Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը տեսանք Գրիգորի, Յուսիկի եւ Ներսէսի հայրապետութեանց ատեն, որոնք կանուխէն եպիսկոպոսական աստիճան չունէին, եւ միանգամայն ըսինք, թէ պէտք չեղաւ Արիստակէսի եւ Վրթանէսի համար, որոնք արդէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առած էին (§ 83, 88)։ Շահակի ալ Կեսարիա երթալ պէտք չէր, քանի որ արդէն եպիսկոպոսութեան աստիճան ունեցող էր (ԲԶՆ. 232) իբր Մանազկերտի եւ Հարքայ եպիսկոպոս (ՍԱՄ. 273), եւ տեղակալութիւն ալ վարած էր։ Բուզանդ ալ կը յիշէ Շահակի առանց Կեսարիոյ հայրապետական աթոռ բարձրանալը, եւ կը պատմէ թէ այս բանիս համար ցասման լեալ հայրապետին Կեսարու, գումարեց ժողով եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին նահանգին Կեսարու, եւ արքեպիսկոպոսն ու ժողովը լուծին զիշխանութիւն կաթողիկոսութեանն Հայոց, որպէսզի այլեւս Հայոց հայրապետը մի՛ իշխեսցէ ձեռնադրել զեպիսկոպոսսն Հայոց, եւ թէ անկէ ետքը բոլոր Հայ եպիսկոպոսցուները պարտաւոր կ’ըլլային, որ ստիպուած երթային ի քաղաքն Կեսարացւոց եւ անդ լինէին եպիսկոպոսք. իսկ Հայոց կաթողիկոսը այնուհետեւ լոկ գլուխ եպիսկոպոսաց անուն պիտի կրէր, եւ ուրիշ եպիսկոպոսներէ ի վերոյ միայն նստէր, եւ հաց օրհնէր թագաւորացն (ԲԶՆ. 232)։ Բայց այսպիսի տարօրինակ եւ անիմաստ կացութիւն մը երբեք տեղի չունեցաւ Հայաստանի մէջ, որ կաթողիկոսական իրաւասութենէ զուրկ ըլլայ կաթողիկոսը, միայն թագաւորական ճաշի սեղանը օրհնելով կաթողիկոսութիւն վարէ, եւ բոլոր Հայ ընծայեալներ եպիսկոպոսանալու համար Կեսարիա երթալու պարտաւոր ըլլան։ Պատմութիւնը ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ատեն այդպիսի կացութեան մը յիշատակութիւնն ու հեռաւոր ակնարկն իսկ չունի, եւ Հայոց եկեղեցին օրինաւորապէս եւ կատարելապէս եւ տեւողապէս հայրապետական իրաւասութիւն գործածող կաթողիկոսներով կառավարուած է։ Կեսարիոյ ենթադրեալ ժողովն ալ, որո՞վ իրաւամբ պիտի կարենար ջնջել Նիկիոյ ժողովին չորրորդ կանոնը, որ երեք եպիսկոպոսներու ձեռօք կատարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, իբր վաւերական եւ օրինաւոր կը ճանչնայ (ԿԱՆ. 28)։ Ո՞չ ապաքէն նոյնինքն Բուզանդն է, որ երեք եպիսկոպոսներով ձեռնադրուած Չոնակը իբր օրիանաւոր կաթողիկոս կ’ընդունի (ԲԶՆ. 127)։ Բուզանդ չ’ըսեր եւս թէ եպիսկոպոս ձեռնադրելէ արգելեալ եւ կերակուրի սեղան օրհնելու միայն արտօնեալ կաթողիկոսը արդեօք հայրապետական իշխանութիւն պիտի գործածէ՞ր վիճակներու եւ եպիսկոպոսներու վրայ։ Եթէ վարչական իրաւասութիւն կը վայելէր, ինչո՞ւ ձեռնադրութեան իրաւունքէ կը զրկուէր, եւ եթէ իրաւասութիւն չէր վայելէր, ո՞վ կը կառավարէր Հայոց եկեղեցին, որովհետեւ Կեսարիոյ աթոռն ալ լոկ ձեռնադրութիւն վերապահած էր իրեն։ Հետեւաբար բաւական է այդպիսի առասպելական պատմութեան հակասական կէտերը յիշել, որ անոր մտացածին եղջերուաքաղ մը եղած ըլլալը յայտնուի։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք