Իրաց ելքը իրաւունք տուաւ Ներսէսի, նախատեսած վտանգը կատարուեցաւ, եւ Շապուհ բոլորովին խոստման հակառակ վարուեցաւ։ Քիչ մը ատեն ինքզինք չյայտնեց, Արշակի գրել տուաւ, որ Փառանձէմ թագուհին ալ Պարսկաստան գայ. նախարարներուն գլխաւորներն ալ իրենց կիներով մէկտեղ նորէն Տիզբոն հրաւիրեց (ԽՈՐ. 222), եւ միւս կողմէն դիւթութեանց դիմեց, Արշակի ներքին մտածումները իմանալու համար։ Հայաստանէն իբրեւ բեռինս երկուս հող եւ կահոյր մի ջուր բերել տալով, մոգերուն ձեռքով կախարդական փորձեր կատարեց, եւ համոզուեցաւ թէ Արշակ խրոխտ է, եւ եթէ ազատութիւն գտնէ՝ թշնամութիւն պիտի յուզէ։ Ուստի հրամայեց զայն երկաթէ շղթայի զարնել եւ Խուժաստանի Անյուշ բերդը նետել, որ Անդմըշ ալ կը կոչուէր (ԲԶՆ. 172). իսկ լատին պատմագիրը Ագարանա կ’անուանէ, եւ միանգամայն կ’ըսէ, թէ Արշակը կուրացուցին ալ, եւ թէ շղթաները արծաթէ էին, որ մեծամեծ անձերու դատապարտութեան առթիւ, իբր պատիւ մը կամ ունայն մխիթարանք մը կը գործածուէր (ԱՄՄ. 426)։ Անյուշ բերդը վերջնական մոռացութեան տեղ էր, ուր նետուածը գրեթէ անսուաղ, կեանքը կը վերջացնէր։ Իսկ Վասակ Մամիկոնեանի հետ Շապուհ աւելի խիստ կերպով վարուեցաւ։ Անոր ըրած պատերազմները իբր անհաւատարմութեան գործեր՝ դատաստանի ենթարկեց, եւ Վասակի խրոխտ խօսքերէն աւելի զայրանալով, մորթազերծ մահուան վճիռ տուաւ, եւ մորթը յարդով լեցնելով Արշակի կսկիծը շատցնելու համար, Անյուշ բերդը ղրկեց, որ անոր ցուցնեն (ԲԶՆ. 173)։ Արշակի վերաբերեալ կէտերը լրացնելու համար աւելցնենք, թէ յայտնի չէ, թէ որչափ ատեն ապրեցաւ նա Անյուշի մէջ։ Ըստ Խորենացւոյ նա կ’ապրէր տակաւին երբոր Հայաստանի վերահաս աւերածները տեղի ունեցան, եւ թէ՝ զայս ամենայն աղէտս թշուառութեանց լուեալ յուսահատեցաւ, եւ անձնասպան եղաւ, առանց ըսելու թէ ինչպէս (ԽՈՐ. 223)։ Բուզանդ Դրաստամատ մը կը յիշէ, Անգեղատան իշխան, Արշակի հաւատարիմ, անոր հետ Պարսկաստան գացած, յետոյ Պարսից ծառայութեան մտած, եւ Քուշանաց պատերազմին մէջ Շապուհի կեանքը ազատած՝ որ իբրեւ պարգեւ՝ արտօնութիւն կը ստանայ, օր մը Արշակը ուրախացնել, շղթաներէ ազատելով, լուալով, զարդարելով, եւ խորտիկներ եւ գինիներ տանելով, եւ թէ այդ միջոցին Արշակ արբենալով, կերակուրին դանակը սիրտը մխեց ու մեռաւ, եւ Դրաստամատ ինքն ալ անձնասպան եղաւ (ԲԶՆ. 215)։ Ամմիանոս բանտարկութիւնը յիշելէն անմիջապէս ետքը կ’աւելցնէ, թէ անդէն կտտամահ մեռաւ վրիժառու երկաթով (ԱՄՄ. 426)։ Իսկ Սոզոմենոս Արշակը հաւատոյ նահատակ կը ճանչնայ, եւ ուրացութեան չհաւանելուն համար կտտամահ սպաննուած կ’ըսէ (ԿԱԼ. Ա. 44)։ Այս տարբեր պատմութիւններուն մէջէն՝ նախադասութիւն կու տանք վերջիններուն։ Մերոնք քաղաքական ճարտարութեանց ու վարչական պահանջմանց մասին գաղափար չունին, եւ անողոք են այն թագաւորներուն հետ, որ յամենայնի հայրապետներուն խօսքովը չեն շարժուած, եւ կը սիրեն անոնց գլուխը անիծակուր խօսքեր եւ երկնառաք պատուհասներ թափել։ Բայց նոյն միջոցին Պարսկաստանի մէջ տիրող հալածանքը եւ Շապուհի քրիստոնէից դէմ ատելութիւնը, պատմական ստուգութիւններ են, եւ Շապուհի կողմէ իրենց ձեռքը ինկածներուն՝ ուրացութիւնը իբր փրկութեան միջոց առաջարկելն ալ յայտնի է, ինչպէս օրինակները պիտի յիշենք։ Ըստ ամենայնի հաւանական է նոյն առաջարկին Արշակի ալ եղած ըլլալը, որուն խրոխտ ու պատուազգաց բնաւորութիւնը յայտնի կ’երեւի, ինչ ալ ըլլան քաղաքական ընթացքին մասին ըսուելիք տեսութիւնները, եւ բնական է, որ Արշակի դիմադրած մերժումը՝ Շապուհը գրգռած ըլլայ՝ Անյուշի կտտամահ կեանքին եւ կուրացուելուն եւ վրիժառու երկաթով վախճանին հրամանը տալու։ Ժամանակագրութեան կողմէն պէտք է 366-էն 368, երեք տարիներու մէջ հայապարսիկ պատերազմները, 368-ին Արշակի Պարսկաստան երթալն ու բանտարկուիլը, եւ յաջորդ 369 տարին ալ իր եղերական մահը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք