարներն ալ խմբովին նոյն աղաչանքը կը կրկնէին, եպիսկոպոսներն ալ կը թախանձէին, կը պահանջէին իսկ, որ ծանր կացութեան հանդէպ, մի՛ անփոյթ զկորստանէ իւրոյ վիճակին առնիցէ (ԽՈՐ. 216)։ Ներսէսի համար դժուար չէր այլեւս զիջանիլ. իր տեսութիւնները կը յաղթանակէին, Յունաց կողմը շահելու խնդիր էր, կայսրն ալ ուղղափառ Յովիանոսն էր։ Ներսէս փառաւորեալ կերպով դարձաւ արքունիքը, թագաւորին եւ գլխաւոր նախարարներուն հետ ժողով գումարեց, եւ միաձայն հաւանութեամբ որոշուեցաւ յատուկ պատգամաւորութիւն մը ղրկել Բիւզանդիոն, նոյնինքն հայրապետին գլխաւորութեամբ, բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու եւ պաշտպանութեան ձեւեր հաստատելու համար։ Իբր պատգամաւորութեան անդամներ 6 հոգի յիշուած են (ԲԶՆ. 106), իսկ կենդանագիրը 17 հոգի կը յիշէ (ՍՈՓ. Զ. 52). բայց թերեւս ասոնք ժողովականերու գլխաւորներն են։ Երկուքէն ալ յիշատակուած եւ առաւել հաւանական պատգամաւորներն են, Գարջոյլ Խորխոռունի, Մուշկան Սահառունի, Մեհեւան Անձեւացի եւ Մեհենդակ Ռշտունի։ Մեհրուժան Արծրունի արդէն հակառակ կարծիք ունէր եւ Պարսից կողմին յարած էր (ԲԶՆ. 144), նոյնպէս Վահան Մամիկոնեան (ԲԶՆ. 264), որք յետոյ հաւատքնին ալ ուրացան (ԽՈՐ. 222)։ Այդ պատգամաւորութիւնը, յունապարսիկ դաշնագրութենէն քիչ ետքը կազմուած ըլլալով հարկաւ Յովիանոսի երթալու գիտաւորութեամբ ճամբայ ելաւ, սակայն Յովիանոս միայն եօթն ամիս պաշտօն վարեց, եւ շնչարգելութեան արկածով մեռաւ 364-ին, եւ պատգամաւորութիւնը Վաղէսը գտաւ կայսերական գահին վրայ, որ թէպէտ քրիստոնեայ, բայց Արիանոսաց պաշտպան էր։ Անգամ մըն ալ կ’ուզենք յիշեցնել, թէ Չոնակ կաթողիկոս մը ստեղծողներ, անոր նկատմամբ խօսք չունի, երբ Ներսէս, որ իր եկեղեցական պաշտօնէն չէր դադարած, պետական գործերու մասնակցութիւնը կը վերստանձնէ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...