Հաւատոյ պաշտպանութեան կէտն է հարկաւ, որով Ներսէս կը յաջողէր նախարարաց միաբանութիւնը պահպանել, հակառակ ամէն տեսակ նեղութեանց եւ բազմաթիւ տառապանաց։ Արտագերից բերդին անկումը եւ Փառանձէմի գերութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործեցին երկու կողմերուն վրայ ալ։ Շապուհ սոյն յաղթանակէն խրոխտացած, Հայաստանի գրաւման եւ մազդեզացման գործը լրացնելու կը ջանար, մինչ Հայեր ու Յոյներ վերջին տագնապին մէջ երկիրն ու հաւատքը պաշտպանելու կ’աշխատէին։ Յունաց կողմէն Արինթէ (ԱՄՄ. 428) կամ Ադդէ (ԽՈՐ. 225) կամ Ադէ (ԲԶՆ. 189) կոմս օգնութեան կը հասնէր Տերենտիոս սպարապետի բանակը զօրացնելու, եւ Հայեր մասնաւոր յաջողութիւններով եւ ձմեռուան վրայ գալով. առժամեայ ու կարճատեւ հանդարտութիւնը կը վայելէին 369 տարւոյ վերջերը եւ 370ի սկիզբները։ Երբոր ձմեռը անցաւ. Շապուհ իր բանակը ամբողջացնելով Հայաստանի վրայ քալելու կը պատրաստուէր, ուստի Յոյներն ալ, որ այլեւս յայտնապէս Հայոց պաշտպանութեան եւ Պարսից հետ թշնամութիւն սկսած էին, նոր գունդեր ալ յղեցին Հայաստան, Տրայիանոս կոմսի եւ Վատոմար Ալամանի զօրավարութեամբ։ Տերենտիոս ստրատելատ եւ Մուշեղ սպարապետ մտածեցին կանխել եւ Պարսիկներուն ճամբան կտրել. ուստի գունդերնին մղեցին մինչեւ Բագրեւանդ, այժմ Ալաշկերտ գաւառը, ըստ լատին պատմիչին Բագաւանդա (Bagavanda) (ԱՄՄ. 462), Բագաւան քաղաքին անունով կամ Բագրեւանդ անունին աղաւաղմամբ։ Այնտեղ սպասեցին, Պարսկաստանէ Հայաստան անցնող ռազմագիտական ճամբուն վրայ, եւ պատերազմը խառնուեցաւ Բագաւանի հովիտին միւս ծայրը գտնուող Ձիրաւ, այժմ Տիատին կոչուած ընդարձակ դաշտին մէջ (ԽՈՐ. 225)։ Պատերազմին նկարագիրը տալ մեր նիւթէն դուրս է, թէպէտ շատ հետաքրքրական պարագաներով կարեւոր եւ պատմական ճակատամարտ մը եղած է։ Բանակներուն զօրութեան եւ զօրավարներուն ճարտարութեան յարակից եղած է Ներսէսի աղօթքը, որ Նպատի, այժմեան Իւչքիլիսէի վանքին վերեւը բարձրացող լերան գագաթին վրայ՝ զօրավարներուն զէնքերը օրհնելէն ետքը (ԲԶՆ. 199), բազկատարած աղօթքով կ’օժանդակէր հոգեւորապէս, ձեռքերը անխոնարհելի պահելով ի խնդրուածս, հանգոյն նախամարգարէին Մովսէսի (ԽՈՐ. 226) մինչեւ որ լրացաւ նոր Ամաղէկի դէմ յաղթութիւնը։ Ասոր կ’ակնարկէ Երզնկացւոյն շարականը մարտակից զինուորական դասու կոչելով հայրապետը (ՇԱՐ. 417)։ Ներսէսի մօտ կը մնար Նպատի գլուխը՝ Պապ թագաւորն ալ, որուն Տերենտիոս չէր ներած ճակատամարտին խառնուիլ, որպէսզի վտանգի մը չհանդիպի (ԲԶՆ. 197)։ Ձիրաւի յաղթանակէն ետքը Հայոց եւ Յունաց նիզակակից բանակը՝ նոր յաղթութիւն մըն ալ տարաւ Ատրպատականի Գանձակ քաղաքին մօտ (ԲԶՆ. 204) եւ այսպէս պահ մը կ’ազատէր Հայաստան Պարսիկներու արշաւանքներէն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք