Այդ երեքտասանամեայ միջոցին, Տրդատ նորէն պատերազմներ վարեց Պարսից դէմ, որք չէին հրաժարած Հայաստանի մէջ Պարթեւազնեան ճիւղը ջնջելու, եւ երկիրը Սասանեանց ազդեցութեան ներքեւ առնելու գաղափարէն։ Պատերազմի բախտը յաջող գնաց Տրդատի՝ Վռամ Բ-ի հանդէպ, բայց երբ Ներսէհ գահակալեց, նոր ոյժեր հաւաքեց, եւ այնպէս յարձակեցաւ 294-ին, որ Տրդատ պարտաւորուեցաւ անգամ մըն ալ Հռոմայեցւոց մօտ ապաւինիլ, եւ անոնց օգնութեամբ Պարսիկները հեռացնել, եւ իր գահը ապահովել։ Հռոմայեցւոց համար տեսակ մը ինքնապաշտպանութեան գործ էր Հայաստանը պաշտպանել, որ թումբ մը կը կազմէր երկու կայսրութեանց միջեւ. առանց անոր Պարսիկները կրնային դիւրաւ Հռոմէական կայսրութեան սահմանները մտնել։ Գրիգորի միջադէպը ընդհանուր ատելութիւն մը գրգռած էր Տրդատի վրայ քրիստոնէից դէմ, եւ այն ատենէն կրկին հրովարտակներ արձակած էր քրիստոնեաները կռապաշտութեան բռնադատելու եւ գաղտնի քրիստոնեաները կառավարութեան յայտնելու համար (ԱԳԹ. 73, 76)։ Այս պատճառով պահ մը աւելի դժուարացաւ քրիստոնէից վիճակը Հայաստանի մէջ, Թէոդորոս Սալահունիի (§ 39) եւ Սուկաւէտի վկայից նահատակութիւնները (§ 40), ուրիշ նմաններն ալ ունեցած ամէն կողմ, եւ թերեւս այս պատճառով Արտազու աթոռն ալ անգլուխ կրցաւ մնալ ժամանակ մը, կամ թէ հայրապետներ պարտաւորուեցան զժողովս սրբոց ի թաքստեան կառավարել, ինչպէս երբեմն Մուշէ հայրապետ (§ 28)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք