Զարմանքի արժանի է Հայոց ընդհանուր դիմադրութիւնը, եւ անհնարին աղէտներու տոկալը, հակառակ որ բաւականաչափ զօրութիւն ալ չունէին, եւ Յոյներէ սպասուած օգնութիւններն ալ չէին հասնիր. բայց տակաւին Պարսիկներու յանձնուելու ներքին հակառակութիւն կը զգային։ Այդ երեւոյթին իսկական բացատրութիւնը պէտք է տեսնել Շապուհի բռնած ընթացքին մէջ, որ լոկ քաղաքական աշխարհակալութեան նպատակով չէր գործեր, այլ Մազդեզական կրօնքի տարածումն ալ կ’ուզէր ընդարձակել, եւ քրիստոնէից դէմ յայտնապէս հալածանք էր հանած, եւ դիմադրողները կը նահատակէր (§ 141)։ Զամենայն կարգ քրիստոնէութեան ջանայր խափանել, կ’ըսէ Խորենացին։ Եպիսկոպոսները եւ քահանաները ձերբակալել տալով Պարսկաստան կ’աքսորէր, որ կրօնքի պաշտօնեաներ եւ պաշտպաններ պակսին, յունարէն գիրքերը կը ժողվէր ու կ’այրէր, յունարէն խօսիլ եւ յունարէնէ թարգմանելը կ’արգիլէր, եւ Յոյներու հետ ամէն ծանօթութիւն եւ հաղորդակցութիւն չէր ներեր. ոչ այնչափ քաղաքական պատճառով, որչափ ուզելով խափանել զքրիստոնէութեան ուսումն, որովհետեւ յունականաւն վարէին եկեղեցւոյ կարգք (ԽՈՐ. 224)։ Բուզանդ ալ կը հաստատէ, թէ՝ նեղէին զբազում մարդիկ՝ զոր ի բուռն արկանէին, թողուլ զաստուածապաշտութիւն եւ ի պաշտօն դառնալ Մազդեզեանց, եւ թէ՝ իբրեւ ոչ մի ոք յանձն առնուին ուրանալ ի քրիստոնէութենէն՝ չարամահ սպանանէին զամենեսեան (ԲԶՆ. 183)։ Ասոր հետեւանքն էր, որ զամենայն այր ի չափ հասեալ կոխան արարեալ փղաց, կը հրամայէր զամենայն զկին եւ զմանուկ հանել ընդ ցից սայլից, որով հազարք հազարաց եւ բիւրք բիւրոց ճշմարտապէս հաւատոյ նահատակներ կ’ըլլային (ԲԶՆ. 181)։ Առանձինն խստութեամբ կը նեղէր Շապուհ զկանայս ազատացն եւ նախարարացն, զորս բերդերու մէջ կը լեցնէր եւ բռնութեանց կ’ենթարկէր, որպէսզի ուրացութեան հաւանին եւ իր չար կամքին հնազանդին. մերթընդմերթ ալ մերկացնելով ճամբուն երկու կողմերը շարել կու տար, որ մէջտեղէն անցնելով հաւնածը զատէ։ Ասով նպատակ ունէր միանգամայն այդ խեղճերուն այրերն ու ծնողքները եւ եղբայրները ստիպել, որ իրենց կիներուն ազատութեան համար ստիպուին իրեն հպատակիլ (ԲԶՆ. 182)։ Իսկ երբ կը տեսնէր, որ իրեն նպատակին չէր հասներ, այդ խեղճերը պայակներու ձեռքով բերդերուն պարիսպներէն մերկանդամ կախել կու տար, մինչեւ որ մեռնին, եւ մարմինները կը թողուէին թռչուններու կերակուր, մինչեւ որ կմախքներն ալ լուծուին ու թափին (ԽՈՐ. 224)։ Այդ բաները Շապուհ միայն չէր ըներ, այլ եւ իրեններուն հրաման տուած էր, նոյնը ընել ուր որ գտնուին, եւ Մեհրուժան յատկապէս, եւ Վահան ալ, փութաջան էին Շապուհին հաճոյ լինելու։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք