Ցարդ պատմուածներէն յայտնի եղած է թէ որոնք էին Ներսէսի նախնիքը, որ մնացած էր իբր միակ շառաւիղ Լուսաւորչի տոհմին, Աթանագինէի եւ Բամբիշի զաւակ. հայրը եղերական կերպով մեռած, ինչպէս յիշեցինք (§ 113), իսկ մայրը տակաւին կենդանի կաթողիկոսութեան ընտրուած ատեն (ԲԶՆ. 69)։ Ներսէսի ծնունդը հնար չէ հօրը 18 տարեկան եղած ըլլալէն առաջ ենթադրել, որով կը հասնինք 329-ին (§ 101), եւ ինքն ալ 18 տարեկան եղած կ’ըլլայ իր մեծ հօրը Յուսիկ կաթողիկոսին նահատակութեան տարին, եւ տակաւին փոքրահասակ յաջորդութեան կոչուելու համար, իր հօրը եւ հօրեղբօրը դժկամութենէն ետքը (§ 18)։ Ներսէս ոչ միայն մանկահասակ էր այլեւ ներկայ չէր, զի ի Կեսարիա էր ի հրահանգս (ԽՈՐ. 202)։ Բայց փոքր տարիքէն ամուսնացած էր ժամանակին սովորութեան համեմատ, եւ մանաւանդ Լուսաւորչի ազգատոհմին համար յայտնուած փափաքին վրայ, ինչպէս յայտնի կ’ըսէ պատմագիրը, թէ էր ամուսնացեալ վասն ժառանգութեան աթոռոյ (ՍՈՓ. Զ. 19)։ Իր լծակիցն էր Սանդուխտ, դուստր Մամիկոնեան Վարդանի, որդւոյ Արտաւազդայ, որդւոյ Վաչէի, Վրթանէս հայրապետէ փառաւորուած նահատակին (§ 94)։ Իրենց ուսումնական կեանքը մէկտեղ կը կատարէին ծաղկահասակ ամուսինները, ինչպէս որ պատմիչն ալ կը գրէ, թէ մանուկն Ներսէս սնաւ եւ ուսաւ՝ ամուսնաւն իւրով Կեսարիոյ մեջ (ՍՈՓ. Զ. 14), եւ հարկաւ Կեսարացւոց համար գեղեցիկ եւ սրտաշարժ տեսարան մըն էր տեսնել մանկահասակ լծակիցները, որք լուրջ ուսման եւ կրթութեան կը նուիրէին այն օրերը, որք սովորաբար զուարճութեանց կը ծառայեն։ Այնտեղ ունեցան 348 Սեմտեմբեր 29-ին իրենց անդրանիկ զաւակը, զոր Սահակ անուանեցին, բայց հազիւ երեք տարի կրցան իրենց ընտանեկան երջանկութիւնը վայելել։ Սանդուխտ, չենք գիտեր ինչ հիւանդութեամբ, վախճանեցաւ Կեսարիոյ մէջ մերձաւորաբար 349-ին, եւ իր հայրը Վարդան, որ Կեսարիա կը գտնուէր, իր դեռատի աղջկան եւ փեսային խնամոց համար, չուզեց պանդխտութեան մէջ թողուլ անոր մարմինը, այլ բերաւ ու թողեց Եկեղեաց Թիլ աւանը, Լուսաւորչեան տոհմին կալուածը, ուր թաղուած էր Արիստակէս (§ 86)։ Ներսէս այրի, հազիւ քսան տարեկան, իր ուսմունքը շարունակեց Կեսարիա, ուր իրեն ընկերակիցներ պէտք եղած ըլլան, Գրիգոր Նազիանզացի, Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, որք 328, 329 եւ 330 տարիներուն ծնած ըլլալով, իրեն հասակակիցներ էին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք