Խորենացին շատ պարզ կերպով կը յիշէ Յուսիկի կաթողիկոսանալը, թէ յաջորդէ զաթոռն Յուսիկ որդի նորին (ԽՈՐ. 197), եւ ուրիշ Հայ պատմագիրներ ալ նոյն կերպով կը խօսին եւ ձեռնադրութեան հանդէսի յիշատակութիւն չունին։ Միայն Բուզանդ կը պատմէ թէ ըստ սովորութեան օրինակին, Տիրան մեծամեծ նախարարներէն 13 հատ ուղեկից ընտրեց, եւ ամէնքը մէկէն ճամբայ դրաւ, որ Կեսարիա երթան եւ Յուսիկը ձեռնադրել տան ի կաթողիկոսութիւն, եւ թէ այնպէս ընել տուին, եւ նստուցին զնա յաթոռն առաքելոյն Թադէոսի եւ յաթոռ իւրոյ հաւուն մեծին Գրիգորի (ԲԶՆ. 30)։ Դարձած ատենին Տիրան դիմաւորեց նորընտիր հայրապետը Արտաշատու մօտ Տափերայ կամուրջին վրայ, եւ հանդիսաւոր կերպով առաջնորդեց կաթողիկէ եկեղեցին եւ նստեցուց յաթոռ հայրապետական։ Այդ եղելութեան միմիայն Բուզանդէ պատմուիլը, եւ ուրիշ պատմագիրներուն զայն լռելը, կը ցուցնէ թէ ազգային աւանդութիւնը նպաստաւոր չէր այդ պատմութեան, որով անոր ստուգութիւնն ալ կեղակարծ կը դառնայ։ Գլխաւորապէս դիտելի է, թէ բոլորովին ձրի խօսք մըն է ըստ սովորութեան օրինակին ըսելը, քանի որ բացայայտ կերպով տեսանք, որ Արիստակէս (§ 83) եւ Վրթանէս (§ 88) Կեսարիա չգացին, եւ միայն գացած ըլլալը կրնայ օրինակ մը ըսուիլ, բայց սովորութեան օրինակ չ’ըլլար։ Եթէ ուզենք ալ ընդունիլ Յուսիկի Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առած լինելը, այն տակաւին բացառիկ պարագաներու հետեւանօք եղած կ’ըլլայ։ Վասնզի Յուսիկ եկեղեցական չէր, եւ անոր ձեռնադրութեան համար բացառիկ ձեւ մը գործածել անտեղի չէր ըլլար։ Նոյն իսկ Յուսիկ ալ կրնար փափաքիլ որ Գրիգորի համար պահուած ձեւը նորոգուի։ Բայց աւելի յանկեցուցիչ պարագայ մըն էր, Տիրանի դէպ առ Յոյնս բարեմարդիկ երեւնալու դիտումը։ Դեռ նոր եկած էր Կոստանդնուպոլսէ, եւ անոնց հովանաւորութեամբ կրցած էր ձեռք ձգել իր կորսուած գահը, պէտք ունէր աւելի եւս մշակել Յունաց բարեկամութիւնը, հարկ կը զգար իր երկրին մէջ ալ ոյժ տալ յունասէր կուսակցութեան, առանց մոռանալու, որ կրնայ յատկապէս ալ այդ զիջողութիւնը խոստացած ըլլալ Բիւզանդեան կայսրութեան, իբրեւ պայման իրեն շնորհուելիք կամ շնորհուած օգնութեան։ Ուստի ոչ թէ ըստ սովորութեան օրինակին, այլ իբր բացառիկ մի պարագայ կրնանք ընդունիլ, որ Յուսիկ Կեսարիա գացած, եւ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսէ մը, որուն անունն իսկ յիշուած չէ, ձեռնադրութիւն առած ըլլայ, միշտ պաշտպանելով իր աթոռին անկախութիւնը, որ այս անգամ ալ յայտնապէս ակնարկուած է, Հայոց հայրապետութեան՝ աթոռ առաքելոյն Թադէոսի վկայուելովը. բայց աւելցնենք թէ Բուզանդի պատմութիւնը բիւզանդամոլ ուղղութեան հետեւող է, եւ միշտ Հայերը անարգելու եւ ստորնացնելու հակամէտ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք