ՍԱՀԱԿԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ (204)

Մեսրոպ ու Վարդան ու Գնիթ կայսերական եւ պատրիարքական հրամանագիրները առած, եւ յատուկ պատիւներով փառաւորուած, Բիւզանդիոնէ դառնալով Անատոլիոսի ներկայացուցին բերած հրամանագիրնին, եւ պէտք է ըսել, թէ Անատոլիոս, որ ինք իր գլուխ բան մը ընելու վարանած էր, հրամանը ստանալէ ետքը առաւելօքն դիւրացուց Սահակի գործունէութիւնը, եւ առատացուց դրամական օգնութիւնները եւ պաշտօնական հովանաւորութիւնները։ Այս կերպով հայերէն լեզուի ուսումը շուտով տարածուեցաւ եւ զարգացաւ յունական բաժնին մէջ, աւելի յաջողութեամբ, քան պարսկական բաժնին մէջ, շնորհիւ բաղդատապէս լաւագոյն կացութեան, զոր ունէին այն գաւառները։ Սահակի այդ աշխատութեանց տեւողութիւնը ճշդելու համար պէտք է նկատի առնենք, որ Սահակ Շապուհի երկրորդ տարին մեկնեցաւ պարսկական բաժինէն։ Շապուհ շարունակեց մնալ մինչեւ իր չորրորդ տարին, եւ մեկնած ատեն հրամայեց իւրում տեղակալին զօրագլխի՝ ունել զմեծամեծս Հայոց եւ տանիլ ի Պարսս։ Հայ նախարարներ այդ որոշման դէմ ելան, եւ իրենց գունդերը ժողվելով յայտնի պատերազմ բացին Պարսից դէմ, իրենց ընդհանուր հրամանատար ընտրելով Ներսէս Ճիճրակացին, քաջ եւ բարեբախտ զօրագլուխը։ Այս անգամ ալ Ներսէս բարեբախտ գտնուեցաւ իր գործառնութեանց մէջ, եւ Պարսիկները ցրուեց եւ փախցուց, Շապուհի տեղակալ զօրագլուխն ալ սպանուեցաւ Ասպրամ Սպանդունիի ձեռքով։ Պարսկական իշխանութիւնը տկարացաւ, Հայոց կողմէն իշխանութիւն մը չկազմուեցաւ, եւ երկիրը մնաց յանիշխանութեան, իւրաքանչիւր նախարար իր մասերը կը պաշտպանէր, եւ Պարսիկներուն դէմ կը մաքառէր, եւ հետեւանքը կ’ըլլար, որ երկիրը աւերեալ ամայանար, ինչ որ Պարսից համար ալ օգտակար չէր, վասնզի պակասեալ լինէին հարկք արքունի։ Ժողովուրդին համար աշխատութիւն ու մշակութիւն անհնար կը դառնար, վասնզի երեւելի եւ երկրագործութեան ապահովութիւն չկար, եւ ամենայն բարեկարգութիւն վրդովեալ ապականէր (ԽՈՐ. 251)։ Այդ վիճակը կը տեւէր ամս երիս։ Անհնարին ժամանակին մէջ շփոթութիւնը գրաւած էր Պարսկական Հայաստանը, Վռամ ալ, որ հօրը յաջորդած էր, կը տեսնէր որ իր տէրութիւնն ալ կը վտանգուի եւ գանձն ալ կը վնասուի, կը համոզուէր, թէ՝ առանց նախարարացն Հայոց ոչ մարթի ունել զաշխարհն, ուստի ազդուագոյն անձերէն Սմբատ Բագրատունի ձեռք կ’առնէր հաշտարար կերպով գործը կարգադրելու։ Սմբատ ալ, նախարարներուն հետ խորհրդակցելով, անհրաժեշտ կը նկատէ Սահակի ներկայութիւնը, ուստի հրաւիրակ նախարարներ կը ղրկուէն յունական բաժինը, որպէսզի գայ, եւ ի մէջ նոցա անցեալ ի միաբանութիւն հաւաքեսցէ զամենեսեան (ԽՈՐ. 255)։ Կ’երեւի թէ յատուկ հայրապետական տեղակալ մը չկար պարսկական բաժնին մէջ, եւ հեռուէն ալ Սահակ ինքն էր, որ եկեղեցական գործերուն կը հսկէր։ Անհնար էր Սահակի իր օգնութիւնը զլանալ այսպիսի տագնապալից վայրկեանի մէջ, մանաւանդ որ այլեւս չկար Յազկերտ իր հալածանքներով, հեռացած էր Պարսիկ Շապուհը Հայոց թագաւորական գահէն, եւ ամէն ապահովութիւն կը տրուէր Վռամի հաշտարար եւ զիջողական դիտումներուն վրայ։ Յունական բաժինին գործերն ալ չլքանալու համար այնտեղ թողուց Մեսրոպը իբր տեղակալ՝ մաս մը աշակերտներով, Հմայեակ եւ Համազասպեան թոռներն ալ իբր քաղաքական եւ զինուորական միջնորդ, ու ինքն մէկտեղ առնելով Վարդան թոռն ու աշակերտներէն մաս մը, սահմանագլուխը անցաւ եւ Վաղարշապատ եկաւ։ Շապուհի թագաւորութեան վերջին մասը, եւ անիշխանութեան միջոցին առաջին տարիները միացնելով, 4 տարուան չափ Սահակ հեռու մնացած կ’ըլլայ պարսկական բաժինէն, եւ 417-ին դնելով մեկնումը, 421-ին կրնանք դնել նորա դառնալը։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...