Ներսէս 25 տարեկան երիտասարդ բուռն կամքի տէր, եւ նախանձայոյզ ոգւով վառուած, հայրապետական աթոռ բարձրացածին պէս, բարեկարգութեան գործին ձեռնարկեց ոյժ առնելով այն զօրաւոր համակրութենէն, որ իրեն շուրջը կազմուած էր։ Միանգամայն իբրեւ լաւագոյն կրթութիւն ստացած, եւ կայսերական քաղաքներուն մէջ տիրող կարգադրութեանց տեղեակ մի անձ, սկսաւ նորանոր կանոնադրութիւններ կազմել, եւ անոնք աւելի ամրապէս հաստատելու համար, ուզեց ժողով արարեալ եպիսկոպոսաց եւ համօրէն աշխարհականօք (ԽՈՐ. 205) ազգային ժողով մը գումարել հաւանաբար 354-ին, Աշտիշատի մէջ, որ էր տեղի լեալ նախնեացն ժողովոց սիւնոդոսին (ԲԶՆ. 76), ինչպէս կ’ըսէ Բուզանդ։ Սակայն ասկէ առաջ ազգային ժողով մը գումարուած լինելուն բնաւ յիշատակութիւն չունինք։ Հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ Տարոնի մէջ գումարուած տարեկան աշխարհատօները առիթ կ’ընծայէին եպիսկոպոսներու եւ նախարարներու համախմբութեան, եւ պէտք եղած խորհրդակցութեամբ՝ ժամանակին պատշաճ կարգադրութիւնները հաստատելու։ Ժողովրդական գործերը կամ կանոնները չունինք, եւ ոչ ալ կանոնագիրքին մէջ այդ ժողովին յիշատակութիւնը կայ, որով հարկ կը լինի պատմական կերպով ավանդվուած բարեկարգութիւնները իբր Աշտիշատի ժողովական որոշումներ նկատել։ Ասոնք բազմաթիւ են եւ երկրին մէջ նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնները կը կազմեն։ Լուսաւորիչէն սկսելով կէս դար մը ժամանակին հայրապետները հաւատոյ շահերը նկատի առած էին, եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ամրացման եւ եկեղեցւոյ հաստատութեան նպատակին հետեւած էին։ Ներսէսով նոր շրջան մը կը սկսի բարոյական եւ կրօնական բարեկարգութեանց, նա կ’ուզէ կայսրութեան եկեղեցիներուն եւ քաղաքներուն մէջ ուսած եւ տեսած կարգադրութիւնները Հայոց մէջ ալ տարածէլ եւ զբարեկարգութիւնն, զոր ետես ի Յունաց աշխարհին, մանաւանդ ի թագաւորեալ քաղաքն, ի սմա նկարագրէ (ԽՈՐ. 205)։ Եթէ առաջին շրջանին գլուխը կանգնող Գրիգորը Լուսաւորիչ հոգւոց նկատուեցաւ՝ հաւատոյ լոյսը տարածելուն համար, Ներսէս ալ երկրորդ շրջանին գլուխը պիտի նկատուի, որ Լուսաւորիչ սրտից, բարեկարգական կանոններուն տուած անխոնջ աշխատութիւններուն համար, մինչեւ որ երրորդ շրջան մը բացուի Սահակով, որ Հայ դպրութեանց սկզբնաւորութեամբ եւ զարգացմամբ իբր Լուսաւորիչ մտաց ընդունուած է ազգիս հանրութենէն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք