Զինուց բախտը կատարելապէս Պարսից յաջող եղած պիտի չըլլայ, եւ ոչ ալ Հայոց նպաստաւոր, որ Հայ նախարարներ պատերազմէ ձեռնաթափ լինել կը խորհին, իսկ Շապուհ ալ հաշտարար միջոցները կը նախադասէ։ Ներսէս, ընդհակառակն կ’աշխատի նախարարներուն մէջ ինկած երկպառակութիւնը դարմանել, եւ Բիւզանդիական օգնութեան ակնկալութեամբ, եւ մանաւանդ քրիստոնէական կրօնի պաշտպանութեան յորդորներով՝ կը ջանայ Պարսից դէմ զինուորական դիմադրութիւնը չդադարացնել (ԲԶՆ. 166)։ Պէտք է յիշել այստեղ, թէ Ներսէսի միտքին վրայ մեծապէս կ’ազդէր այն սոսկալի հալածանքը՝ զոր Շապուհ պաշտօնապէս հրատարակած էր քրիստոնէութեան դէմ, եւ որ տարիներէ ի վեր սաստկութեամբ կը շարունակէր, եւ որ մինչեւ երկու հարիւր հազար քրիստոնէից նահատակուելուն պատճառ եղած կ’ըսուի, նոյնիսկ Պարսիկ պատմագիրի մը վկայութեամբ (ՊԵԼ. Բ. 904)։ Հարկաւ Ներսէս չէր կրնար վստահիլ Շապուհի կողմէ քրիստաւնէից խոստացուած բարեկամութեան։ Նախարարներ ընդհակառակն յուսահատ խորհուրդի դիմեցին, եւ երբ վերջին անգամ Ալանաոզան Պահլաւիկ հզօր գնդաւ յարձակեցաւ, եւ Արշակ խոյս տուեալ կը հեռանար, նախարարներ փութացին ձեռն տուեալ հաւանիլ Պարսիկին առաջարկութեանց, եւ Շապուհին երթալով հպատակութիւն յայտնել, որ խաբէութիւնը լրացնելու համար լաւ ընդունելութիւն կ’ընէր անոնց, եւ մեծարեալք ի նմանէ դառնային իրենց տեղերը։ Արշակ քաջալերուելով այդ պարագայէն, ինքն ալ Պարսիկ զօրավարին հետ բանակցութեան կը մտնէ, եւ կը հաւանի իսկ Տիզբոն երթալ եւ Շապուհի ներկայանալ (ԽՈՐ. 221)։ Երդմնազանցութեան հետ խառն ճարտար հրապոյրներ, կ’անուանէ լատին պատմագիրը, Շապուհի բռնած ընթացքը (ԱՄՄ. 426)։ Բուզանդ ալ կը յիշէ, թէ Շապուհ ետ բերել աղ եւ կնքել վարազ նկարագիր մատանեաւ, որ ըստ օրինացն Պարսից, նշան էր հաւատարիմ երդմանց թագաւորութեան։ Պարսկաստանէ դարձող նախարարներն ալ Արշակը ստիպեցին, բռնազբօսեցին, շտապեցին, մինչեւ որ Արշակ թէ կամաւ կամաւ, եւ թէ ոչ կամաւ, Վասակ Մամիկոնեան սպարապետն ալ մէկտեղ առնելով Շապուհի ներկայացաւ (ԲԶՆ. 168)։ Ներսէս իր կասկածոտ դիմադրութիւնը շարունակեց, թէպէտ իր խորհուրդը անարգուեցաւ, սակայն ինքն իր դիրքը պահեց պարագայից հսկելու համար։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք