Փառէնի մահուընէն ետքը, Շահակ Մանազկերտացի ստանձնած էր հայրապետական գործոց հոգածութիւնը իբր տեղակալ, եւ աթոռը կը մնար դատարկ, եւ ամէն կողմէ յայտնուած կամքն այն էր, որ ի մնացորդաց տանն Գրիգորի, յայնմ զաւակէն գտցեն զառաջնորդութիւն (ԲԶՆ. 68)։ Բայց այդ մնացորդներէն միմիայն Ներսէս կար մէջտեղ, արքունի սենեկապետը, կայ լաւ եւս արքունեաց հազարապետը, վասնզի պաշտօն ունէր ի վերայ ամենայն գանձուց թագաւորին (ՍՈՓ. Զ. 15)։ Այր էր սա մեծ եւ բարձր եւ ցանկալի հասակաւ, եւ վայելուչ գեղով, զարմանալի եւ ահագին, եւ նախանձելի յարութեանն ի զինուորական կրթութեանն (ԲԶՆ. 69), որով ըստ արտաքնոյ հեռու էր կրօնաւորական կոչումէն, սակայն ըստ ներքնոյն էր երկիւղած ի Տեառնէ Աստուծոյ, յոյժ աւանդապահ պատուիրանաց նորա, մարդասէր, սուրբ, զգաստ, մէկ խօսքով ամենայնիւ կատարեալ յամենայնի (ԲԶՆ. 70)։ Ամէնը անոր վրայ սեւեռած էին ակնկալութիւննին, այլ նա բացէբաց կը մերժէր այդ կոչումը, զինքն անարժան համարելով նուիրական աստիճանին, եւ իր վրայ ձախող տպաւորութիւն կազմել տալու համար, մինչեւ իսկ սկսաւ խօսել զանձնէ իւրմէ զանօրէնութիւնս եւ զբամբասանս մեղաց, սակայն անով ալ չէր օգտուէր, վասնզի ամէն լսողներ կը ծիծաղէին ստելուն համար, եւ թուլացեալ էին ի ծաղուէ (ԲԶՆ. 70)։ Նոյնիսկ եկեղեցական դասը, եւ միայնակեացներն ալ այդ գաղափարին կը ծառայէին, եւ Պարգեւ Գնունի նախարարազուն ճգնաւոր մըն ալ, այդ մասին տեսիլք ունեցած ըլլալը կը պատմէր (ՍՈՓ. Զ. 16)։ Երբոր համոզման կերպը չի յաջողիր, կէս բռնութեան ձեւին կը դիմեն։ Արշակ մեծամեծաց համախումբ ժողով մը կը գումարէր, ուր Ներսէս ալ ներկայ էր, եւ իբր առաջին սենեկապետ թագաւորին փառաւոր սուրն էր բռնած։ Անգամ մըն ալ յորդորական կը խօսի, եւ երբ լսելի չ’ըլլար, Արշակ ինքնին յոյժ ցասմամբ սուրը կ’առնէ անոր ձեռքէն, եւ կը հրամայէ որ պալատական զարդերէ մերկացնեն, եւ կղերիկոսի հանդերձ հագցնեն, գանգրագեղ մազերը կտրեն, եւ եպիսկոպոս մըն ալ բերել տալով զայն անմիջապէս սարկաւագ ձեռնադրել կու տայ։ Սրտաշարժ էր տեսարանը, ամէնքը կը փղձկէին, շատեր կ’արտասուէին ալ, այլ ներքին ուրախութիւն մը կը զգային, թէ այս կերպով նորոգեսցին պայծառ վարք աշխարհիս Հայոց (ԲԶՆ. 69)։ Ձեռնադրող եպիսկոպոսին անունը Փաւստոս ըսուած է Բուզանդէ (ԲԶՆ. 719), եւ ոմանք նոյնիսկ Փաւստոս Բուզանդացի պատմիչը կարծեցին, սակայն ուրիշ տեղ Փեստոս կոչուած (ՍՈՓ. Զ. 23), որով այդ կարծիքը հաստատութիւն չի գտներ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք