Դիտելու արժանի է, որ այս ընդարձակ գրական աշխատութեան մեջէն, գրեթէ ոչինչ, կամ շատ քիչ բան կը գտնենք, որ Սահակի եւ Մեսրոպի անունով մակագրուած ըլլայ, եւ բոլոր թարգմանութիւնները անանուն կերպով հասած են մեզ, իբրեւ հինգերորդ դարու թարգմանչաց խումբին գործը։ Սակայն այս ալ բաւական է նոյն երկուքին անունը պայծառացնելու, քանի որ գիտենք, թէ երկոքին ալ՝ հոգին էին ժամանակին գրական աշխատութեանց, եւ իրենց շունչը, իրենց խրատը, եւ իրենց վերհսկողութիւնն էր, որ խումբը կ’ոգեւորէր, եւ որուն մէջ իրենք ալ անձամբ իրենց գրիչն ունէին եւ իրենց քրտինքը կը թափէին։ Սահակի անունով քանի մը մասեր կը գտնենք կանոնագիրքի մէջ, որ մեր ձեռքը եղող օրինակին մէջ 55 գլուխներու վերածուած են, եւ կը պարունակեն հետեւեալ կանոնները.
- Թէ որպէս պարտ է զկարգն հաստատուն պահել յեկեղեցիս, կանոնք 33 (ԿԱՆ. 98),
- Թէ որպէս սահմանեցաւ կարգ ուխտի, կանոնք 10 (ԿԱՆ. 102),
- Թէ որպէս պարտ է եպիսկոպոսաց ունել զընտանիս սրբոյ եկեղեցւոյ, կանոնք 5 (ԿԱՆ. 105),
- Թէ որպէս պարտ է եպիսկոպոսաց պահել զգանձս եկեղեցւոյ, կանոնք 7 (ԿԱՆ. 107), եւ վերջապէս՝
- Յաղագս սպասաւորաց սրբոյ եկեղեցւոյ եւ պտղոց ժողովրդականաց, ընդարձակ կանոն մը (ԿԱՆ. 109)։
Սակայն նոյները ուրիշ օրինակի մէջ բաժնուած են`
- Յաղագս եպիսկոպոսաց՝ 7 կանոն,
- Յաղագս քորեպիսկոպոսաց 13,
- Կարգ քահանայից 23,
- Կարգ վանաց 8,
- Վասն գանձուց եկեղեցւոյ 12,
- Յաղագս պտղոց ժողովրդականաց 8, բովանդակ 71 գլուխներ (ՍՈՓ. Բ. 71-134)։
Այս կանոնները ընդհանրապէս պաշտօնէից պարտաւորութեան եւ եկեղեցական հասութից մատակարարութեան շուրջը կը դառնան, եւ ստէպ Լուսաւորչի անունը կը յիշուի, իբր առաջին հեղինակ այդ կարգադրութեանց։ Ամէն առթի մէջ յայտնի կը տեսնուի, թէ կարգի կանոնի նախանձախնդիր հոգի մը ունեցած է Սահակ եւ ուզած է, որ ամէն բան օրէնքի ուժով կարգադրուի։ Այդ գիտնալով կրնանք իբր ստոյգ նկատել, որ կանոնագիրքին մէջ գտնուող առաքելական եւ նիկիական կանոնները, քանի մը հին ժողովներու որոշումները, եւ Թադէոսի ու Գրիգորի անունով մակագրեալ գլուխներն ալ՝ հարկաւ այդ միջոցին եւ Սահակի ջանքով հայերէնի վերածուեցան, եւ իբր եկեղեցական օրէնք հռչակուեցան։
0 կարծիք