Մենք պատմագիրի յատուկ շրջանին մէջ փակուելով, եւ բանասէր հովեր առնել չուզելով, չենք ուզեր մերժել առաջին Դանիէլեան նշանագիրին անբաւականութիւնը, եւ ոչ ալ հերքել Մեսրոպի շրջագայութեանց եւ վերջնական յաջողութեան պատմութիւնը։ Աստուածային տեսիլքին պատմութիւնը բնաւ դժուարութեան տեղի չի կրնար տալ, քանի որ գիտենք, թէ մեր երանաշնորհ Հայրերը առանց Աստուծոյ եւ առանց աղօթքի գործի մը ձեռնամուխ չէին ըլլար, եւ ամէն յաջողութիւն եւ անակնկալ բարեդիպութիւն ուղղակի աստուածային աջոյն անմիջական ներգործութեան կը վերագրէին։ Մեսրոպ ալ, որ շարունակ աղօթքէ չէր դադարած, ուրիշ կերպով չէր կրնար մեկնել իր վերջնական յաջողութիւնը։ Այլ թէ ինչ էր Մեսրոպի բուն յաջողութիւնը, նորէն մութ կը մնայ պատմական յիշատակներու մէջ։ Դանիէլեան նշանագիրերը, ասորական կամ սեմական աղբիւրէ բխած, առանց ձայնաւորի այբուբէն մը եղած պէտք է ըլլային, մինչ Սահակ ու Մեսրոպ յունական դպրութեանց հմուտ անձեր, հարկաւ արեւմտեան յունալատին այբուբէնի դրութեամբ ձայնաւորներով լրացեալ տառեր կը հետամտէին կազմել։ Եւ եթէ Խորենացիին պատմութեան համեմատ, երկնային աջը եօթը ձայնաւոր տառեր միայն գրած է, եղածը պարզապէս անձայնաւոր այբուբէնը ձայնաւորներով լրացնելու արդիւնքն է։ Դիտուելու արժանի կէտեր են, որ տեսիլքը պատմողներուն կարծիքով, Մեսրոպ տեսիլքէն ետքն ալ Հռոփանոսի հետ աշխատեցաւ` կերպաձեւեալ զգիրն, եւ փոխադրելով զհայերէն աթութայսն ըստ անսայթաքութեան սիւղոբայից Հելլենացւոց (ԽՈՐ. 247), եւ զամենայն ընտրութիւնս նշանագրոյն, զնրբագոյնս, զկարճն եւ զերկայնն, զառանձինն եւ զկրկնաւորն, միանգամայն յօրինեալ եւ յանկուցեալ (ԿՈՐ. 19)։ Ըստ այսմ գիրերուն լրանալէն ետքն ալ Հռոփանոսի օգնութեամբ նախ տառերուն ձեւեր կը կոկեն, յետոյ տառերը յունարէնի կարգին կը վերածեն, եւ վերջապէս առոգանութեան շեշտերը կը ճշդեն (35)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք