Արշակաւանը աւելի մեծ վնաս մըն ալ պատճառեց երկրին, թագաւորին եւ նախարարներուն մէջ յայտնի թշնամութեանց առիթ ստեղծելով։ Արշակաւանի վրայ գացող նախարարներ, ուղղակի թագաւորին վրայ ալ քալող կը նկատուէին, վասնզի անդ ապարանս արքունի եւս շինած էր Արշակ (ԲԶՆ. 110), որ խոյս ետ ի նոցանէ զկողմամբք Կաւկասու (ԽՈՐ. 213), մինչդեռ Շապուհ առիթէն օգտուելով օգնութիւն ղրկած էր ընդդիմադիր նախարարներուն, եւ Արշակի դէմ կռիւը, Հայոց դէմ պատերազմի փոխելով, յարձակած էր մինչեւ Դարանաղեաց Անի ամրոցը, այժմ Կամախ, եւ Արշակունի թագաւորներու ոսկորներն իսկ վերցուցած։ Նախարարներ ոսկորները ետ առին, բայց որովհետեւ հեթանոս եւ քրիստոնեայ թագաւորներուն ոսկորները խառնուած էին, արժան չդատեցին Վաղարշապատի կաթողիկէին մօտ թաղել, ուր լոկ քրիստոնեաներն էին թաղուած, այլ տարին թաղեցին Արագածի վրայ Աղցք գիւղը (ԽՈՐ. 213), որ մօտ է Կաւաշի։ Իսկ Արշակ Վրաստանի եւ բոլոր հիւսիսային գաւառներու գունդերը միաբանելով, յարձակեցաւ Արշակաւանը աւերող նախարարներուն վրայ, խնդրել զվրէժ ձեռակերտին իւրոյ, բայց ամենէն աւելի ծանրացաւ Կամսարականներուն վրայ, որովհետեւ Ներսէհ Կամսարական հրամանատար եղած էր ընդդիմադիր գունդերուն (ԽՈՐ.216)։ Անոր գերդաստանը խաբկանօք իրեն ձգելով ամբողջ կոտորել տուաւ (ԽՈՐ. 218), եւ մարմինները հրամայեց ընկենուլ անթաղ, կերակուր լինել շնաց, մինչեւ իսկ անոնց ոսկորները հաւաքող եւ թաղող սայլորդներն ալ կախաղան հանել տուաւ (ԽՈՐ. 219)։ Վրէժխնդրութեան նպատակին մէջ շարունակութիւնն ալ խառնուած էր, զի կ’ուզէր գրաւել անոնց Արտագերս բերդը եւ Երուանդաշատ քաղաքը (ԽՈՐ. 218)։ Ներսէհ Կամսարական Գազաւոն եւ Շաւարշ զաւակներովը Յունաստան կրցաւ փախչիլ, եւ միայն Սպանդարատ խնայուեցաւ, վասնզի Արշակունի կին ունէր (ԽՈՐ. 218), թէպէտ ըստ այլոց մանկիկ մը, փոքրիկ եղած կ’ըսուի (ԲԶՆ. 133), որ պէտք է հօրը հետ ազատուած տղայ մը ըլլայ։ Կամսարականներուն վրայ կատարուած անգութ կոտորածին եւ անոնց մարմիններուն անարգանքին ատեն, վրայ հասաւ Խադ եպիսկոպոս, որ չկրնալով ինքզինքը զսպել, համարձակեցաւ կշտամբել զարքայ բանիւք յանդիմանութեան, իսկ Արշակ անոր դէմ ալ բռնանալով, հրամայեց քարշել զնա եւ քարկոծել։ Սակայն ներկայ եղող Ապահունի նախարարազուն եղբայրներ՝ կորովի եւ քաջ երիտասարդներ, քարշողներու վրայ կը յարձակին եւ Խադը կ’ազատեն, որ իրենց բացակայ եղբօր աներն էր (ԽՈՐ. 220)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք