Կեսարիոյ հետ յարաբերութեանց խնդիրին վերաբերեալները ամփոփելու համար, քանի մը մանր կէտեր ալ յիշենք։ Ներսէսի կենսագիրը կ’ըսէ, թէ` վիպէ վասն այսորիկ եւ Մեծն Սոկրատ պատմագիրն, եւ թէ` սուրբ ժողովն, որ եղեւ ի Կոստանդնուպոլիս սահմանեցին, զի Երուսաղէմ, Կիպրոս եւ Հայք ինքնագլուխ ունիցին զպատիւ պատրիարքութեան (ՍՈՓ. Է. 10)։ Սակայն ոչ Սոկրատի եւ ոչ ժողովական գործերու մէջ ասանկ յիշատակութիւն տեսնուած չէ, եւ անհիմն կը լինի Հայոց աթոռոյն ինքնագլխութեան վերջին տրուած ըլլալուն կարծիքը։ Նշանակութենէ զուրկ է եւս պատրիարքական աթոռները խորհրդաւոր եօթը թիւին վերածելու ճիգը, իբր թէ` խորհուրդն զգործն կատարեալ, եօթն միանգամայն գտանէր թիւ պատրիարքութեան, որ կայ եւ մնայ պահեալ յաւիտեանս ժամանակաց (ՅՈՎ. 63), վասնզի ոչ Կիպրոս պատրիարքութիւն եղաւ, եւ ոչ եօթն թիւի պահպանութիւնը արդարացաւ։ Ծիծաղելի կը թուի նաեւ պնդելը, թէ Արշակի եւ Ներսէսի ժողովը Հայոց ինքնագլուխ պատրիարքութիւնը հաստատեց, որպէսզի եկեղեցական ինը դասակարգութիւնները լրանան, եւ ոչ կարասցեն Յոյնք մեծաբանել ի վերայ մեր (ՍՈՓ. Է. 11)։ Իսկ ինն դասակարգութիւն կը համրեն 1. պատրիարք, 2. արքեպիսկոպոս, 3. մետրապոլիտ, 4. եպիսկոպոս, 5. քահանայ, 6. սարկաւագ, 7. կէսսարկաւագ, 8. վերծանող, 9. սաղմոսերգու։ Առաջին աստիճանին կը դնեն Հայոց հայրապետը, երկրորդին Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսները, եւ երրորդին Սեբաստիայի, Մելիտինէի եւ Նփրկերտի մետրապոլիտները (ՅՈՎ. 63), առանց դիտելու, որ այս վերջինները Հայոց հայրապետութեան սահմանէն դուրս էին։ Ուրիշ տեղ մը այդ կարգին կը դրուին եւս Ծոփաց եւ Մաւսըլի մետրապոլիտները (ՍՈՓ. Է. 11), եւ յայտնի չէ, թէ որն է այս վերջին քաղաքը, որ եթէ այժմեան Մուսուլն է, բնաւ Հայոց աթոռին հետ յարաբերութիւն ունեցած չէ։ Անյարիր է եւս ոմանց ըսելը, թէ` հանապազ լեալ էր Կեսարիա ընդ Հայոց իշխանութեամբ, եւ թէ Թադէոս ձեռնադրեց Կեսարիոյ առաջին եպիսկոպոս Թէոփիլոսը` այնր աղագաւ առնուին ձեռնադրութիւն Հայք ի Կեսարիա, որովհետեւ Կեսարիա քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ Հռոմայեցւոց իշխանութեան ներքեւ էր, եւ Թէոփիլոսի ձեռնադրութիւնն ալ փաստ մը չէր կրնար ըլլալ։ Անճիշդ է եւս ըսելը, թէ Հայոց Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելը տեւեց մինչեւ ի ժողովն Քաղկեդոնի (ՍՈՓ. Զ. 31), վասնզի Ներսէսին ետքը եղող կաթողիկոսներ, Շահակ, Զաւէն, Ասպուրակէս, Սահակ եւ Յովսէփ Կեսարիա գացած չեն, որ է ըսել Քաղկեդոնի ժողովէն 80 տարի առաջ դադարած է Կեսարիայէ ձեռնադրութեան խնդիրը։ Եթէ Հայոց աթոռին նկատմամբ Դաշանց Թուղթին յօրինուածն ալ աւելցնենք (§ 76), կ’ունենանք տարօրինակ եւ անհիմն ենթադրութեանց ընդարձակ շարք մը, որ այնու իրարու կը հակասեն եւ զիրար կը ջրեն, մեզի հերքելու պարտք չեն թողուր, եւ երբ ամէնքն ալ կը ջնջուին, կը մնայ միակ բնական եւ աւանդական եւ եկեղեցական օրէնքներու համաձայն դրութիւնը, թէ Հայաստան, յունահռոմէական աշխարհէն դուրս երկիր մը, եւ ուղղակի առաքեալներէն հաստատուած եկեղեցի մը, նախնական եւ սկզբնական կերպով սեփական եւ ինքնագլուխ հայրապետութիւն ունեցաւ, եւ զայն պահեց եւ կը պահէ։
Խօսից կարգը եւ խնդրոյն կարեւորութիւնը ստիպեց մեզ քիչ մը աւելի երկարել այդ կէտին վրայ, եւ այժմ նորէն դառնանք մեր պատմութեան կարգին։
0 կարծիք