Ատտիկոս պատրիարքէ Սահակի ուղղուած գիրին մէջ յիշուած էին բորբորիտոնաց աղանդին հետեւողները, եւ յանձնարարուած էր, որ անոնց հետամտի, որպէսզի կամ զիջանին հաւանիլ եւ իրենց վարդապետութենէն հրաժարիլ, եւ եթէ չհաւանէին, Սահակի կ’ըսուէր՝ հալածել ի քումմէ վիճակէդ (ԽՈՐ. 255)։ Սահակ կ’երեւի, թէ բաւական ատեն չունեցաւ անոնցմով զբաղիլ Յունաց բաժնին մէջ եղած ատեն, ուստի երբոր մեկնելու եղաւ, Մեսրոպի յանձնարարեց քննել զժանտագործ Բորբորիտոնսն, եւ եթէ ոչ հեզութեամբ եւ ոչ սաստիւ գայցեն յուղղութեան, չարչարանօք հալածել (ԽՈՐ. 256)։ Այս առթիւ միայն կը յիշուին Բորբորիտոն անունով աղանդաւորները, որոնք պէտք է միեւնոյն համարել տարիներ ետքը Շահապիվանի ժողովին ԺԹ. կանոնին մէջ յիշուած Մծղնէից աղանդին հետ (ԿԱՆ. 118)։ Իսկ Մծղնեայք ալ յոյներէն Եւխետեան կամ Մեսաղեան կոչուածներն են, որոնց առաջին անունը յունարէն բառէն ծագում առած է, եւ երկրորդը նոյնանշան ասորերէն Մէձէլուն բառէն, որ մեր մէջ Մծղնեայ տառադարձուած է (ԿԱՐ. 42)։
Աղանդին ծագումը Ասորիքէն կը կարծուի, իսկ վարդապետութիւննին էր ամէն օրէնք եւ ամէն պաշտամունք աւելորդ համարիլ, եւ ամէն անկարգութիւն եւ ամբարշտութիւն եւ պղծութիւն համարձակ գործել, պարզ աղօթք մը բաւական համարելով ամէն մեղքէ սրբուելու։ Այդ աղանդաւորները իրենց վարդապետութեան մոլեռանդ բորբոքում տալով, ամէն արտաքին բռնութիւն եւ յափշտակութիւն եւ անիրաւութիւն ալ համարձակ կը գործէին, եւ հասարակ եղեռնագործի կերպարանը կ’առնէին։ Հարկաւ ասկէ յառաջ եկած է իրենց դէմ խստութիւն գործածելու որոշումը, մինչեւ իսկ՝ չարչարանօք հալածել։ Հեթանոսական ժամանակներէ մնացորդ մը կը կարծուի այդ աղանդը, քրիստոնէութեան ժամանակ անոր գոյնը առած, եւ այս պատճառաւ է, որ հեթանոսութեան մնացորդ ալ կարծուած է անոնց գոյութիւնը (43)։Դիտելով, որ այս անգամ ալ Մեսրոպ Գողթն գաւառէ կը սկսի իրեն յանձնուած քննութիւնը կատարել, բոլորովին անտեղի չէր ըլլար, եթէ առաջին անգամ ալ Մեսրոպի Գողթն գաւառի մէջ հեթանոսութեան հետքերը ջնջելու աշխատութիւնը, սոյն այս աղանդաւորներուն համար եղած ըսէինք (§ 187)։ Արդէն Խորենացին ալ սոյն Բորբորիտոններուն կամ Մծղնեայներուն երեւոյթը կ’անուանէ մնացեալ արմատ դառնութեան հեթանոսական աղանդոյն ի ժամանակի անիշխանութեան ի վեր երեւեալ (ԽՈՐ. 258)։ Մեսրոպ նախ կու գայ Գողթն, ուր իր առաջին հովանաւորին Շաբիթ իշխանին որդւոյն՝ Գիտ իշխանին օգնականութեամբ կը յաջողի բնաբարձ ընել աղանդաւորները։ Անկէ կ’անցնի Բալասական դաշտը, ուր ուրիշ խումբ մը կար ապաստանած, զբազումս յուղղութիւն ածէ, իսկ զսակաւս անդարձս մինչեւ Հոնաց իշխանութեան կողմերը կը հալածէ, եւ Մուշէ Տարոնեցի եպիսկոպոսը պտըտած կողմերուն հսկող կը թողու, եւ ինքը կ’անցնի Գարդմանայ ձորը՝ Ուտի նահանգին մէջ։ Հոն ալ կը յաջողի աղանդաւորները ի գիտութիւն ճշմարտութեան ածել՝ օգնութեամբ Խուրս իշխանի։ Ասոր վրայ Տաշիրքի Աշուշա իշխանէն ալ կը հրաւիրուի իր կողմերն ալ այցելել յաղագս նորին գործոյ, եւ այնտեղ ալ յաջողութեամբ կը պսակուին Մեսրոպի քարոզութիւնները՝ առանց պէտք ունենալու չարչարանօք հալածել եւ ընդունած հրահանգն ու իշխանութիւնը գործածել (ԽՈՐ. 258)։ Յայդմ նախադասելի կ’երեւի մեզի Խորենացւոյ վկայութիւնը, քան միւս կենսագիրին ըսածը, թէ՝ Մեսրոպ անսաստները խոշտանգելու եւ տանջելու ձեռնարկած ըլլայ, եւ խանձեալ եւ մրեալ եւ պէսպէս խայտառակեալ հեռացնելու պէտք ունեցած ըլլայ (ՍՈՓ. ԺԱ. 15)։ Մեսրոպ երկու տարիի չափ աշխատած պիտի ըլլայ թէ՛ դպրոցներու համար, եւ թէ աղանդաւորաց դէմ, այնպէս որ իր շրջագայութիւնը աւարտելով, նորէն Արարատ գաւառի կեդրոնը Սահակի մօտ դառնալը եւ Վաղարշապատ հասնիլը, հազիւ 423-ին վերջերը կրնայ տեղի ունեցած ըլլալ, երբ արդէն Արտաշէս թագաւորած էր, եւ երկրին մէջ փոքրիշատէ հանդարտութիւն սկսած էր։
Մեսրոպ Մաշտոցին այսօր հիշում են միայն որպես Հայոց գրերի «գյուտարարի», մինչդեռ պատմությունն ուշադիր կարդացողը տեսնում է, որ նա անխոնջ պայքարել է հեթանոսության և աղանդների դեմ։