Կեսարիոյ եւ Հայոց աթոռներուն յարաբերութիւնները կ’երեւի թէ ուրիշ ժամանակներ ալ տեսակ մը խնդրոյ նիւթ եղած են, որ անոնց խզուելուն կերպ կերպ մեկնութիւններ փնտռուած են։ Ասոնցմէ մէկն է եւ այն ձեւը, զոր տուած է Ներսէսի հին կենսագիր մը, որուն հետեւած է նաեւ Պատմաբան կաթողիկոսը։ Ասոնց կարծիքով պատրիարքութիւնները առաջ չորս էին չորս աւետարանիչներու անուններով, այսինքն Անտիոք` Մատթէոսի, Աղեքսանդրիա` Մարկոսի, Հռոմ` Ղուկասու, եւ Եփեսոս` Յովհաննէսի անունով, թէ յետոյ Եփեսոսի աթոռը Կոստանդնուպոլիս փոխադրուեցաւ, թէ Երուսաղէմ եւ Կիպրոս ալ պատրիրքութիւններ եղան, եւ թէ այդ պատճառով Հայերն ալ համարձակութիւն առեալ, Արշակ թագաւորին եւ բոլոր նախարարներուն նախաձեռնութեամբ, եօթներորդ աթոռ մըն ալ որոշեցին կազմել, եւ կացուցին ի պատրիարքութիւն տանս Թորգոմայ զմեծն Ներսէս (ՍՈՓ. Է. 9)։ Այդ որոշման իբր փաստ գործածուէր է Հայոց աթոռին առաքելական ըլլալը, ի մէջ առեալ զսուրբ առաքեալսն մեր զԲարթողիմէոս եւ զԹադէոս, որք Ասքանազեանս ազին վիճակեցան ի Տեառնէ քարոզք եւ աւետարանիչք, շեշտելով միանգամայն, թէ նշխարեալ ոսկերք նոցա կան ի միջի մերում, եւ թէ Հայոց աթոռը վերջէն ստեղծուած չէ, որովհետեւ այդ առաքեալներուն զաթոռն իսկ ընկալաւ կենդանի մարտիրոսն Գրիգորիոս (ՍՈՓ. Է. 10)։ Պատճառաբանութեան հիմը մենք ալ ընդունած ենք (§ 62), բայց ոչ իբրեւ վերջէն յետս դառնալու պատճառ, ինչպէս կ’ընէ այդ ենթադրութեան հեղինակը, այլ սկզբնական եւ իսկական եւ շարունակական ինքնագլուխ աթոռ եղած ըլլալը հաստատելու համար։ Արշակի եւ Ներսէսի ժամանակ նոր որոշում մը տրուած ըլլալը, իբր պատմական եղելութիւն մը չենք կրնար ընդունիլ, միայն անկէ կը հետեւցնենք, թէ Հայոց ազգային համոզումը եղած է՝ իրենց աթոռին Թադէոսով եւ Բարթողիմէոսով առաքելական եւ ինքնագլուխ եղած ըլլալը, զի մի այլոց ոմանց ընդ ձեռամբ անկցի, որ ինքնակալութեամբն է պատուեալ պատրիարքութիւն (ՅՈՎ. 68)։ Շատեր Կեսարիոյ ձեռնադրութիւններուն պարագայէն շփոթելով, կերպ կերպ մեկնութիւններ տալու միտքեր ունեցած եւ պատմական խառնակ եւ հակասական տեսութիւններ ստեղծած են։ Որովհետեւ վերեւ Կիպրոսի յիշատակութիւն եղաւ, աւելցնենք անցողակի, թէ Կիպրոս՝ Անտիոքայ պատրիարքութեան կողմէն, իր 14 մետրապոլտութիւններէն մին նկատուած էր, բայց Կիպրոսի մետրապոլիտները իրենց ինքնագլխութիւնը կը պնդէին Բառնաբասի աթոռը ժառանգելնուն համար։ Խնդիրը Եփեսոսի ժողովին առջեւ ելաւ, եւ 431 Օգոստոս 31-ին ժողովական որոշում տրուեցաւ ի նպաստ Կիպրոսի, միանգամայն ընդհանուր կերպով որոշուեցաւ, որ աթոռներու յարաբերութեանց մէջ հնաւանդ իրաւասութիւններ պահուին, ո՛չ ենթարկեալներ հպատակութիւն զլանան, եւ ո՛չ գլխաւորներ բռնի գրաւումներ ընեն։ Արդ, եթէ իրօք Հայերը Կեսարիոյ աթոռէն ապստամբած լինէին, մի՞թէ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսն ալ իր իրաւունքին խնդիրը մէջտեղ չէր հաներ, ինչպէս Անտիոքայ պատրիարքը կը բողոքէր Կիպրոսի դէմ։ Սակայն ժողովին մէջ ասանկ բողոք չէ եղած, որ է ըսել, թէ՝ ասանկ խնդիր ալ տեղի չէ ունեցած (ՕՐՄ. 178)։ Ընդհակառակն, նոյնիսկ օտարազգի աթոռներու կողմանէ կազմուած թեմական ցուցակներ կը գրեն, թէ Միջագետքէն անդին դէպի հիւսիս կը գտնուի Մեծ Հայք, որ ինքնագլուխ է, եւ չի հպատակիր ոչ մի պատրիարքական աթոռոյ, այլ պատուուած է Սուրբ Գրիգորի Հայոց հայրապետի յիշատակով, եւ ունի երկու հարիւր քաղաքներ եւ բերդաքաղաքներ (ՕՐՄ. 189)։ Այս վկայութիւնները, որք Հայոց աթոռին սկզբնական ինքնագլխութիւնը կը հաստատէն, կը հերքեն անոր ետքէն ձգուած բան մը ըլլալը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք