ԳՆԷԼ ԵՒ ՏԻՐԻԹ (126)

Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւներով անցան։ Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն։ Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ համաձայնութիւն կը տիրէր, թագաւորական եւ հայրապետական իշխանութիւնները իրարու կ’օժանդակէին, եւ այդ է Բուզանդին ըսելը, թէ Արշակ ի մատաղութեան հասակին ըստ աստուածային իմաստութեանն գնացեալ լինէր, եւ թէ ատեն անցնելով այդ ուղղութենէն շեղեցաւ եւ յաւագութեանն ի լիութեան՝ ի շաղաշատութիւն հատաւ (ԲԶՆ. 109)։ Այդ փոփոխութեան հետեւանքներուն առաջինը եղաւ Գնէլի արկածը, 359-ին, որով վեց տարուան ժամանակամիջոց մը եղած կ’ըլլայ Ներսէսի հայրապետութեան հանդարտ գործունէութեան տեւողութիւնը։ Տիրանի թագաւորութեան ժամանակէն Բիւզանդիոն պատանդ յղուած էին, նորա երրորդ զաւակը Տրդատ՝ Գնէլ որդւոյ հետ, եւ իր անդրանիկէն ունեցած թոռը՝ Տիրիթ (ԽՈՐ. 199)։ Երբոր Տիրան Պարսից կողմը մօտենալու կերպար սկսաւ ցուցնել, եւ կայսրը կասկածեցաւ Տիրանի հաւատարմութեան վրայ, պատանդներէն Տրդատ սպաննուեցաւ։ Խորենացին Վաղենտիանոս կայսեր անունը կու տայ (ԽՈՐ. 206), սակայն ժամանակագրութեան համեմատ պէտք է Կոստանդի վերագրել այդ սպանութիւնը, եթէ իրօք վրէժխնդրական գործ մըն էր եղածը. որովհետեւ բոլորովին մտացածին չէր ըլլար ըսել, թէ Տրդատի որեւէ արկածով կամ խօթութեամբ մեռնիլը, վրէժխնդիր սպանութիւն մեկնուեցաւ հայերուն կողմէ։ Այս դիտողութեան կը յորդորուինք տեսնելով մանաւանդ որ միւս պատանդին՝ Տիրիթի, ոչ մի վնաս եղած չէ, եւ Տրդատի որդին Գնէլ, առանձինն պատիւներու արժանացած, հիւպատոսութեան աստիճան եւ առատ ընծաներ ստացած է (ԽՈՐ. 207)։ Տիրիթ եւ Գնէլ ազատ թողուած են, երբոր Արշակ թագաւորելուն առթիւ հաշտութիւնը ամրացած էր, եւ Արշակի հարսնցուին Ողիմպիադայի հետ երկուքն ալ Հայաստան դարձած են՝ Ներսէս սենեկապետին առաջնորդութեամբ, ինչպէս արդեն ճշդեցինք (§ 117)։ Հայաստան գալերնէն ետքը, Արշակի եղբօրորդիներն ալ պատուաւոր դիրք վայելեցին, բայց Գնէլ իր զգացմամբ ու բնաւորութեամբ աւելի յաջողութիւն գտաւ, եւ իր կուրացած մեծ հօրը առանձինն խնամքն ալ վայելեց, որովհետեւ Տիրան, իր ձախող ընթացքով Տրդատի սպանութեան պատճառ եղած կը կարծէր ինքզինքը, եւ փոխարէնը անոր որդւոյն կ’ուզէր հատուցանել։ Զայն իր մօտը առած էր, եւ միասին կը բնակէին։ Արագածի վրայ Կուաշ, այժմ Կօշ աւանը, զայն հարստացուցած էր, եւ թագաւորապէս հանդէսներ կատարել տուաւ, երբոր Գնէլ ամուսնացաւ Անդովկ Սիւնիի Փառանձէմ աղջկան հետ, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով հայ օրիորդներուն մէջ գերազանց համբաւ կը վայելէր։ Գնէլ ասպետական վարժերու եւ զինուորական կրթութեանց մէջ ալ մեծ յաջողութիւն ունենալուն, շատ նախարարներ իրենց զաւակները անոր յանձնած էին՝ զինու եւ զարդու դաստիարակութիւն ստանալու համար (ԽՈՐ. 208)։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...