ՄԵՍՐՈՊԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ (191)

Նորագիւտ տառերուն յայտնութեան վրայ Մեսրոպի յանձնուեցաւ անոր ուսումն ու ուսուցչութիւնը, թագաւորին հրամանով դպրոցներ բացուեցան, եւ Սահակի ու Մեսրոպի ձեռնասուններ նախ եւ առաջ իրենք վարժուելով, ապա դպրոցներու մէջ մատաղ տղայոց կ’ուսուցանէին, եւ հրաման կը տրուէր ամենայն ուրեք նովին կրթել Հայ աշակերտութիւնը (ԿՈՐ. 17), մէկդի թողլով այլեւս ասորի լեզուի եւ դպրութեան ուսուցումը։ Իբրեւ ամս երկու կարգեալ զվարդապետութիւն [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , , , , ,

ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ (190)

Բայց ի՞նչ էին Դանիէլեան նշանագիրերը, որք իբրեւ բարեբախտ գիւտ մը ողջունուեցան այն ատեն։ Շատ տեսակ ենթադրութիւններ եղած են շատերուն կողմէ, առանց կարենալու վերջնական հաստատուն կռուանի մը վրայ հանգչելու, քանի որ սկզբնական պատմիչներէն ոչ մէկը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ դրած։ Ոմանց համար հին Հայ տառեր էին, որք մոռացութեան մատնուած էին, ուրիշներուն համար հին փիւնիկեան տառեր էին, [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , , , ,

ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐՈՒՆ ԵՏԵՒԷՆ (189)

Մեսրոպի տուած լուրը՝ Վռամշապուհի բերած տեղեկութիւններով զօրացած, ամէնքը քաջալերեց լրջօրէն գործի ձեռնարկել, եւ որոշուեցաւ յարմարագոյն անձ մը ղրկել, որպէսզի այդ նշանագիրք հայերէն լեզուոյ, կամ այդ նշանագրութիւնք յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ, կամ թէ՝ այդ վաղնջուց գտեալ նշանագիր տառից (ԽՈՐ. 245), ինչ ալ ըլլայ, երեւան գան եւ կենսական պէտքը հոգացուի։ Վռամշապուհ այդ պաշտօնին նշանակեց զայր մի պատուական [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , ,

ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐՔ (188)

Այդ խորհուրդներով տարակուսած ու տագնապած միջոցին, Մեսրոպ կը լսէ, թէ՝ գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս (ՓԱՐ. 14), եւ լուրը ստուգելու եւ անկէ գործնականապէս օգտուելու համար, կը փութայ գալ կաթողիկոսական աթոռը, եւ իր միտքն ու լսածը կը հաղորդէ հայրապետին, զոր պատրաստական գտանէր նմին փութոյ հաւանեալ (ԿՈՐ. 16)։ Հարկաւ Սահակ ալ իր կողմէն զգացած եւ զգացուած էր նոյն [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , , ,

Կայքի սպասարկումը՝ ԱԲՍՏՐԱԿՏ