ՊԱՊԻ ԸՆԹԱՑՔԸ (152)

Պատմական եղելութեանց շարայարութեան դառնալով, աչքի զարնելու կէտ մըն է Պապ թագաւորին ընթացքը։ Արշակի թագաւորելը 351-ին տեղի ունեցած, եւ Պապն ալ անոր թագաւորելէն ետքը ծնած լինելով, 368-ին թագաւորած, ատեն 16 տարեկանէ վեր եղած չի կրնար ըլլալ, որ անփորձ եւ անչափահաս երիտասարդութեան տարիքը եւ զգացումները կը հաստատէ։ Կրթութեան կողմանէ ալ մեծ խնամք չկրցաւ ունենալ, ոչ միայն իր մանկութեան ատեն Արշակի արքունիքին մէջ տիրող անկարգութեանց համար, այլեւ հազիւ 12 տարեկան պատանդ տարուած, եւ Նէոկեսարիոյ մէջ բիւզանդիական պալատականներու ձեռք մնացած ըլլալով, եւ ամէն պատանեկան թերութեանց ազատ ասպարէզ գտնելով։ Այսուհանդերձ բոլորովին արտասովոր պարագայից մէջ իշխանութեան անցնելով, եւ յանկարծ ահաւոր վտանգներու ներքեւ գտնուելով, պահ մը չփոթեցաւ եւ սարսափեցաւ եւ պարտաւորուեցաւ գլուխ գտնուողներուն, Ներսէս հայրապետին, Մուշեղ սպարապետին եւ Տերենտիոս ստրատելատին ձեռքին ներքեւ մնալ, անոնց ըսածին համեմատ վարուիլ եւ կանոնաւոր ընթացք ցուցնել։ Երկրին խաղաղելէն ետքն ալ դարձեալ յիշեալներուն խրատով, արդարութեան գործերու ձեռնարկեց, նախարարացն դարձոյց զզրկանս, եւ յոյժ անընչասիրաբար ցուցանէր զիւր ախորժակսն, որով կրցաւ աւելի աղէկ յուսադրութիւններ ազդել իր վրայ։ Այլ շուտով երեւան ելան երիտասարդի անսանձ կիրքերը։ Ամօթալի ախտիւ զազրագործէր, կը գրէ Խորենացի (ԽՈՐ. 228), եւ Բուզանդ ալ արուագիտութեան, իգացութեան եւ անասնամոլութեան ախտերը կը յիշէ (ԲԶՆ. 220), որք խենէշ եւ ցոփակեաց երիտասարդի մը նկարագիրը կը յայտնեն, իսկ բռնութեանց, անիրաւութեանց, սպանութեանց, եւ կեղեքմանց յիշատակութիւն չկայ մեր պատմագիրներուն մէջ։ Թէպէտ լատին պատմագիրը կը յիշէ թէ Տերենտիոս Վաղէսի գրելով, Պապը կամ Պարտն կ’ամբաստանէր իբր մեծամիտ խորհուրդներով հպարտացած, եւ հպատակներու հանդէպ անագորոյն մէկ մը, սակայն նոյնինքն կը դիտէ միանգամայն, թէ Տերենտիոս քսութիւններ հնարելու խիստ վարպետ մէկն էր (ԱՄՄ. 497)։ Պապին նորածին տղայ եղած ատեն Փառանձէմի կողմէ դեւերու ձօնուած ըլլալը, դեւերուն ալ անոր վրայ տիրապետեալք, օձերու կերպարանով զայն շրջապատելը, եւ ծոցին մէջ եւ ուսերուն վրայ օձակերպ դեւերուն վխտալը, զորս Բուզանդ կը պատմէ (ԲԶՆ. 221), այնպիսի առասպելներ են, որ նկատի առնուելու իսկ արժանի չեն։ Ամէն առթի մէջ հնար չէր որ Ներսէս անտարբեր մնար երիտասարդ թագաւորին անվայել ընթացքին հանդէպ, ուստի խրատներ եւ յորդորներ սպառելէն ետքը կշտամբեալ յանդիմանէր, եւ մինչեւ իսկ եկեղեցական միջոցներու կը ձեռնարկէր, արգիլելով անոր զսեամս եկեղեցւոյն կոխել, եւ ոչ մտանել նմա ի ներքս (ԲԶՆ. 220)։ Ասկէ յառաջ եկած պաղութիւնը հետզհետէ աճեցեւ, Պապ ընդ ակամբ հայէր, խորհելով չարիս հասցնել Ներսէսի (ԽՈՐ. 228), մինչեւ իսկ կասկած ծագեցաւ թէ ոխացեալ էր ընդ նմա, եւ խնդրէր սպանանել զնա, սակայն չէր համարձակեր, վասնզի Ներսէս ամենուն կողմէ յարգ կը վայելէր եւ սիրէին զնա առհասարակ մեծամեծք եւ փոքունք, պատուականք եւ անարգք, ազատք եւ շինականք միանգամայն, մինչեւ իսկ Պապ կը վախնար, որ իւր զօրքն սպանանէին զնա, եթէ Ներսէսի կեանքին դաւաճանէր (ԲԶՆ. 221)։

Հատկորոշիչներ՝ Ներսէս, Պապ, Տերենտիոս

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...